Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պրիւքսելի մէջ 7 Ապրիլ 2014-ին, Եւրոխորհրդարանէն ներս, տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, կազմակերպուած Պոնտոսի համայունական միութիւններու դաշնութեան, իբրեւ հիմնական նիւթ ունենալով եկեղեցապատկան հարստութեան վերադարձը յոյն ժողովուրդին: Խորհրդաժողովին ներկայ էին յոյն պետական անձնաւորութիւններ, եւրոերեսփոխաններ եւ պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ներկայ էր նաեւ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբերու պատուիրակութիւնը մը: Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնն ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական եւ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն՝ Կիրոյ Մանոյեանը, որ ներկայացուց «Թուրքիա պէտք է վերադարձնէ բոլոր եկեղեցապատկան կալուածները իրենց օրինական սեփականատէրերուն - քաղաքական նախաձեռնութիւն մը» նիւթը:Մանոյեան՝ անդրադառնալէ ետք Սփիւռքի մէջ պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու միջեւ տեղի ունեցող գործակցութեան, Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան ոճիրին ընդունման եւ հատուցման, անդրադարձաւ կատարուող աշխատանքներուն շուրջ, որոնք կ'իրականացուին վերադարձուելու համար Հայ Եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներն ու հարստութիւնը:
Մանոյեան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 2011-ի թիւ 306 բանաձեւումին էութիւնը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն ո'չ միայն յարգել քրիստոնեաներուն իրաւունքները, այլ նաեւ վերադարձնել իրենց պատկանող եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան հարստութիւնները, եզրափակեց ըսելով՝ «կը հաւատամ որ այլեւս ժամանակն է, որ Եւրոխորհրդարանը որդեգրէ բանաձեւ մը, որ պիտի օժանդակէ հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն, վերստանալու իրենց եկեղեցական կալուածները, որոնք բռնագրաւուեցան Թուրքիոյ կողմէ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին: Այս մէկը կրնայ ըլլալ առաջին քայլը այդ հատուցումներուն, որոնք պէտք է տայ Թուրքիան՝ ճանչնալով ցեղասպանութիւնը որ կատարեց երեք ժողովուրդներուն դէմ»:
Խորհրդաժողովին ընթացքին՝ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի քուէարկած որոշում-բանաձեւը, ուր կատարելէ ետք համապատասխան հիմնաւորումները, ԵՀԴՅ կը հրապարակէր հետեւեալ որոշումները.-Ա) Հրապարակայնօրէն յայտարարել, որ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ ի շարունակութիւն 1.500.000 հայերուն դէմ կանոնաւորաբար իրագործուած Յեղասպանութեան, Պոնտոսի յոյներու դէմ եղած գործողութիւնները Ցեղասպանութեան գործողութիւններ են:Բ) Կոչ ուղղել Հայաստանի հանրապետութեան ազգային ժողովին՝ ճանչնալ Պոնտոսի յոյներուն դէմ 1914-1922-ին տեղի ունեցած գործողութիւնները, որպէս ցեղասպանութեան գործողութիւններ եւ սահմանել իւրաքանչիւր տարուան մայիս 19-ն, որպէս պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան յիշատակի օր:Գ) Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ՝ Պոնտոսի յոյներուն, ինչպէս նաեւ ասորիներուն եւ հայերուն դէմ Թուրքիոյ օրուան կառավարութեան կողմէ, դար մը առաջ կատարուած Ցեղասպանութեան փաստը եւ անոր հետեւանքները, եւ աշխատի իր կողմէ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրի արդար ճանաչման ուղղութեամբ, հիմնուելով Ցեղասպանութեան զոհ դարձած ժողովուրդներու բարոյական, նիւթական եւ հողային ամբողջական վերականգնման:
Խորհրդաժողովի աւարտին կազմակերպիչները պատուեցին Կիրոյ Մանոյեանը յուշատախտակով մը, իր ներդրումին համար խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ ի երախտագիտութիւն ԵՀԴՅ-ի քուէարկած բանաձեւին համար: