Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ «Գանձասար»-ի
Թրքական բանակը կը շարունակէ շրջանցել միջազգային օրէնքն ու Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը՝ ՏԱՀԵՇ-ին հարուածելու պատրուակով ռմբակոծելով Հալէպի հիւսիսային կարգ մը գիւղերը, որուն հետեւանքով, «ՍԱՆԱ» ի տուեալներուն համաձայն, անցնող օրերուն զոհուած են բազմաթիւ քաղաքացիներ։
Սուրիական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ նախանցեալ օր Ճարապլուսի հարաւը գտնուող սահմանային Ճըպ ալ Քուսա գիւղին մէջ թրքական օդուժին եւ հրասայլերուն շարունակուող ռմբակոծումներուն հետեւանքով արձանագրուած է 20 զոհ, 50 վիրաւոր( բոլորը խաղաղ բնակիչներ)։
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն զինեալ ահաբեկիչներ գործուղղել Սուրիա, դէպի թրքական սահմանի յարակից շրջաններ, իրենց երբեմնի գործակից ՏԱՀԵՇ-ը ռմբակոծելու պատրուակով։ Իրականութեան մէջ սակայն անոնք կը ռմբակոծեն շրջանի բնակչութիւնն ու գիւղերը։
«ՍԱՆԱ»-ին համաձայն, Թուրքիա մէկ կողմէ, իր դաշնակիցներուն հետ միասին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ կը ձեւացնէ, միւս կողմէ կը շարունակէ անտեսել միջազգային օրէնքը, դիւրացնել դէպի Սուրիա զինեալներուն հոսքը եւ զինուորական ներխուժում կատարել սուրիական հողեր՝ առանց Սուրիոյ կառավարութեան համամտութիւնը ստանալու։