կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-05-12 10:59
Աշխարհ

Հայրենիքն ազատագրվում է արյան գնով, այդպես էլ ազատագրվեց Արցախը. ՀՅԴ Լիբանանի միությունը նշել է Շուշիի ազատագրման 25-ամյակը

Աղբյուրը՝ «Ազդակ»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ` հինգշաբթի, 11 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին մասնակից լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Շնորհք Չերչեան շեփորով նուագեց «Զարթօնք»-ը, որմէ ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի ատենապետ Սագօ Պէօճեքեան: «Խոնարհիլ Աստուծոյ առջեւ` հաւատքի խորհրդանիշ է: Խոնարհիլ դրօշակին առջեւ` պատիւի խորհրդանիշ է: Խոնարհիլ հայրենիքին առջեւ` պայքարի եւ կեանքի խորհրդանիշ է», ըսաւ Պէօճեքեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան` հաստատելով, որ հայ ազատամարտիկները այս համոզումներով ելան ճամբայ` դէպի հայրենի հողի ազատագրում: Ան նկատել տուաւ, որ Շուշիի ազատագրութեան ճամբուն վրայ ինկան բազմաթիւ նահատակներ, որոնցմէ մէկն էր «Դրօշակ» մասնաճիւղի ԼԵՄ-ական ընկեր Վիգէն Զաքարեան, որ հետեւեցաւ  Սիմոն Եահնիեանի օրինակին, որ նահատակուած էր 1983-ին` Լիզպոնի մէջ: Պէօճեքեան նկատել տուաւ, որ Վիգէն Զաքարեան ընկերասէր, մարզասէր եւ բազմաթիւ ձիրքերու տէր երիտասարդ մըն էր եւ ունէր բոլոր կարելիութիւնները հանգիստ կեանք ու ապագայ մը վարելու, սակայն անտեսելով այդ բոլորը, ան նախընտրեց երթալ Արցախ եւ կռուիլ անոր ազատութեան համար, ու հասաւ իր նպատակին` նահատակուելով այդ սուրբ հողին վրայ, որուն ծարաւը յագեցուց իր արիւնով:

«Բոլոր նահատակ ազատամարտիկներուն յիշատակը պիտի մնայ անթառամ, այնքան ատեն որ մենք ալ անսակարկ նուիրումի ճամբէն քալող յանձնառու, անձնուէր եւ պահանջատէր երիտասարդներ ենք եւ կը շարունակենք պայքարիլ յանուն հայ ազգին ու դատին: Մի՛ վհատիք, սիրելի՛ նահատակներ, պիտի շարունակենք ձեր սկսած գործը` պահելու համար մեր գոյութիւնը, մնալու համար իսկական հայեր, ապրելու եւ ծնունդ տալու սերունդի մը, որ  յանձնառու պիտի ըլլայ վառ պահելու հայոց լեզուն, հայ մշակոյթը, մեր պատմութիւնն ու արդար դատը, պիտի զարգացնէ ու հզօրացնէ հայ ազգը եւ պիտի վերատիրանայ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն», եզրափակեց Սագօ Պէօճեքեան:

Այնուհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Սինթիա Սայեղի եւ Մայք Մխսեանի ձայներով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛արտացոլար արցախեան ազատամարտին ընթացքին հայութեան կերտած յաղթանակը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյատեւումը հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն, 9 մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրումը եւ ազատագրման ճամբուն վրայ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութիւնը: Տեսերիզին մէջ ներկայացուեցան նաեւ Վիգէն Զաքարեանի կենսագրական գիծերը, իսկ անոր անձին եւ գործին մասին կենդանի վկայութիւններով ելոյթ ունեցան Մարտիկ Ճիկերեան եւ Զաւէն Հաւաթեան:

Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում: