կարևոր
3130 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-15 16:27
Քաղաքական

Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի ապաշրջափակումը պահանջող բանաձեւը

Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի ապաշրջափակումը պահանջող բանաձեւը

Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը այսօր միաձայնութեամբ ընդունեց այն բանաձեւը՝ որ Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղէ ապաշրջափակելու Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը։ Բանաձեւը ներկայացուցած էր Պլոք Քեպէգուա կուսացկութեան անդամ Սթեֆան Պերժերոնը։ Բանաձեւը պիտի յղուի խորհրդարանի քննարկման։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Նշենք, որ յունուար 15-ին, Գանատայի ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Գանատայի խորհրդարանի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ Պահպանողականները, Նոր Դեմոկրատներն ու Պլոք Քեպէգուան, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի արտահերթ նիստ պահանջած էին, որպէսզի խորհրդակցութիւն կայանայ Արցախի շարունակուող շրջափակման առնչութեամբ։

25 յունուարին Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց՝ քննարկելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակումը։ Առաջին նիստին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդէս եկան Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները եւ զեկուցեցին շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի բնակչութեան իրավիճակի մասին։ Երկրորդ քննարկման հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանը։