կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-03-12 15:10
Հասարակություն

Թուրքերն Արշալույսի 6 քույրերին մորթել են իրենց մոր ձեռքերի մեջ

Թուրքերն Արշալույսի 6 քույրերին մորթել են իրենց մոր ձեռքերի մեջ

Աղբյուրը՝ armeniangenocide100

 

Արշալույսի պատմությունը

1911 թ., Այնթապ


Եղիսաբեթ Բարսեղյանը ներկայացնում է իր մոր՝ Արշալույսի հուշերը: Նա ծնվել է 1911-ին Այնթապում և եղել է 7 քույրերից կրտսերը: Մի օր Արշալույսի հայրը՝ Սեդրակը, տուն է եկել և մոր հետ սկսել են պատրաստվել աքսորին: Արդեն հաջորդ օրը ընտանիքը միացել է վտարանդիների քարավանին և քայլել դեպի հարավ: Թուրքերը բոլոր քույրերին մորթել են հենց մոր ձեռքերում: Միայն Արշալույսն է փրկվել

:

Արշալոյս ծնած է Այնթապ, 1911-ին: Ան եղած է եօթը քոյրերուն կրտսերը:

 

Արշալոյս կը պատմէ, թէ 1915 թուականին մէջ օր մը հայրը՝ Սեդրակ տուն կու գայ եւ մօրը՝ Աննայի հետ պատրաստութիւն կը տեսնէ աքսորի ճամբան բռնելու: Արդէն յաջորդ օրը ընտանիքը կարաւանին հետ դէպի հարաւ կ՚ընթանայ: Արշալոյսի հոգ կը տանի անոր դայեակը: Բռնագաղթեալները հլու եւ հնազանդ կը քալենդէպի ստոյգ մահ: կ՚անցնին անտառներէ, գիւղերէ, դաշտերէ եւ ի վերջոյ կը հասնին հայոց գլխաւոր եղեռնավայրը՝ Տէր Զօր: Հոս արաբները աղջիկներ եւ հարսեր կ՚առեւանգեն: Արաբ մը քաշքշելով կը տանի Արշալոյսի մեծ քոյրը: Սեդրակ դրամ վճարելով կը փրկագնէ իր դուստրը առեւանգողէն: Արշալոյսի քոյրերէն Լուսնթագր կը մահանայ:

 

Աւելի ահաւոր պահերն առջեւն էին: Թուրքերը Աննայի մնացեալ դուստրերը, բացի Արշալոյսէն, կը մորթեն իրենց մօր գիրկին մէջ:

 

Արշալոյս իր հօր, մօր եւ դայեակին հետ ողջ կը մնայ Տէր Զօրի գեհէնին մէջ: Օր մը Սեդրակ ճամբայ կ՚ելլէ Այնթապ ուղղուելու եւ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար: Դայեակը կը կորսուի: Մայր ու աղջիկ առանձին կը մնան: Աննա կը փորձէ ինք  զինք յանձնել Եփրատի ջուրերուն, սակայն փոքրիկն Արշալոյս լաց ու կոծ կը փրցնէ՝ գրաւելով զինուորականի մը ուշադրութիւնը: Վերջինս Աննան ու Արշալոյսը կը տանի իրեն հետ, որպէսզի անոնք իրեն համար սաճի հաց թխեն: Զինուորականը զանոնք կը տանի մեծ տան մը բակը, ուր մօտ 50  երիտասարդներ ու կանայք կ՚աշխատէին: Կիները հաց կը թխէին ու ճաշեր կը պատրաստէին, իսկ տղամարդիկ զանոնք ջուրով կը մատակարարէին: Այս բոլոր խնճոյքը հայերը մորթողներուն, հայ կոյսերը առեւանգողներուն եւ բռնաբարողներուն եւ հայ տարագիրները անապատներուն մէջ անօթի ու ծարաւ ձգողներուն համար կ՚ըլլային: Աննան ու Արշալոյսը գիշերը կը մնան այս կանանց հետ: Յաջորդ օրը Աննա գործի կը լծուի եւ կանանց հետ հաց կը թխէ, իսկ Արշալոյսը կը խաղայ երեխաներուն հետ: Արշալոյսը կը տեսնէ հայ գաղթականները եւ անոնց փոքրիկները, որոնք կեղտերուն մէջ էն գարիի հատիկներ փնտռելով եւ գտնելով, զանոնք կը լափէին ագահաբար:

 

Օրերը այսպէս կ՚անցնին: Արշալոյսը Եփրատի ափերուն կը ծանօթանայ Սառա անունով արաբ կնոջ մը ու անոր աղջնակին: Վտանգի պահերուն, Սառան Աննան ու Արշալոյսը իր վրանին մէջ կը պատսպարէր: Թուրք զինուորները շարունակ կը շրջէին եւ հայ երեխաները հաւաքելով՝ զանոնք գետը կը նետէինՕր մըն ալ, 5-12 տարեկան հայ մանուկներ գոմի մը մէջ կը լեցնեն եւ վրան նաւթ թափելով՝ բոլորը կ՚այրեն: Քանի՜ մայրեր այս տեսարանէն խելագարած, իրենք զիրենք գետը կը նետեն: Թուրքերը զանազան քաղաքներու հայերը հերթով կը հաւաքէին ու զանոնք խաբելով, թէ իրենց ծննդավայրը պիտի վերադարձնեն, Տէր Զօրէն դուրս հանելով զանոնք, կը մորթէին եւ անոնց գանկերով բլուրներ կը կազմէին:

 

