Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, 29 սեպտեմբերի առաւօտուն այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, ռուս խաղաղապահ առաքելութեան անորոշութեան եւ Արցախի ամբողջական հայաթափումին վրայ։
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը իր դատապարտանքն ու մտահոգութիւնը փոխանցեց Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղային զտումի քաղաքականութեան նկատմամբ, ապա խօսակցութիւնը զարգացաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն եւ ռուսական գործօնի ներկայ դերակատարութեան ուղղութեամբ։
Հանդիպումի աւարտին, Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը Ռուսիոյ դեսպանին յանձնեց հանդիպման ընթացքին արծարծուած կէտերուն վերաբերող յուշագիր մը։