կարևոր
1483 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-13 13:19
Քաղաքական

Ակնարկ. Պատերազմի Զսպման Գործօններ

Ակնարկ. Պատերազմի Զսպման Գործօններ

Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ռազմական սահմանափակ բախումները ցուցանշային հանգամանք ունին: Անոնց առայժմ սահմանափակ ըլլալը մտածել կու տայ պատերազմական գործողութիւններու լայնածաւալման առումով որոշ զսպումներու մասին: Փաստօրէն այն, ինչ որ կ՛արձանագրուի հարաւային Լիբանանի մէջ, գոնէ մինչ այժմ, թիրախաւորուած հրթիռակոծումներ են, որոնք չեն վերածուիր համընդգրկուն բռնկումի: Կ՛ընթանան դադարներով: Հըզպալլայի առաջնորդին ուղերձով չներկայանալը պատերազմէն հինգ օր անց, որոշ նշանակութիւն ունի:

Առաջին տեսութիւնը այս իրականութեան այն է, որ Թել Աւիւը չի պատրաստուիր երկրորդ ծաւալուն ճակատ բանալու եւ միաժամանակ պատերազմելու թէ՛ Համասի եւ թէ՛ Հըզպալլայի դէմ:

Միաժամանակ սակայն կայ նաեւ Հըզպալլայի կողմէ ենթադրելի մօտեցումը, որ Հըզպալլան ինք լիարժէք չ՛ուզեր ներգրաւուիլ պատերազմին, որ այդ ձեով կը ներառէ ոչ միայն հարաւային, այլ Լիբանանի տարբեր շրջաններ եւս: Իսրայէլ չի վարանիր միշտ յայտարարելու, որ Լիբանանէն արձակուած հրթիռներու կամ հաւանական յարձակումի պատասխանատուութիւնը կը կրէ լիբանանեան պետութիւնը:

Կարելի է մտածել անշուշտ, որ Համասի, Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի ռազմական բախումներով չեն պայմանաւորուիր պատերազմի ծաւալումի հաւանականութիւնը կամ արգելակումը: Անհրաժեշտ է դիտարկել առնչուած պետութիւններու յայտարարութիւնները:

Ուաշինկթընի յայտարարողական զօրակցութիւնը ստացած է գործնական տեսք զինուժի տրամադրումով եւ կործանիչներու, մարտանաւերու տարածաշրջան առաքումով: Պէտք չէ մոռնալ սակայն պաշտօնական այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն ամերիկեան ռազմական ներկայութեան առաքումը շրջան պատերազմի զսպման նպատակով է: Սպառնալիք, որպէսզի գործողութիւնները տարածաշրջանային տարողութիւն չունենան:

Հակասպառնալիքը հնչեց Մոսկուայէն, երբ այս անգամ յայտարարողական մակարդակով զօրակցութիւն յայտնուեցաւ պաղեստինցի ժողովուրդին` աւելցնելով, որ ամերիկեան զինուորական միջամտութեան դիմաց կ՛արձանագրուի ռուսական զինուորական աջակցութիւն պաղեստինցիներու պայքարին:

Անգարան մինչ այժմ կը փորձէ միջնորդի դեր ստանձնել եւ տարբեր առիթներով կը յայտարարէ, որ պատրաստ է հրադադարի բանակցութիւններ վարել Համասի եւ Թել Աւիւի միջեւ: Թէեւ Թուրքիոյ նախագահը Կազայի մէջ գործադրուածը ջարդ կ՛որակէ:

Իրանը իր բոլոր յայտարարութիւններով զօրավիգ է Համասին: Լուռ է հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուածներուն դիմաց: Դիմադրական երկու միջավայրերն ալ իրանեան ազդեցութեան գօտիներ են: Պարզ է, որ Համասի կողմէ նախաձեռնուած յարձակումին աննախադէպութիւնը, տարողութիւնը եւ գործողութեան յաջողութիւնը երկարատեւ նախապատրաստութիւն կ՛ենթադրեն. իսկ այդ նախապատրաստութիւնը թէ՛ զինուժի եւ թէ՛ մարդուժի առումներով` պետական աջակցութիւն: Այս բոլորով, Թեհրանը յայտարարեց, որ ինք չէ ներգրաւուած պատերազմին:

Արձանագրենք, որ Ռիատը Թել Աւիւի հետ իր երկխօսութեան գործընթացը առկախեց: Իսրայէլի պաշտօնական խօսափողները կը տարածեն այն գաղափարը, որ Համասը ըստ էութեան այս պատերազմը սանձազերծեց արգելակելու համար արաբական երկիրներ-Թել Աւիւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման սկսուած գործընթացը:

Հրադադարի պահը պիտի գայ, եւ բանակցութիւններու պիտի ձեռնարկուին անպայման: Մինչ այդ, Իսրայէլը որոշած է Կազայի նախկին դրութիւնը արմատապէս փոխել: Արմատական այդ փոփոխութեան համար իբրեւ միջոց կ՛իրականացնէ ամբողջ վարչատարածքի մը հարթեցումը:

Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը ժամանէր Թել Աւիւ, Լիբանանի մէջ գործող Իրանի դեսպանը կը յայտնէր, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը տարածաշրջանային այցի շրջածիրին մէջ պիտի ժամանէ Լիբանան:

Միաժամանակեայ այս այցելութիւնները, նկատի առած նաեւ նշուած հանգամանքները, մտածել կու տան, որ երկու պետութիւնները պատերազմի զսպման, առնուազն տարածաշրջանային տարողութիւն չստանալուն ուղղութեամբ ներդրում պիտի ունենան:

«Ա.»
aztagdaily.com