Արշալոյս երեք անգամ կ՚ազատի անխուսափելի մահէն: Ասքեարները զայն Եփրատի մէջ կը նետեն, եւ ամէն անգամ ազնիւ արաբուհի Սառան զայն կ՚ազատէ:

 

Աննա Արշալոյսին հետ միասին կ՚երթայ մօտակայ գիւղ մը՝ գիւղապետին քով խոհարար աշխատելու:

 

Գիւղապետն ունէր երեք հայազգի հարսեր, որոնք իրենց ազգութիւնն ու կրօնքը ուրացած էին: Այս փաստը պատճառ կը դառնայ, որ Աննա փորձէ փախուստ տալ, բայց ան կը բռնուիու Արշալոյսի հետ միասին բանտ կը դրուի: Գիւղապետը շատ զայրացած էր այս արարքէն: Այդուհանդերձ, քանի մը օր ետք ան մայրն ու աղջիկը արգելարանէն արձակելով, կրկին իր քովը կ՚աշխատցընէ  Աննան: Արշալոյս ամէն օր աթար հաւաքելու կ՚երթար՝ տան մէջ իբր վառելիք գործածուելու համար: Օր մըն ալ, օտար մարդիկ Արշալոյսը կ՚առեւանգեն եւ Տէր Զօրի քաղաքապետին տունը կը տանին: Վերջինս բարի արաբ մը ըլլալով, լաւ հոգ կը տանի Արշալոյսին:

 

 

Երեք տարի իր դուստրն անընդհատ փնտռելէ յետոյ, Աննա վերջապէս կը գտնէ զայն: Քաղաքապետը Աննան Արշալոյսի օգնական կը կարգէ եւ մայր ու աղջիկ միասին կ՚ապրին: Աննա իր դուստրը կրկին հայ քրիստոնեայ կը դարձնէ

 

Տարագրութեան տարիները վերջ կը գտնեն: Պատերազմին պարտուած թուրքերը Տէր Զօրէն կը փախչին:

 

Մեծ կարաւանով մը, Արշալոյսը դէպի Հալէպ ճամբայ կ՚ելլէ իր մօր հետ: Քաղաքապետը անոնց կ՚ուղեկցի մինչեւ Տէր Զօրէն արեւմուտք ինկած առաջին գիւղը: Հոն Արշալոյսն ու քաղաքապետը իրարմէ կը բաժնուին արցունք թափելով: Կարաւանը կը շարունակէ իր ճամբան: Անապատի աւազներուն վրայ մարդկային գանկերու ոսկորներ կ՚երեւային… :

 

Տառապալի ճամբորդութենէ ետք Աննա եւ Արշալոյս կը հասնին Հալէպ, ուր գաղթական հայերը, խումբ-խումբ հաւաքուած, կը պատրաստուէին դէպի Ատանա, Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս, Եդեսիա եւ ուրիշ քաղաքներ ու գիւղեր վերադառնալ: Աննա իր ամուսնոյն՝ Սեդրակի հետ նամակցելով, Այնթապ վերադառնալու արտօնութիւն կը ստանայ անկէ:

 

1919-ին, Այնթապի հայկական դպրոցները կը վերաբացուին եւ Արշալոյս կը յաճախէ քաղաքին Նիկողոսեան Վարժարանը: Նոյն տարուան՝ 1919-ի վերջերը խլրտումներ կը սկսին Այնթապի մէջ: Թուրքերը կը սկսին հայեր սպաննել: Անոնց վայրագ բնազդին զոհ կ՚երթայ նաեւ Աննան, որ շուկայ գացած էր գնումներու: Սպաննութեան յաջորդ օրը, Աննայի թաղման ատեն, Արշալոյս լուր կը ստանայ, թէ թուրքերը իր հայրը՝ Սեդրակն ալ կողոպտած ու սպաննած են…:

 

15 Ապրիլ 1920-ին, թուրքերը կը ռմբակոծեն Այնթապի հայկական դպրոցները:

 

1920-ի գարնան, Այնթապի հայերը իրենց օրերը կ՚անցընեն քարայրներու մէջ: Արշալոյս ծնողազուրկ մնացած էր եւ կեանքն իր դաժանութիւնները ցոյց կու տար անոր: Այդ օրերուն, Միս Ֆորմըն անունով միսիոնարուհի կու գայ Այնթապ եւ կը հաւաքէ հայ որբերը, այդ թիւին՝ Արշալոյսը:

 

1921-ի Հոկտեմբերին, բոլոր որբերը Լիբանան կը փոխադրուին: Իւրաքանչիւր որբ իր անգլիացի բարերարն ունէր: 20 Յունուար 1927-ին, Արշալոյսը քանի մը ընկերուհիներու հետ կը ղրկուի Հալէպ՝ բժիշկ Ասատուր Ալթունեանի հիւանդանոցի մանկաբարձական բաժինին մէջ ուսանելու համար: Հիւանդանոցին տնօրէնը Արշալոյսը կը ղրկէ Տամասկոս, ուր կը ծանօթանայ Արսէն Բարսեղեանի հետ եւ կ՚ամուսնանայ վերջինիս հետ: Ամոլը կը բախտաւորուի երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով: 1942-ին Արսէն Բարսեղեան կը սպաննուի Տամասկոսի մէջ: 1946-ին, Արշալոյս իր զաւակներով Խորհրդային Հայաստան կը ներգաղթէ:

 

Եղիսաբէթ Բարսեղեան, «Եղեռնից՝ Վերածնունդ», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2011, 328 էջ: (Տե՛ս Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան, գիրք Ե., պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2013, էջ 196 -202):