Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի նոր նշանակուած դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուի հետ։
Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց 19 սեպտեմբերին ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը՝ մատնանշելով, որ տեղի ունեցածը ցեղային զտում էր։
Հայ դատի պատուիրակութիւնը ընդգծեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքն ու այդ իրաւունքի գործադրութեան համար հաւաստի եւ լուրջ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման կարեւորութիւնը։
Պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Արցախի ամբողջ 9-ամսեայ շրջափակման եւ անոր դէմ կիրարկուած սովի քաղաքականութեան ընթացքին միջազգային ընտանիքէն բազմաթիւ կոչեր հնչեցին եւ պաշարումն ու անոր հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական սուր տագնապը դատապարտող ու պաշարման վերացումը պահանջող յայտարարութիւններ կատարուեցան, որոնք, սակայն, յայտարարութիւններու սահմաններէն անդին չանցան։ Պատուիրակութիւնը նշեց, որ այժմ ալ արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքի մասին կ’արտայայտուին նոյնպիսի կեցուածքներ, որոնց պէտք է հետեւին շօշափելի, գործնական եւ լուրջ քայլեր։
Բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-կիպրական յարաբերութիւններուն, երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռանկիւնի կարեւորութեան, Կիպրոսի հայ գաղութի կարեւորութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ այլուր երկու ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ հետզհետէ աւելի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան կիրարկման։
Դեսպան Հաճիթէոտոսիու իրազեկ էր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Արցախի հարցին նկատմամբ։ Ան համամիտ գտնուեցաւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ խոստացաւ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած կէտերը փոխանցել Նիկոսիա։
Աղբյուրը՝ aztagdaily.com