կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-09-16 14:13
Հասարակություն

Ստիպված էինք փոխել մեր անունն ու կրոնը, որ չսպանվենք

Ստիպված էինք փոխել մեր անունն ու կրոնը, որ չսպանվենք

Աղբյուրը՝ armeniangenocide100

Քնար Եմէնիճեանի պատմությունը


1909 թ., Կեսարիա

106-ամյա Քնար Եմէնիճեանն ապրում է Կանադայում: Նա վերապրել է Հայոց ցեղասպանությունը: Քնարի ընտանիքի անդամները ստիպված են եղել իսլամ ընդունել՝ մահվան վերահաս վտանգից խուսափելու համար: Սակայն որոշ ժամանակ անց կարողացել են փախչել Թուրքիայից: Նա պատմել է, որ իրենց տատի որոշմամբ և կառավարության օրենքի համաձայն ստիպված են եղել թրքանալ, որպեսզի չկոտորվեն: Հայրը գնացել է ոստիկանատուն և փոխել ընտանիքի անդամների անունները:

 

«Ծնած եմ 14 փետրուար 1909-ին, Կեսարիա, մինչեւ 17,5 տարեկան ապրած եմ Կեսարիա, ապա 1,5 տարի՝ Պոլիս։



Երբ ջարդերն ու հետապնդումները սկսան Կեսարիոյ մէջ, քանի մը ամիս փախստական ապրեցանք ագարակի մը մէջ, յարդերուն եւ ագարակի աղտոտութիւններուն մէջ պահուըտած, նոյնիսկ հոն ոջլոտեցանք ու հիւանդացանք։ 

Իւրէլ ըսուած գիւղը աքսորուեցանք, ոչ շատ հեռու մեր ապրած տեղէն, որովհետեւ հայրս այդ շրջանին թրքական բանակին մէջ զինուոր էր, ինչ որ իրենց վստահութիւն կը ներշնչէր։ Մայրս այդ օրերուն եղբօրս՝ Կարապետին գլխուն լաչակ կապած էր, որ մանչ ըլլալը չգիտնային, արդէն այր մարդիկը հաւաքած տարած էին։

Թէ ի՞նչպէս մենք ազատեցանք կոտորածներէն։ Հայրս զինուորագրուած էր այդ շրջանին, բայց ոչ բանակին մէջ, որովհետեւ իբր հայ զէնք կրելու իրաւունք չուներ։ Թուրք սպայի մը քով նամակատար էր։ Իր մարմնի յաղթանդամ կազմին եւ ոտքերուն ուժին պատճառաւ կրնար վեց ժամ քալել, նամակը տանիլ եւ սպասուած պատասխանը բերել նոյն օրը։ Հայրիկս այս պատճառաւ տունէն շատ չհեռացաւ, յաճախ կու գար մայրիկիս այցելութեան։ Մենք շատ հեռու տեղեր չենք աքսորուած։

Հայրս հայ ըլլալուն այլեւս չէր կրնար գործատէր դառնալ, հետեւաբար թուրք ընկերոջ մը հետ ձմրան ապուխտի գործին ձեռնարկեց։ Իր բուն գործը տպագրութիւնն էր, լաչակներու վրայ։ Մեծ վաճառականութիւն սկսան ընել, մինչեւ Պոլիս ապուխտ կը ղրկէին։ Մայրիկս սկսաւ իրենց շատ օգնել։ Պէտք է ըսել, որ այդ թուրքը շատ ազնիւ վարուած էր մեր հետ, նոյնիսկ գործին դրամը մօրս կը վստահէին, մինչեւ որ օր մը մայրիկիս գող հանեցին…։ Սակայն այդ մարդուն մեծ դժբախտութիւն մը պատահեցաւ եւ զաւակը մեռաւ եւ խօսքը ետ քաշեց, ըսելով որ Աստուած զինք պատժեց։ 

Հայրիկս երեք չորս տարի շատ աշխատեցաւ, որ քիչ մը դրամ հաւաքէ, պատեհ առիթին գործածէ մեր փախուստին համար։

