կարևոր
1783 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-20 16:07
Քաղաքական

Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ

Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ

Սեպտեմբեր 19-ին կայացած յատուկ քաղաքապետական նիստի ընթացքին, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ Արցախի մարդասիրական ճգնաժամին մասին եւ դատապարտեց շրջափակումը։ Բանաձեւը ներկայացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեանը։

Բանաձեւը կ՚ըսէ.

Նկատի ունենալով, որ Մոնթրէալը 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած բեկորները ընդունած քաղաք է:

Նկատի ունենալով, որ աւելի քան 68,000 գանատացիներ հայկական ցեղային եւ մշակութային ծագում ունին, որոնցմէ 30,700-ը կ՚ապրի Քեպէգի մէջ, եւ 2021-ի մարդահամարը ցոյց կու տայ, որ մօտաւորապէս 29,100 անհատ, որոնք նշեալ ծագումը ունին, կ՚ապրին Մոնթրէալի տարածքին:

Նկատի ունենալով, որ հայ համայնքի անդամները ներդրում ունին մեր քաղաքին ձեւաւորման՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի մէջ իրենց ներգրաւուածութեամբ:

Նկատի ունենալով, որ Արցախի բնակչութիւնը 120,000-140,000 կը հաշուէ եւ անոնց 99 %-ը հայ են, որոնցմէ մօտաւորապէս 30,000 երեխայ եւ բնակչութեան կէսը տեղահանուած են 2020 թուականի զինեալ մարտերուն պատճառաւ:

Նկատի ունենալով, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին Ատրպէյճանը անցակէտ մը հաստատեց Լաչինի միջանցքին վրայ, որ ցամաքային միակ ճանապարհն է Արցախը յարակից շրջաններուն կապող, եւ այդպիսով արգելք հանդիսացաւ մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժման, Արցախի ժողովուրդը զրկելով կենսական նիւթերէ եւ ծառայութիւններէ, ինչպիսիք են սնունդը, բժշկական շտապ օգնութեան պիտոյքները:

Նկատի ունենալով, որ 2023 թուականի Փետրուար 8-ին Քեպէգի Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է այս շրջափակումն ու մարդկային ճգնաժամը դատապարտող բանաձեւը:

Նկատի ունենալով, որ 2023 թուականի Ապրիլ 25-ին Արտաքին Գործոց նախարար յարգարժան Մելանի Ժոլին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը «ակնյայտօրէն կը վտանգէ խաղաղութեան գործընթացն ու կայունութիւնը ողջ տարածաշրջանին» եւ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վերաբանալու միջանցքը:

Նկատի ունենալով, որ Միջազգային քրէական դատարանը հրամանագիր մը հրապարակեց 22 Փետրուար 2023-ին, որուն մէջ կը նշուի առժամեայ միջոցառման մը կիրառման մասին՝ միջազգային համաձայնութեան հիմամբ՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման առնչութեամբ (Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճան), որ կը պարտադրէ Ատրպէյճանի հանրապետութեան՝ «Կարելի բոլոր միջոցներով ապահովել մարդոց, երթեւեկութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անարգել տեղաշարժումը Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով»:

Նկատի ունենալով, որ 16 Օգոստոսին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի դիմումով, քննելէ ետք Լաչինի միջանցքի փակման անմարդկային հետեւանքները, մտավախութիւն յայտնեց, թէ իրավիճակը կրնայ վերածուիլ Արցախի բնակչութեան «ցեղային բնաջնջման»:

Նկատի ունենալով, որ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, 19 Օգոստոսին, ֆրանսական պատուիրակութեամբ եւ մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող տասը բեռնատարներէ բաղկացած շարասիւնով, այցելեց Արցախի սահմանամերձ Կոռնիձոր գիւղը եւ ականատես եղաւ շարասիւնի արգելափակման՝ «Մարդկային իրաւունքներու լիակատար խախտում»ին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ նախաձեռնելու բանաձեւ մը՝ «անյապաղ եւ անվերապահ բանալ Լաչինի միջանցքը՝ մարդկային օգնութիւն առաքելու եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժման թոյլ տալու», Ֆրանսայի տեղական մարմիններու կողմէ ստորագրուած պահանջարկով մը 31 Օգոստոսին:

Նկատի ունենալով, որ 1997 թուականին Մոնթրէալը ընդունեց բանաձեւ մը, որով քաղաքացիներուն կը թելադրէր իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24-ին ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ 2001 թուականէն Մոնթրէալն ու Երեւանը յայտարարուեցան քոյր քաղաքներ, ըստ համագործակցութեան համաձայնագրի:

Նկատի ունենալով, որ 2010 թուականին երկու քաղաքներուն միջեւ ստորագրուեցաւ մշակութային եւ տնտեսական մերձեցման համաձայնագիր:

Նկատի ունենալով, որ միջազգային գործակցութեան պարագային, քաղաքը իրաւասու է միջոցներ ձեռնարկելու՝ մարդկային իրաւունքներու եւ համերաշխութեան հարցերու առնչութեամբ:

Կը ներկայացնենք բանաձեւ

Առաջարկուած՝ Գոթ տէ լիէզ շրջանի քաղաքապետարանի անդամ Վանա Նազարեանի կողմէ:

Երկրորդուած հետեւեալ անձնաւորութիւններուն կողմէ.

Էֆֆի Ճիանուի (Պորտօ Քարթիերվիլ շրջանի քաղաքապետարանի անդամ)

Ալան Տէ Սուզայի (Սեն Լորան շրջանի քաղաքապետ)

Արէֆ Սալէմի (Նորման Մըգ Լարէն շրջանի քաղաքապետարանի անդամ)

Մերի Տերոսի (Բարգ Էքսթէնշըն շրջանի քաղաքապետարանի անդամ)

Քաղաքապետարանի ուշադրութեան կը յանձնենք՝

Թէ Արցախը Հայաստանի կապող ճանապարհը ապօրինի կերպով փակուած է 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ, խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին եռակողմ հրադադարի մասին հռչակագիրը, այդպիսով այդ շրջանին մէջ բնակող հայերուն ապրանքներու եւ ծառայութիւններու մատակարարումը դադրեցնելով, ինչպէս նաեւ խոչընդոտելով մարդոց ազատ տեղաշարժը:

Թէ այս շրջափակումը տարածաշրջանի բնակչութեան կը պարտադրէ մարդկային ճգնաժամ մը՝ զիրենք սովի ենթարկելով եւ խոչընդոտելով առողջապահական հիմնական խնամքի հասանելիութիւնը:

Պատմական եւ բարեկամական կապերու գոյութիւնը, որոնք կը միաւորեն Մոնթրէալն ու Հայաստանը եւ հայերը, եւ որ քաղաքս Մոնթրէալի հայ համայնքի մտահոգութիւնները կը բաժնեկցի՝ իրենց սիրելիներուն ու հայրենակիցներուն նկատմամբ, եւ կը վերահաստատէ իր համերաշխութիւնը Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներուն հետ:

Թէ քաղաքապետարանը խստօրէն կը դատապարտէ քաղաքացիներուն դէմ յարձակողապաշտութիւնը:

Թէ քաղաքապետարանը կոչ պէտք է ուղղէ Քեպէգի եւ Գանատայի կառավարութեանց՝ շարունակելու դատապարտել քաղաքացիական բնակչութեան դէմ կիրարկուող թշնամական արարքները: