կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-11-01 12:44
Հասարակություն

Ծառայել է ազգին և իր ծառայությամբ իմաստավորել յուրաքանչյուրիս կյանքը. ՀՅԴ Բյուրոյի անդամի խոսքը` ՀՕՄ-ի օրվա առիթով

Ծառայել է ազգին և իր ծառայությամբ իմաստավորել յուրաքանչյուրիս կյանքը. ՀՅԴ Բյուրոյի անդամի խոսքը` ՀՕՄ-ի օրվա առիթով

Հայ օգնության միության` ՀՕՄ-ի օրվա առիթով միության բազմամյա և հայրանանվեր գործունեության մասին երախտիքի խոսք է հղել ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, դոկտոր Վիգեն Եագուպյանը, որը ներկայացնում ենք ստորև.

«Ինծի համար համեստացնող հանգամանք է ՀՕՄի Օրուան այս պանծալի առիթով ներկայանալ իբրեւ բանախօս: Այո՛, ոչ միայն այն յստակ պատճառով, որ իբրեւ այր մարդ տակաւին շա՜տ բան ունիմ սորվելիք կնոջական այս վիթխարի կազմակերպութենէն, բայց նաեւ այն հոգեվիճակին իբրեւ արդիւնք՝ ուր ձեռք բերուած արդիւնքներու քանակը եւ որակը կը ստեղծէ ինքնագիտակցութեան այնպիսի պատասխանատուութիւն, որուն նկատմամբ կարելի չէ նոյնիսկ դոյզն չափով ըլլալ անփոյթ:

Ի վերջոյ, մէկ դար եւ գրեթէ տասնամեակէ մը աւելի ժողովուրդին ծառայելու իր բացարձակ յուշագրումով, ՀՕՄը կը ներկայացնէ բարեսիրական այն կազմակերպութիւնը, որուն առաքելութիւնը անշեղօրէն բիւրեղացած է եւ որուն հոգատար ձեռքը հասած ու օրհնած է անհամար սրտեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր անկիւններուն:

Այս ո՛չ լօզունգ է, ո՛չ փքած փաղաքշանք կամ անտեղի դրուատում: Իսկապէ՛ս, անկեղծօրէն, ՀՕՄը՝ իր աշխատանքով, ինքզինք հաստատած է համազգային մեր տարածքին վրայ այնպէս, որ իր բացակայութիւնը մեր իրականութենէն հիմնովին պիտի փոխէր կառուցուածքային այն ենթահողը, որուն վրայ հանգչած է ազգային մեր հաւաքական զգացումը:

Նորէն կը կրկնեմ սիրելիներ,

Ասոնք լոկ լօզունգներ չեն, ոչ ալ արձագանգը՝ միտքեր շարահիւսելու որեւէ բանախօսի մարտահրաւէրին: Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ ուղղակի թէ անուղղակի, գիտակցութեան թէ ենթագիտակցութեան մէջ, մատչելի դարձուցած է լաւին, բարիին, շինիչին հետ առնչուելու կարելիութիւնը:

Չկան այնտեղ կոշտ անկիւններ, քաղաքական մրցակցութիւնը բնորոշող թերի երեւոյթներ կամ կործանարար քայլեր: Կայ միայն ծառայութիւն, ազնուութիւն շնորհող բարեսէր աշխատանք, մարդ արարածի պայծառ արժանիքները արտացոլող ներկայութիւն, ազգային հպարտութիւն ու արժանապատուութիւնը տածող անխոնջ գործունէութիւն:

Ահա այս է պատճառը, որ այսօր բախտաւորութիւնը ունիմ հո՛ս, այս բեմին վրայ, այս րոպէին՝ լեցուելու ամբողջովին հպարտութեամբ:

Եւ դո՛ւք էք՝ ՀՕՄի ընկերուհիներ, այդ հպարտութեան շարժառիթը: Եւ մենք միայն երախտապարտ կրնանք ըլլալ ձեր մէկ դար եւ գրեթէ մէկ տասնամեակ ծառայութեան համար, որուն օգուտը քաղողը եղած է միայն մեր ազգը:

ՀՕՄի ընկերուհիներ,

Չեմ ուզեր ձեր համեստութիւնը վիրաւորել, բայց կը խնդրեմ, որ կանգնիք ոտքի մէկ վայրկեան, որպէսզի արժանանաք մեր երախտագիտութեան ծափահարութիւններուն:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը արժէք է: Այդ իմաստով ալ իւրայատուկ է, որովհետեւ իր ազգային արժէքը խարսխուած է անցեալին մէջ՝ սակայն անշարժ չէ: Անիկա չափազանց աշխուժ է, ուժականօրէն կը բանի, եւ հետեւաբար, իր ազգային արժէքի հանգամանքը շարունակաբար կը նորոգէ, եւ այդ ալ բազմապիսի ոստումներով:

