կարևոր
3469 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-01 14:32
Քաղաքական

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բողոքի քայլարշաւ կայացաւ Օթթաուայի մէջ

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բողոքի քայլարշաւ կայացաւ Օթթաուայի մէջ

Մինչ Արցախի շրջափակումը կ՚ամբողջացնէր իր 50-րդ օրը, աշխարհասփիւռ տարբեր հայկական համայնքներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան միաւորները բողոքի ցոյցերով դատապարտեցին ատրպէյճանական բռնարարքները։

Յունուար 27-ին, Թորոնթոյէն եւ Մոնթրէալէն ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) անդամներ Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, պահանջելով գանատական կառավարութենէն, որ դատապարտէ Ատրպէյճանն ու գործնական դերակատարութիւն ունենայ շրջափակման վերջ տալու հարցով։ Դեսպանատան դիմաց անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով խօսք առին միութեան ներկայացուցիչները եւ պահանջեցին անյապաղ վերջ տալ շրջափակման։

ԳԵՄ-ի Անդամները նաեւ Օթթաուայի «Rideau Mall»-էն ներս տեղեկատուական թռուցիկներ բաժնեցին, որպէսզի գանատացի քաղաքացիներ եւս տեղեակ ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։