Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ «Ակօս»
Իշխանամէտ ու դրանիկ շրջանակներն ու մամուլը ՀՏՓ-ի համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշը հեղինակազրկելու կամ զինքը արատաւորելու նոր հնարք մը գտած են։ Անոնք ատեն-ատեն կը յայտարարեն, թէ Տեմիրթաշ քրտերէն չի կրնար խօսիլ։ «Քրտական կուսակցութեան նախագահի մը վայե՞լ է միթէ», հարց կու տան անոնք։
Ծանօթ կը թուի։ Անոնք, որոնք հայերէն գիտնալն ու խօսիլը առանձնայատկութիւն կամ բնական առաւելութիւն մը կը նկատեն՝ ո՛չ միայն իրենց կալուածը կը համարին հայկական անունին տակ ներկայացող ամէն ինչ, այլ երբեմն ծածուկ, երբեմն բացայայտ, սակայն միշտ խստօրէն կը քննադատեն այն անձերը, որոնք կը ձգտին ներդրում ունենալ հաւաքական կեանքէն ներս։ «Ան ալ հայերէ՞ն գիտէ», կ՚ըլլայ իրենց առաջին հակազդեցութիւնը, երբ կը լսեն, թէ այս կամ այն անձը իր կարելիութիւններուն չափով ներդրում մը բերած է հանրային կեանքին։
Իրենք՝ հայերէն չգիտցողները, յաճախ կրնան համարձակ չըլլալ Տեմիրթաշի չափ, որուն պատասխանը հետեւեալը եղած է զինք քննադատողներուն. «Այո՛, ասիկա ամօթ մըն է, սակայն ո՛չ թէ իմ, այլ՝ թրքական պետութեան ամօթը։ Անոնց վարած ձուլումի քաղաքականութեան ամօթն է։ Կ՚ուզէի ամէն ինչի մասին խօսիլ մայրենի լեզուովս՝ զազայերէնով, քրմանճիով, սորանիով եւ միւս բարբառներով։ Ասիկա թերութիւն մըն է թերեւս մեզի համար։ Սակայն այս ամօթը կը պատկանի ո՛չ թէ մեզի, այլ իրենց»։
Տեմիրթաշ արդարացիօրէն կը մատնանշէ պետութեան տասնամեակներէ ի վեր վարած ձուլումի քաղաքականութիւնը, որուն համն ու հոտը հայերը շատ աւելի վաղ սկսած են զգալ իրենց քիմքին, քան քրտերը։ Ձգենք Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանը, Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութեան առաջին տարիներուն Պոլսոյ մէջ կար հայկական 47 վարժարան, 32 պարբերական՝ աշակերտութեան ու տպաքանակի պատկառելի թիւերով։ Ձուլումի ու ճնշումի քաղաքականութիւնը դիտելու համար պէտք չունիք դիմելու այլ միջոցի մը. կրնաք պարզապէս այս թիւերը համեմատել ներկայի թիւերուն հետ ու ստանալ խօսուն պատկեր մը։
Տեմիրթաշի յայտարարութիւնը այսքան չէ։ Ան յայտնած է, որ թէեւ գիտէ զազայերէն, կը հասկնայ, մասամբ նաեւ կը խօսի քրդերէնի միւս բարբառներն ալ՝ քրմանճին ու սորանին, սակայն կը դժուարանայ երբ կ՚ուզէ քաղաքական վերլուծութիւն մը կատարել։
Մեզմէ շատերուն հայախօսութիւնն ալ այս մակարդակին վրայ չէ՞ միթէ։ Եկեղեցական արարողութիւն նկարագրելու մէջ մեր նմանը չէք գտներ ողջ սփիւռքի տարածքին։ Կաթողիկոս, պատրիարք, եպիսկոպոս եւ տեսակ տեսակ տէրտէր կամ տիրացու գովաբանելու բառապաշարը պոլսեցին լաւ գիտէ։ Լաւ գիտենք միայն իրենց դրամով արժանիքի մը տիրացած անձերուն քծնելով զանոնք շփացնելու լեզուն։ Կեղծ քաղաքավարութեան մը բառերը չե՞ն դառնար մեր լեզուին վրայ. պարոններըւն, տիկիններուն, խնդրեմներուն կը խառնուին քաւ-լիցիներու, ազնուափայլերու, վսեմաշուքերու