Երբ Կարապետ եղբայրս տասնեօթ տարեկան եղաւ, իրեն համար Կեսարիոյ մէջ խանութ բացաւ հայրս։ Օր մը թուրք այր եւ կին մը կ՚անցնին եղեր խանութին առջեւէն եւ Կարապետը դուրս կը դիտէ։ Թուրքը այպանած է եղբօրս, որ կնոջը խօսք նետած է, շապիկէն քաշքշելով եւ հարուածներով զինք առած ոստիկանատուն տարած է « Կնոջս խօսք նետեց կեաւուրը» ըսելով։ Հոն հայրիկիս ծանօթ մարդ մը կայ եղեր, որ եղբօրս կը ճանչնայ, անմիջապէս լուր կու տայ, որ հասիր տղադ կը ծեծուի ոստիկանատունը։ Հայրիկս կ՚երթայ ու կ՚ազատէ զինք։ Սակայն Կարապետը շատ վախցած է եւ ատկէ ետք բնաւ չուզեց Կեսարիա մնալ։ 

Զինադադարէն ետք ծնողքս կը մտածեն առաջին հերթին փախուստ տալ Թուրքիայէն, նախ եւ առաջ ընտանիքին երիտասարդները հանելով դուրս։ Անոնք ոդիսական ապրած են մինչեւ հասած են Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։

Մեր մեծ մայրիկին ցուցմունքով եւ կառավարական օրէնքով մենք ստիպուած եղած ենք  թրքանալ, որպէսզի չջարդուինք։ Հայրս գնաց ոստիկանատուն եւ ընտանիքի անդամներուն անունները փոխել տուաւ, բոլորս մէյ մէկ թրքական անունով ճանչցուեցանք։ 

 

Մայրս շատ քաջարի կին մըն էր, մեր թրքանալէն ետք, Ղազանճեան ընտանիքի վեց անդամները վեց ամիս փախստական պահեց մեր տան մէջ, որովհետեւ մեր վրայ նուազ կը կասկածէին։ Իսկ ինք մեր վիզէն եւ իր վիզէն պիտակ կախած էր մեր թրքական անուններով, որպէսզի աւելորդ հարցումներով չհարցափորձեն զինք։

Ես 6 կամ 7 տարեկանիս սկսած էի դպրոց երթալ, կը յաճախէի հայկական Արամեան վարժարան։Պատերազմէն ետք հայերը Արամեան վարժարանը, որբանոցի վերածած էին, գիւղերէն, որբանոցներէն ծնողազուրկ որբ զաւակները կը բերէին հոն։ Այն ատեն Մալխասեան Համբարձում էֆէնտին այդ որբերը հաւաքած եւ անոնց կրթութեամբ զբաղած էր։  Թուրքերը այդ տեսնելով ուսուցիչ մարդը մեռցուցին եւ դպրոցն ալ փակեցին։ Բայց այդ վարժարանի որբերը ետքը մեր տան քովի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին բերին, որովհետեւ եկեղեցին դպրոցի վերածած էին։ Գետինները բարձերու վրայ նստած բոլորս միասին դաս կը սորվէինք։ Բողոքականներուն դպրոցն ալ յաճախած եմ։ Պատուելին Ա Բ Գ կը գրէր պզտիկ գրատախտակին վրայ, բայց թուրքերէն կը խօսէր, «Հայր մեր»ը  կը սորվեցնէին, սակայն թրքերէնով կ՚աղօթէինք։ Էյ Պի Սին ալ սորվեցանք, եւ պզտիկ գերական մը տուին ձեռքերնիս։

 


Մօրաքրոջս տղուն հետ ես սկսայ ժողովարանին դպրոցը երթալ, որովհետեւ եկեղեցիին մէջ թուրքերը կօշիկ սկսան կարել տալ զինուորներուն համար, այսինքն գրաւեցին եկեղեցին, դասարաններուն ապակիները գետինները ամբողջ կոտրտեցին, իսկ եկեղեցիին մառանները, ուր ածուխ ու փայտ կը պահէին, ամբողջ կաշիի կտորներով լեցուցին։ 