Մարդասիրական եւ բարեսիրական ծառայութիւն՝ աշխարհի որեւէ անկիւն, ուր կարիքը կը հանդիսանայ: Ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանում, բոլոր երկիրներու մէջ, ուր կայ հայ համայնք: Կրթական, ընկերային, առողջական ոլորտներու մէջ կազմակերպուած ծառայութիւն: Դաստիարակութիւն իր շարքերուն մէջ, որպէսզի անդամները դառնան շարժիչ ուժ ընկերային ծառայութեան մէջ: Ներգործօն մասնակցութիւն իւրաքանչիւր գաղութի հասարակական աշխատանքներուն մէջ: Փոխյարաբերութեան մշակում եւ գործակցութիւն միջազգային մակարդակի վրայ գործող այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ ինչպիսին են Կարմիր Խաչը եւ UNESCO-ն: Եւ բազմամակարդակ այլ գործունէութիւն:

Այս է ՀՕՄը: Ծառայութեան ընդմէջէն նուիրաբերում՝ ծաւալելով գործունէութեան այնպիսի դաշտ, որ մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ գոյութեան մէջ ունի զգալի ներկայութիւն՝ Ֆրանսայէն Լիբանան, Ամերիկայէն Աւստրալիա, եւ մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք: Այս է ՀՕՄը, որ քաղաքական առանց որեւէ գունաւորումի, իր բարեսիրական եւ ծառայողական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք ունի նաեւ իր պատկառելի տեղը աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներու մէջ:

ՀՕՄի ազդեցութիւնը եւ արժէքը աւելի մեծ են՝ քան ինչ որ իրենք՝ ՀՕՄականները կը գնահատեն: Առանց վարքագծային իմաստով այդ նպատակին տրամադրուած ըլլալու, ՀՕՄը նաեւ իր կարեւոր տեղը ունի մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ: Կրնանք միայն զմայլիլ իր նուաճած բարձունքին՝ մեր հաւաքական գոյութեան մէջ եւ ճանապարհին վրայ:

Խօսքիս սկիզբը ըսի, թէ համեստացնող հանգամանք էր ինծի ներկայ գտնուիլ այստեղ, այսօր՝ իբրեւ բանախօս: Անշուշտ մտածեցի, թէ ինչո՛ւ ես: Սեռային խտրականութիւն չունենալու խորհրդանի՞շն եմ արդեօք, թէ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները զիս կը սեպեն իրենց անմիջական կազմակերպական ընտանիքի անդամ: Թէ կան այլ պատճառներ. որոնցմէ տեղեակ չեմ ես ընդհանրապէս: Կ՛ենթադրեմ սակայն, որ տեղ մը նկատի առնուած է ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ երկար տարիներ առաջ առնչութիւնս, որուն արմատները սակայն տակաւին մեծ նշանակութիւն ունին ինծի համար:

Երեւի 20-21 տարեկան եղած ժամանակս աշխատած եմ Շրջանային վարչութեան գրասենեակին մէջ, նախ՝ իբրեւ վարիչ-քարտուղար՝ Ժան Գոսագեանին օգնական, ապա այս վերջինին «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը ստանձնելէն ետք՝ իբրեւ վարիչ-քարտուղար: Եթէ չեմ սխալիր, համալսարանի տարիներուս ընթացքին, գրեթէ մինչեւ Մագիստրոսի ուսումիս աւարտը ես աշխատեցայ իբրեւ Շրջանային վարչութեան վարիչ-քարտուղար: Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ այդ տարիներուն վրայ, որոնք իմ անձնական կեանքիս մէջ բաւական դժուար եւ ծանր տարիներ էին, տպաւորած են զիս իբրեւ անբացատրելի գուրգուրանքի, մայրական խնամքի բնազդը յիշեցնող ժամանակաշրջան: Այդ գրասենեակը ինծի համար ապաստան էր, բոլոր այն դժուարութիւններէն, զորս կը դիմագրաւէի: Եւ վերջը հասկցայ, որ արժանացած էի այդպիսի վերաբերմունքի, որովհետեւ այդ ընկերուհիները արտացոլումն էին այս մեծ կազմակերպութեան բարեսիրական եւ ծառայողական սկզբունքներուն, զորս դարձուցած էին իրենց անհատական աշխարհահայեացքը սահմանող կողմնացոյց:

Աշխատանքիս աւարտէն վերջ, երբ արդէն կը հետեւէի դոկտորական ուսումիս, տարիներ շարունակ ՀՕՄի կրթաթոշակ (կարծեմ «Լազարեան» կրթաթոշակ էր անունը), որուն շնորհիւ կրցայ աւելի հանգիստ ձեւով ամբողջացնել ուսումս:

Հետեւաբար սխալ պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ մէկ կարեւոր չափով կը պարտիմ Հայ Օգնութեան Միութեան, որ այսօր կանգնած եմ այստեղ:

Ահա այս է ՀՕՄը, եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ ա՛յս: Ծառայել ազգին եւ իր ծառայութեամբ իմաստաւորել մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը:

Հետեւաբար, ի՛ր Օրը, նաեւ մեր օ՛րն է:

Շնորհաւոր բոլորիս:

14 Հոկտեմբեր 2018»: