Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` arfd.am
Մայիս 28ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին առջեւ, սարքվեց խայտառակութիւն մը։ Պարզուած ամօթին գիտակից էին թէ անգիտակից, հայրենի պետական այրերը, միեւնոյնն է։ Կատարուածը մեր պատմութեան դէմ դաւաճանութեան համազօր էր, պատահածը մեր ազգային արժանապատուութեան դէմ նախատինք էր։
Կարելի՞ է պատկերացնել մեր պատմութենէն այս աստիճանի խորթացում։ Կարելի՞ է սպասել մեր ազգային արժէքներու այս աստիճանի խաթարում։
Մայիս 28ն մեր ժողովուրդի հաւաքական վերածնունդի սրբազան խորհրդանիշն է։ Մայիս 28ն մեր կորստեալ պետութեան վերականգնումի կրանիտեայ ապառաժն է։ Անջնջելի է այդ խորհրդանիշը։ Անխորտակելի է այդ ապառաժը։
Մեր պետական այրերը եւ միւսները այս պարզ ճշմարտութիւնը չէի՞ն գիտեր։ Եթէ չեն գիտեր, չէի՞ն կրնար սորվիլ։
Խոպան ժողովուրդ չենք։ Հտպիտ պետութիւն չենք։ Մենք այսօր հոս ենք իբրեւ իմաստուն եւ աշխատունակ ժողովուրդ՝ շնորհիւ պատմութեան անիւը շրջադարձելու մեր կամքին ու հարուածող բազուկին։ Մեր պետութիւնը այսօր կանգուն է՝ շնորհիւ ազգային տեսլականի եւ հաւաքական գաղափարի մեր անսակարկ յանձնառութեան։
Միթէ այսքանին չէի՞ն անդրադառնար մեր այրերը։
Պէտք է անդրադառնան, որովհետեւ վեց դարեր շարունակ ազատութեան ճանապարհէն դուրս մղուած եւ սեփական պետութեան հոգատարութենէն զրկուած ժողովուրդ էր հայութիւնը։ Իր բնակչութեան համրանքին գրեթէ երկու երրորդը 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեամբ նահատակուած ազգութիւն էր հայութիւնը։ Հայրենական սահմանները կորցրած հողատարածք էր Հայաստան աշխարհը։
Այդպէս էր մեր հաւաքական դժբախտ վիճակը՝ վեց երկար դարեր։
Սակայն երեք տասնամեակներ յեղափոխական խոյանքներով հայ մարդը իր կամքը պարտադրեց հայութեան դէմ արձակուած պատմութեան անողոք վճիռին։ Մայիս 28ին հայութիւնը վճռեց համախումբ ազգ դառնալ, իր սեփական պետութիւնը կերտել, իր մասնակցութիւնը բերել թէ՚ ազգային եւ թէ համամարդկային քաղաքակրթական ու տնտեսական վերելքին։ Եւ մենք յաջողեցանք, յաղթանակեցինք շնորհիւ մեր կամքին, բազուկին, գաղափարին եւ տեսլականին։
Պատմութիւնը կրկին փորձեց կասեցնել մեր ազգային առաքելութիւնը, այս անգամ եօթը տասնամեակներ։ Բայց, հետեւողականօրէն պահպանելով Մայիս 28ի մեր ժառանգութիւնը, կրկին վերադարձանք մեր հաւաքական ազատութեան, քաղաքական ու մարտական անկախութեան, եւ ազգային հարազատ պետութեան։
Եթէ չունենայինք Մայիս 28ով կերտուած անկախ պետականութիւնը, չէինք ունենար Խորհրդային Հայաստանը։ Հետեւաբար չէինք ունենար նաեւ մեր վերանկախացած հանրապետութիւնը։ Բոլոր ժամանակներուն համար մենք ունինք եւ պիտի ունենանք ՄԷԿ Հանրապետութիւն՝ Մայիս 28ով կերտուած հանրապետութիւնը։
Բայց ինչո՞ւ կը բացակայէր մեր պատմական երթի ու տեսլականի ճշմարտութիւնը հայրենի ներկայ գործիչներու կազմակերպած խայտառակութենէն, որ պատահեցաւ Մայիս 28ին՝ Հանրապետութեան Հարիւրամեակը նշող Սարդարապատեան բեմադրութեամբ։
Յայտագիրը, իր երգով ու նուագով, անյարիր էր Մայիս 28ի խորհուրդը հարազատօրէն ջամբելու հայրենի պետութեան պարտադրութեան։ Մայիսի 28ին Ռուսական «Գալինքա»ն նոյնքան խորթ է մեզի համար, որքան Ամերիկեան «Եանքի Տուտըլ Տանտի»ն կամ Ֆրանսական «Մարսէյէզ»ը։ Մայիս 28ին նոյնքան անհաղորդ են մեզի համար Կարմիր Բանակի հայրենական պատերազմի սխրանքները, որքան Ամերիկացի զօրավար Փաթընի յոխորտանքները կամ Ֆրանսական «րէզիսթանս»ի քաջագործութիւնները։
Մայիս 28ին մենք միայն ունինք մեր Ղարաքիլիսան ու Բաշ ապարանը։ Մենք ունինք մեր Արամը։ Ունինք մեր Դրոն եւ Նժդեհը։ Ունինք մեր Քաջազնունին, Խատիսեանը, Օհանջանեանը եւ Վրացեանը։
Իսկ պատգամը՞։ Մայիս 28ն ո՚չ վարդաբոյր, ոչ ալ նարնջահամ գործողութիւն էր։ Արիւն էր, քրտինք էր, զոհաբերում էր, նուիրում էր Մայիս 28ն։ Մեր Մայիս 28ն Արամի ոգին էր, Դրոյի կամքը եւ Նժդեհի յանդգնութիւնը, որոնք թումբ կանգնեցան քառապատիկ թիւով ու բազմապատիկ անգամ զրահաւորուած Թուրքերուն դէմ։
Իսկ պաշտօնական հրաւիրեալները՞։ Խորհրդարանական պետութիւն ենք։ Ո՞ւր էր Ազգային Ժողովի նախագահը։ Ո՞ւր էին վերանկախացած Հայաստանի նախկին երեք նախագահները։ Սա մեր պետութեան հարիւրամեակն է։ Պաշտօնական հարթակին վրայ պարտաւոր են ներկայ ըլլալ կառավարութիւնը՝ լրիւ կազմով, նախկին նախագահները եւ խորհրդարանի նախագահը։ Ո՞ւր էին այս բոլորը…։
Իսկ պատասխանատուները՞ այս խայտառակութեան։ Կեղծաւորութիւն է դիմել Պիղատոսեան չքմեղանքին։ Հայրենի ղեկավար այրերը չեն կրնար լուալ ձեռքերնին եւ մեղադրել ուրիշին։ Հանրապետութեան հարիւրամեակի առիթով Սարդարապատի համալիրին առջեւ սարքուած ամօթը կը պատկանի բոլորին, թէ՛ նախկինին, որ ծրագիրներու փոխանցումը կատարեց, եւ թէ նորին, որ ստանձնեց մեկնողին պարտաւորութիւնները։ Աւելին, հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը չեն մասնակցիր պաշտօնական ձեռնարկներու առանց նախապէս համամիտ եւ տեղեակ ըլլալու մանրամասնութիւններէն։
Վերջաւորութեան, հարկադրաբար եզրակացութիւն մը երեւան կու գայ։ Մեր ազգային արժէքներու խաթարման, նենգափոխման եւ խորթացման արշաւը կը շարունակուի։ Այս հեւքին մէջ արեւի լոյսի նման յստակ է թիրախը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութի՛ւնը կերտեց Մայիս 28ն եւ դարբնեց մեր հանրապետութիւնը։ Բայց Դաշնակցութիւնը երբեք չդաշնակցականացուց ոչ Մայիս 28ն, ոչ հանրապետութիւնը, ոչ անկախութիւնը, ոչ Եռագոյնը, ոչ զինանշանը, նաեւ ոչ Սարդարադատը, ոչ Բաշ Ապարանը եւ ոչ ալ Ղարաքիլիսան։
Բայց ինչո՞ւ կը վախնան Դաշնակցութենէն…։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մայիս 29, 2018
Լոս Անճելըս