Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Պատմափիլիսոփայական դիագնոստիկա, ըստ Միքայէլ Վարանդեանի
«․․․Մենք չենք թողնի, որ հայոց պատմութիւնը խարդախուի, թէկուզ յանուն սրբազան մարքսիզմի ու պրոլետարիատի,- գրում է ՀՅԴ տեսաբան՝ Միքայէլ Վարանդեանը (1872-1934թթ․),- Մենք չենք թոյլ տայ, որ Հայաստանը կործանողները՝ Էնվէրի ու Քեմալի դաշնակիցները, հանդէս գան հայ ժողովրդի ազատարարի դերում, իսկ անձնուէրներու լէգէոնը, նա որ երեսուն տարի տապակուեր է բռնակալութեան քուրաներում՝ հասցնելու համար Հայ դատը 1918-ի օրերուն՝ նետուի թեթեւ սրտով․․․
«Հանգուցեալ Ղազարոս Աղայեանը կը սիրէր զինքը Հնչակեան անուանել եւ հակառակ ատոր, դաշնակցական պատուիրակները հոգաբարձական ու այլ ընտրութիւններու ատեն, մեծամասնութիւն կազմելով, միշտ անոր ձայն կուտային, ի նշան իրենց յարգանքի դէպի սիրուած վեթերանը: Եւ երբ կատակով կը հարցնէինք իրեն՝ «Ղազարո՛ս, ո՞վ ընտրեց քեզի», կը պատասխանէր․ -Ժողովուրդը: Լաւ գիտէր, որ այդ ժողովուրդը Դաշնակցութեան կը հետեւէր եւ որ առանց վերջինի հաւանութեան, ինքը երբեք չպիտի ընտրուէր, բայց յամառօրէն չէր ուզեր ընդունել այդ:
«Շատ շատերը, հակառակորդութեան ոգով տարուած, կը խուսափին Դաշնակցութեան անունը տալէ, անգամ այնպիսի պարագաներում, երբ բացայայտ է, որ այդ կուսակցութիւնը ամբողջ գործի առանցքը կը կազմէ: Բայց երբ աղէտ ու ձախորդութիւն կայ – о՜, այն ատեն անվերջ կը խօսին Դաշնակցութեան մասին, անվերջ կը քաշքշեն անոր անունը: Դրական, հայրենաշէն գործերու մէջ Դաշնակցութիւնը չկայ: Լռութեան դաւ մը կայ անոր շուրջը: Բայց ձախորդութիւններու, աղէտներու ատեն ան մեն-մենակ է հրապարակի վրայ, որպէս պատասխանատու եւ քաւութեան նոխազ․․․
«Ո՞վ վարեց եկեղեցական գոյքերու կռիւը․ -Ժողովուրդը:
«Ո՞վ կազմակերպեց ու վարեց հայկական ինքնապաշտպանութիւնը թաթար ցեղի դէմ․ -Ժողովուրդը:
«Ո՞վ տարաւ իր ուսերու վրայ Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը․ -Ժողովուրդը:
«Ո՞վ մղեց Մուսավաթի դէմ Բաքուի արիւնահեղ կռիւները, որոնք թեւ տուին Հայաստանի բանակին ընդդէմ արշաւող թուրքութեան․ -Ժողովուրդը․․․
«Առանց ժողովուրդի, բնականաբար ոչինչ չըլլար, բայց կան պարագաներ, երբ այդ ժողովուրդը անղեկ, անճարակ, առանց ծրագրի ու ձեռներէցութեան, կը տարուբերուի փոթորկայոյզ անցքերու մէջ եւ գահավէժ փախուստ կուտայ բուռ մը զինուած թիւրք կամ թաթար հրոսակներու առջեւ: Նա ի յայտ կը բերէ իր ոյժերը միմիայն այն ատեն, երբ հանդէս կուգայ կազմակերպիչ ու վարիչ մարմինը: Այդպէս էր բոլոր վերոյիշեալ դէպքերու մէջ եւ բազմաթիւ այլ դրուագներում մեր նորագոյն պատմութեան:
«Մասսան, ժողովուրդը ճգնաժամային վայրկեաններու մէջ քաոսային տարերք մըն է, եւ պատմութիւնը հրահրողը, պատմութեան լօկօմօտիվը, յառաջատար ոյժը՝ կազմակերպութիւնն է, որ նոյն ժողովրդի ծոցէն կ’ելլէ: Այդպէս կ’ուսուցանէ համաշխարհային տարրական պատմա-փիլիսոփայութիւնը:
«Խօսե՞լ արդեօք անհատներու դերի մասին այդ պատմութեան մէջ, ասե՞լ արդեօք, թէ ինչ կը ներկայացնէր Արամի դէմքը այն օրհասական եւ բախտորոշ կռիւներու օրերուն, երբ հայոց անկախութեան գաղափարը բռնուած էր իր դժոխային երկունքով․․․
«Կորա՜ծ ճիգեր են, մարքսիստին բան չէք հասկացնի, մանաւանդ հայ մարքսիստին, որ իր հաւատամքն ու իմաստութիւնը քաղել է Պլէխանօվի եւ Լենինի բրօշիւրներէն»:
(Վարանդեան Միքայէլ, Անաչառութեան ասպետները-Մաս Ա, «Հայրենիք» ամսագիր, Բոստոն, թիւ 12, 1926 հոկտեմբեր, էջ 73-74)
Եթե մարքսիզմի փոխարէն ասենք նէոլիբերալիզմ, պրոլետարիատի փոխարէն՝ «հերոս հարկատու», Էնվէրի ու Քեմալի փոխարէն՝ Էրտողան ու Ալիեւ, իսկ Պլէխանովի եւ Լենինի բրօշիւրների փոխարէն՝ Սորոսի ուղեցոյցներ, ապա Վարանդեանի բնութագրած պատմափիլիսոփայական դիագնոստիկան լիարժէքօրէն կը գործի նաեւ այսօր:
Կարեն Խանլարյան
Իրանի Իսլամական Հանրապետության Խորհրդարանի նախկին պատգամավոր,
տեխնիկական գիտությունների դոկտոր պրոֆեսոր, պատմական գիտությունների թեկնածու,
ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»-ի նախկին խմբագիր