Ծանօթ հայերը մեզի սկսան հայերէնի դաս տալ, բայց մէկը հայերէն չէր խօսեր, արդէն մեր ծնողները թրքախօս էին։ Ագապի մեծ մայրիկիս քրոջը աղջիկը՝ օր. Եսթէր Ատուրեան մեր ուսուցչուհին էր։ Դասարանին մէջ անդադար աղջիկներուն ձեռքերուն եւ ափերուն կը նայէր, վերջը գիտցանք, որ այդ աղջիկները բորոտ եղեր են, անոնց մատներուն միջեւ թարախոտած էր։ Օր մըն ալ օր. Եսթէրը ինծի ըսաւ, -«գնա՛ տուն մայրիկդ թող քեզ տաք պահէ, որ ջրծաղիկը դուրս ելլէ»։ Միւս օրը ամբողջ մարմինս դուրս տուաւ, ես ալ բորոտութեամբ վարակուած էի։ Ծնողքս զիս տարին բժիշկին՝ Արամեան վարժարանի խնամակալներուն, որ զիս խնամեն։ Բժիշկը լիբանանցի արաբ քրիստոնեայ մարդ մըն էր։ Գացինք տեսանք, որ այնտեղ մեծ տաշտին մէջ պատրաստած են վէրքերը այրող դեղ մը, այնքան կ՚այրէր երբ դեղը դնէին։ Մինչեւ բուժուիլս պէտք չէի երթալ դպրոց։ Երեք ամիս տունը մնացի, յետոյ ամառ եկաւ, նորէն դպրոց չգացի։ Հիւանդութիւնը ինձմէ անցաւ եղբայրներուս ու քրոջս։ Երեք տարի այս բորոտութիւնը վրայէս չգնաց։ Երկու տարի հազիւ գացինք դպրոց, յետոյ նորէն դպրոցը փակուեցաւ։

Արամեան դպրոցի աշակերտութիւնը Ֆրանսան Մարսիլիա տարաւ։ Մարսիլիոյ հայութիւնը ամբողջ հայերու որբ զաւակներով կազմուած է, անոնք գացին, իսկ դպրոցը հայերէն բոլորովին պարպուեցաւ։ Եթէ հայերը մնային նոյնիսկ հայ պիտի չըլլային։ Տէր հայր մը եկաւ Պարտիզակէն՝ Սերովբէ Պուրնայեան, վեհաշուք մարդ մըն էր, այն ատեն Քեմալին օրէնքները ելան, շատերը փախան Թուրքիայէն, որովհետեւ աքսորէն ետքը գրուեցաւ, որ հայ գաղթականներուն վերադարձը ընդունելի չէ, շատերը արդէն թրքացած էին, եթէ գործի մը պիտի ձեռնարկէիր, անպայման թուրք գործակից պիտի ունենայիր, անոր ալ բարեկամ կամ թշնամի ըլլալը չէիր գիտեր արդէն։ Տէր հայրը՝ Սերովբէ Ալթունեան մեզի կու գար։ Մեզի «սինեալ» դրին։ Եթէ թրքերէն խօսիք վաղը իբր պատիժ դրամ պիտի բերէք, ըսին։ Եթէ այդ «սինեալ»ը իրիկունը մէկուն քով մնար, անիկա յաջորդ օրը դրամը պիտի բերէր։ Կ՚աշխատէինք որ «սինեալ»ը մեր քովը չմնայ։ Այդ ձեւով մենք հայերէնը լաւ խօսիլ սորվեցանք, Տէր հայրը կ՚ուզէր, որ հայերէն խօսէինք իրարու հետ եւ մեզի համար յարմար խաղեր ստեղծեց։ Յետոյ ան գիրք մը հրատարակեց՝ «Կեսարիոյ վիճակը»՝ տարեգիրքի պէս բան մը։ Մեծ ջանք կ՚ընէի, որ հայերէն խօսիմ։ Հայրս ուսուցիչ բերաւ մեր տունը , որ մեզի լաւ հայերէն սորվեցնէր, այդ ալ մեր բախտէն, մարդը զինուոր տարին, մէյ մըն ալ չվերադարձաւ, անպայման մեռցուցին։  

