կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-09 17:19
Սփյուռք

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ անդամներ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Ճորճ Սապունճեան, երէկ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժոմպլաթի խորհրդական Ռամի Ռայես:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւնները` գնահատելով Ժոմպլաթի ազգային կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած մնայուն դերակատարութիւնը` ի նպաստ Լիբանանի կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ ողջունեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բարձր գնահատելով Դաշնակցութեան եւ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ բաց ըլլալու անոնց յանձնառութիւնը:

aztagdaily.com