հեղեղը։ Հանճարեղ ենք սիրոյ սեղանի մը նկարագրութիւնը ընելու պահուն, տաղանդաւոր՝ սովորական, նոյնիսկ գէշ կազմակերպուած համերգ մը, ձեռնարկ մը պատմական, աննախադէպ կամ նման գերադրական ածականներով որակելու մէջ։ Աննշան համալսարանէ մը շրջանաւարտ երիտասարդ մը միշտ փայլուն յաջողութեան մը տէր է օրինակ, մինչդեռ լուռ ենք, երբեմն նաեւ ուրացող «Քամփ Արմէն»ի դիմադրութիւնը կազմակերպած երիտասարդներուն առջեւ։ Մեր լեզուն լուն դիւրութեամբ ուղտի կը վերածէ, սակայն կը պապանձի երբ կարգը հասնի պահանջատիրութեան կամ մնացած քանի մը իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Հարիւր-հազարաւոր բառեր ունեցող մեր լեզուին բառամթերքը կ՚աղքատանայ, նոյնիսկ զերոյի կը հաւասարի յանկարծ, երբ հարկ ըլլայ ընդդիմանալ կամ դոյզն ինչ հակազդել ազգային բարերարի մը, որ համայնքային ժողովի մը մէջ հայհոյանքներ տեղացուցած է հայերէնի ուսուցիչի մը գլխին։ Մինչդեռ նոյն այդ բառապաշարէն քաղուած (գնուա՞ծ) բառերն էին որ ազգային բարերար հռչակած էին սովորական լումայափոխ-սեղանաւորը։
Տէրտէր-տիրացու, ջոջ-մենծ աղա միայն գովաբանող, քաղաքավարութեան վնասներ պարտկող հայերէն մը, որ ստեղծուած է պետական ճնշումներով, նաեւ մերազն մտաւորականներուն ու լրագրողներուն յարմարուողականութեամբ, ինչպէ՞ս դառնայ լեզուն այն անձերուն, որոնք մամլոյ ազատութեան սեղմումները կը քննադատեն, որոնք ազատութիւն կը պահանջեն բանտարկեալ լրագրողներուն ու գրողներուն համար, որոնք թրքահայ հաւաքականութեան գլխուն փորձանք դարձած ցեցերը կը քննադատեն, ուրացումի քաղաքականութեան դիմաց ճանաչում կը պահանջեն հրապարակներուն վրայ, խորհրդարանին մէջ։ Այսինքն այն լեզուն, որ ժամանակին, 1915-էն առաջ, Զարդարեանինն էր, Երուխանինը, Վարուժանինը, Քոչունեանինը նաեւ…
Մխիթարեանի օրինակը
Եւ ինչպէ՞ս զարգանայ արի լեզու մը, երբ մեր առջեւ ունինք Մխիթարեան վարժարանի վարիչներուն օրինակը։ Վերջին հանդիպման ժամանակ անոնք ինձմէ կը պահանջէին այլեւս քաղաքական բովանդակութեամբ յօդուածներ չգրել։ «Ցեղասպանութիւն» բառը, օրինակ, պէտք չէ գործածէի, որովհետեւ ատիկա իրաւաբանական ճշմարտութիւն մը ըլլալէ աւելի, քաղաքական բովանդակութիւն մը ունէր իրենց աչքին։ Կամ, կ՚ըսէին, չդաստիարակեմ աշակերտներ, որոնք կրնան նմանիլ կեդրոնականցիներուն, այսինքն տիրանալ հանրային, քաղաքացիական գիտակցութեան (սոսկումով կը յիշէին Կեդրոնականէն խումբ մը աշակերտներու ընդդիմադիր ոճով, կառավարութեան կրթական քաղաքականութիւնը քննադատող յայտարարութիւնը)։ Մխիթարեա՜նը, կ՚ըսէին անոնք, ամօթ պիտի համարի նման աշակերտներ ունենալը։
Այս խօսքերը ինծի ըսող բարոյախօսները պաշտօնական վտարումէս ամիս մը անցած ըլլալով հանդերձ, դրժելով նոտարի իսկ վաւերացմամբ հաստատուած իրենց գրաւոր խոստումը, չեն վճարած աշխատանքէ հեռացման արդար հատուցումս։ Գիտէինք արդէն որ մենծ-աղաներու քծնողներն են, հիմա սորված եղանք որ ուսուցիչի ու աշխատաւորի իրաւունքներն ալ կը կողոպտեն։