Հայրս լուր ղրկեց Պոլիս, որ Հայկազը մեզի համար տուն մը գտնէ։ Լուրը եկաւ մեր ազգականներէն Թանտրճան Հայկազենցմէ, որ հրամեցէք եկէք, տունը պատրաստ է։ Երբ հասանք, մեզի ըսին որ մեր տունը ձեր տունն ալ է։ Պոլիս, Գում Գաբույի մէջ  Հայկազենք տուն մը ունէին, Պատրիարքարանին քովը, շատ մօտ, հոն եկանք ու մնացինք գրեթէ երեք ամիս։  Իրենք երեք հոգի էին, Գրիգոր անունով մանչ զաւակ մը ունէին, իսկ մենք բազմանդամ, ութը հոգի էինք։ Կարելի չէր հոն երկար մնալ։ 

Պոլսոյ մէջ Հայրս ասդին անդին շրջեցաւ, որ տուն մը գտնէ։ Ամառանոց մը գտաւ վերջի վերջոյ, որ ձմեռ ըլլալուն չէր վարձուած, գեղեցիկ տուն մը՝ պարտէզով, պտղատու ծառերով, ու մենք հաւաքուեցանք ու այդտեղ գացինք, մեզի համար ալ մեծ փոփոխութիւն եղաւ, որովհետեւ թէ շրջպատը գեղեցիկ էր եւ թէ շատ յարմարութիւններ ունէր։ 

Թանտրճեանները ըսին որ, այստեղ քաղաք է, գոնէ այս մեծ աղջիկը հոս ձգեցէք, քիչ մըն ալ կը զբաղինք իր հետ։ Իրենք աղջիկ զաւակ չունէին, իրենց աղջիկը արկածի մը հետեւանքով կորսնցուցած էին։ Իսկ ատենին մայրս այդ նոյն աղջկան կաթ տուած էր, երբ նորածին էր, նկատի առնելով որ քոյրս՝ Յասմիկն ալ նոր ծնած էր։ Իբրեւ երախտապարտութիւն իրենք ալ մեզի շատ օգնեցին մեր դժուար տարիներուն։ Ես հոն մնացի քիչ մը եւս։ Այնտեղ հաճելի էր,  իրենց ազգականները եւ ծանօթները միշտ կ՚այցելէին, հայրս ալ անոնց ծանօթ էր քաղաքէն, շաբաթը մէյ մը կուգար զիս կը տեսնար, ես ալ երբեմն ամառանոց հօրս հետ թրամվէյով կ՚երթայի ։ Ամառ եկաւ, սկսան ամառանոցներուն սենեակները վարձել զբօսաշրջիկներուն, ուրեմն տանտէրը հասկցուց հօրս որ կարելի չէ այդքան շատ սենեակներ գրաւել, ուրեմն պէտք էինք մէկ սենեակի մէջ բոլորս ամփոփուիլ։ Սակայն առջեւը վերանտա ունէինք, նաեւ խոհանոց, բաղնիք, շատ նեղը չէինք, դիմացանք մինչեւ մեր մեկնումը։ 

Կը սպասէինք, Եգիպտոսէն լուրի, որ արդեօ՞ք մեզ պիտի ընդունէին։ Ուրեմն ընդունուած էին միայն Պոհճէլեանները, մանչ զաւակ ունենալուն պատճառաւ, իսկ մեզի հետ եղողներէն՝ մօրաքոյրս, մեծ մայրս տարբեր մականուններ ունենալուն պատճառաւ չէին ընդունուած, ստիպուեցանք զիրենք պոլսոյ մեր ազգականներուն ու ծանօթներուն քով տեղաւորել։ Պոլիս, Նազելի մօրաքոյրին եղբայրը կար՝ Տիգրան անունով, ուզեց որ քոյրը իր մօտ երթայ, ուրեմն մօրաքոյրը հոն ղրկեցինք։ Տակաւին մեծ մայրիկ մը ունէինք մեզի հետ, մօրս մայրը՝ Աւագեան մականունով, ան ալ ստիպուեցանք հոն ազգականի մը խնամքին յանձնել։ Մեծ մայրիկս շատ նեղուեցաւ, եւ ըսաւ՝ «Երանի թէ ես Կեսարիա մնացած ըլլայի»։ Հայրս երկու սուրի մէջտեղ մնաց, վերջը որոշեցին, որ Սամաթիա Գարթալեան անունով ընտանիք մը կար (Բարսեղին հօրեղբայրը), որ մեզի շատ ծանօթ էին,  ուզեցին, որ մեծ մայրիկը իրենց մօտ երթայ, «Վերժինը ինծի կը հոգայ եթէ բանի մը կարիք ունենամ» ըսաւ մեծ մայրիկս , իսկ ծախսերը հայրիկս պիտի հոգար ։  Ուրեմն անոնց մօտ սենեակ մը վարձեցինք, տունը քիչ մը կահաւորեցինք, մեծ մայրիկը հոն տեղաւորեցինք։  Մկրտիչն ալ՝ Նազէն մօրաքրոջ տղան Լիբանան ղրկեցինք։ Այդ մեծ մայրիկը եղած էր պատճառը, որ մենք փրկուինք՝ «խելքերնիս գործածենք, մեր անունները փոխելով թուրքերը չեն կրնար մեր ինքնութիւնն ու արիւնը փոխել» խրատած էր ծնողքիս։ Իրեն կը պարտինք մեր ընտանիքին գոյատեւումը։ 

Օրը հասաւ մեր ճամբորդութեան, Պոլիսէն նաւը առինք եկանք Յունաստան Փիրէա։ Մէկ օր նաւը հոն գիշերեց, հոն քնացանք, հետեւեալ օրը ճամբայ ելաւ, եւ չորս օրէն հասանք Աղեքսանդրիա՝ օգոստոս 1928-ին։ Չորս սենեակնոց տուն մը վարձած էին մեզի համար եղբայրս ու հօրեղբայրս, եւ տան մէջ արդէն մօրեղբօրս մէկ սենեակ տուէր էին։  Չափազանց յոգնած հասանք Աղեքսանդրիա։ Տունը շատ հանգստաւէտ էր։ Նոր երկիր մըն էր եւ սակայն մեծ հարց մը ունէինք. այս երկրին լեզուն՝ արաբերէն չէինք գիտեր։ Առաջին պահէն հայրս սկսաւ գործի մասին մտածել, թարգման մը գտաւ եւ խանութ մը բացաւ նպարեղէնի, եւ թարգմանին հետ աշխատեցաւ, մինչեւ որ արաբերէնը քիչ թէ շատ սորվեցաւ. ես ալ ուզեցի աշխատիլ, եւ սկսայ  դրացիներուն կարերը կարել։ 19 տարեկան էի։

Մեր Եգիպտոս հաստատուելէն ետք միայն մենք հայախօս դարձանք։ Հօրաքրոջս ամուսինը՝ մտաւորական ընկ.Գաբրիէլ Թագւորեանը եւ ուրիշ հայախօս ազգականներ օգնեցին,  որ մենք հայերէն աւելի լաւ խօսինք, կարդանք ու գրենք։

Աղեքսանդրիոյ մէջ 1942-ին ամուսնացայ Յովհաննէս Եմէնիճեանին հետ, ունեցանք երկու զաւակներ՝ Յովսէփ եւ Նուպար։  1972-ին, քառասունչորս տարի Եգիպտոս ապրելէ ետք, ամուսինիս հետ փոխադրուեցանք Մոնթրէալ, մեր նախապէս այստեղ հաստատուած զաւակներուն վերամիանալու համար»։

 

Արձանագրած եւ գրի առած եմ ըստ Քնար մօրաքրոջս ինծի պատմածներուն։

ՆԱԶԻԿ ԱՐԹԻՆԵԱՆ