կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-04-27 15:39
Հասարակություն

Դասալիք չկրնար համարիւլ զինւոր չեղողը

Դասալիք չկրնար համարիւլ զինւոր չեղողը

Աղբյուրը՝ armeniangenocide100

 

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Բոստոն, 1915, թիւ 49, ապրիլ 26

 

ՎՌԱՄԵԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ ՏՐՒԱԾ ՎԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐԻՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԹԱՀՍԻՆ ՊԷՅԻՆ

 

ՈՐ ԿՀԱՄԱՐՒԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԻԼԱՅԵԹՆԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ

 

«Հայերու դասալքումը բանակէն ի սկզբան երեք պատճառ ունէր- ա) 23 տարեկանէն վեր եղողներու անմարզ լինելը, բ) անոնց անվարժութիւնը այն ծանր զրկանքներուն, որոնց ենթակայ եղաւ մեր բանակը պատերազմին յանկարծակի հռչակման հետևանքով, գ) հայ զինւորներուն կրօնական պէտքերուն արհամարանքը բանակին մէջ: Դասալքությունը շատ սահմանափակ էր ի սկզբան ու անհնար չէր այդ աննշան տոկոսն անհետացնել, եթէ անոր առիթ տւող վերի պատճառները լրջորեն նկատի առնուեին: Ասոր հակառակը, դժբխտաբար աղետավոր անվստահութիւն մը կառավարութեան կողմէն հայերու նկատմամբ` իր անմիջական կարգ մը հետևանքներուվ, նորանոր և ծանրագոյն պատճառներ ստեղծեց դասալքումին ընդհանուր բնոյթ մը տալու համար: Այդ նոր պատճառներն են ա) հայ զինւորներու և ժանտարմներու զինաթափումը, որ քաղաքական անվստահութեան հեղձուցիչ մթնոլորտ մը ստեղծեց անմիջապէս հայութեան շուրջ և նպաստեց լարելու միջցեղային յարաբերիւնները հայուն եւ իսլամին միջեւ, բ) զինաթափ եղած այդ հայերը գտնւելով զինւած իսլամներու հսկողութեան տակ կամ անոնք հարկադրւած ըլլալով անզէն շրջելու և աշխատելու արդէն գրգռւած ու սպառազէն իսլամներու մէջ, անոնց կեանքը վտանգի ենթարկւեցավ, հասարակութեան մէջ յամառորէն կշրջին շշուկներ հարիւրաւոր գնդակահար, ջրախեղդ կամ դաշունահար եղած և անհետ կորած հայ զինւորներու մասին մասնաւորապէս Կարնոյ ռազմադաշտին մէջ կամ քովերը: Բոլոր իսլամներու յատկապէս քիւրտերու անխտիր զինումը (16-60 տարեկան) միլիսի պատրվակին տակ: Անոնց յանձնւեցաւ ոստիկանութեան և ժանտամըրիի պաշտոններ, որ հայութեան հանդէպ տիրապետող ու զսպիչ ուժի մը հանգամանքը տւին անոնց: գ) Միլիսներու շահատակութիւնները հայ գիւղերու մէջայսպէս` Ալիւը, Խուռենց, Ամէկ գիւղերու դէպքերը Թէմրանի միլիսներու կողմէն: Բաղէշի միլիսներու և Չէրքէզ աղայի ջոկատին բռնութիւններն ու աւերը Կարճկանի Բեղու, Նանեկանց, Ընձակ, Եղեգիս գիւղերու մէջ: Վանի մերձակայ Մղկներ գիւղին մէջ անլուր ու վայրագ բռնութիւնները (21 կին ու աղջիկ սպանւած) Բշարէ Չաթոյի ազգական Էսմէր աղայի միլիսսներու ձեռքով: Բշարէ Չաթոյի խմբին կատարած աւերածը` Մանազկերտի հայ գիւղերուն մէջ ու վերջերս ալ Պասկաստան անցնելու ատեն Վանի նահանգին հիւս-արևելեան շրջանի հայ գիւղերուն մէջ կատարած շահատակութիւնները եւ յափշտակութիւնները: Իսլամ չէթաներու բռնութիւնները` Կարնոյ նահանգի հայ գիւղերում մէջ. քիւրտ կամաւորներու կատարած թալանը` Մշո դաշտին մէջ, որուն շարունակումը վերջ գը տաւ Մոսուլի գերման հիւպատոսին դիտողութեան վրա միայն: Տիգրանակերտի քանի մը հայ գիւղերու ամբողջովին կողոպտումը քիւրտերու ձեռքով և այլն, դ) Ծանօթ քիւրտ ոճրագործներու և ավազակներու զինումը և անոնց մնալը իրենց գիւղերու կամ հայաբնակ շրջաններու մէջ. Այսպէս` Մեհմետ Էմին, Մուսա և Գասըմ բէկերըրն, ևն, ևն, ե) Զինաթափ եղած հայ զինուորները այլևայլ պատրւակներով կհեռացւին իրենց բնագաւառէն դէպի անծանօթ անմարդաբնակ վայրերը: զ) Համիտիէները կմնան հայաբնակ գաւառներու մէջ. անոնց կատարած աւերն ու կողոպուտը. այսպէս` Ախոռիկ, Հասանթամրան, Բօղազ-Քէսէն, Հազարէն, Մանտան (Վանի վիլայեթ) ու Սատըմ պէյի մարդոց ձեռքովէ պզտիկ գիւղի (Թիմոր) կողոպտումը: է) Վերջապէս Բաշկալէի եւ շրջակայ հայ գիւղերու ինչպէս նաև Սարայի, Ախոռիկ, Հասան-Թամրան և Հազարէնի ջարդերը, որոնք իրականութիւններ են հակառակ պաշտոնական ամեն հերքումներու: Վերջին եւթը պատճառները յառաջ կմղեն գերազանցապէս կարևոր խնդիրներ մը, այն է պատուի, ինչքի և կեանքի ապահովութիւնը ցեղի մը` որու հանդէպ անվստահութիւն մը սկսուած է պաշտոնապէս, աստիճան մը ևս ծանրացնելով անոր արդէն իսկ փափուկ կացութիւնը իր դրացի քիւրտ տարրերու հանդէպ: Կեանքի, պատուի ու ինչքի ապահովութեան խնդիրը որէ նկատումէ վեր և գերազանցապէս նւիրական իրաւունք մըն է. ուստի բանականութեան, խղճի և առողջ քաղաքականութեան հակառակ գործած պիտի ըլլայ կառաւարութիւնը ստիպելով հայը մտնել ծառայութեան մը մէջ, որ վտանգ կսպառնայ ոչ միայն իր այլ և իր ընտանիքին ապահովութեան առանց որէ օգուտ մը տալու ընհանուր հայրենիքին: Ուստի պէտք է դադարիլ այլևս դասալիք բառը գործածելէ հայուն հանդէպ քանի որ զէնք չունի ան իր ձեռքը, ինչ որ էական հանգամանքն է զինւորին: Դասալիք չկրնար համարիւլ զինւոր չեղողը: Ստորագրուած` Վանի երեսփոխան Վառամեան

 

* * *

 

Դասալքումի խնդրին լուծումէն զատ և անկէ առաջ Վռամեան պահանջած է նաև. ա) գիւղական պահակներու հաստատում հայ գիւղերու մէջ. բ) Միլիսներու զինաթափումանոնք զէնք ստանալու են պատերազմի երթալու ատեն միայն: գ) Միլիսն ու համիտիէները գիշերելու չեն հայ գիւղերը. դ) միլիսները որէ ժանտարմը իրական կամ ոստիկանական պաշտոն ստանձնելու չեն. ե) Հայ ժանտարմները զինւին գէթ 50 առ 150:

 

Ինչպէս կտեսնուի յիշատակարգի բովանդակութիւնէն Հայստանի մէջ թալաններ, պատւի բռնաբարումներ տեղի են ունեցած բաւական լայն չափով. միմիայն Պաշ Գալէի 110 տուն հայութենէն համարեա թէ այր մարդ չէ մնացած, մնացած են երեխաներ ու կիներ, որոնց մասին կպատմէն թէ մեկ մասը իսլամացած` իսկ միւս մասը առևանգուած է: Սարայի և Արճակի շրջանի 5-6 հայ գիւղերէն սպանուած է մօտ 600 այր մարդ: Այս վերջին սպանութիւնները կատարւեր են քիւրտ ցեղապետներու ձեռքով, ռուսներու նահանջելէն յետոյ իրենց դաւաճանութիւնը ծածկելու և կառավարութեան առաջ հաւատարիմ նկատուելու համար: Ջարդին գիտակ ու մասնակից է նաև Կաւաշի գայմագամը: Մուշէն ու Կարինէն մեր առած տեղեկութիւնները ցոյց կուտան որ նշանաւոր հայերու կեանքը վտանգի տակ է կառավարութեան և իթթիհատի ներկայացուցիչին կողմէն և արդարև Ալօեանի, Տէր Արիստակեսի, Օտապաշեանի վարդապետի սպանութիւններէն յետոյ յունվ. 29-ին Կարնոյ մէջ զարկած են Գարեգին Փաստմճեանի հորեղբայր Սեդրակ էֆենդիին: Սպանողներն են երկու հոգի զինւած` ատրճանակով ու դաշոյներով և հագնւած զինւորի զգեստ: Չնայած տեսնողներու ցուցմունքին կառավարութիւնը ձերբակալութիւններ է կատարել բանկի հայ պաշտոնեաներու մէջ: Կարնոյ դաշտին մէջ կատարւած բռնութիւններու և սպանութիւններու պատճառով Թահսին պէյը ձևականորեն բանտարկել կուտայ մի քանի անձեր ու քանի մը օրեն կարձակէ ըսելով թէ չարագործները անյայտ մարդիկ են: Այս բոլորէն կերևայ որ հայ ազգութեան գոյոթիւնը ենթարկւած է ամենամեծ վտանգի, այս պատերազմի ընթացքին, եթէ չեզոք պետութիւնները և նոյնիսկ կռւող կողմերը իրենց ազդու ձայնը չբարձացնեն ու չզգուշացնեն թուրք կառավարութիւնը գալիք ոճիրներէ:

 

Խմբ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»