կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-23 20:20
Հասարակություն

Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցը Նշող Բանաձեւը

Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցը Նշող Բանաձեւը

Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, 22 Ապրիլ 2021-ին, Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը նշող բանաձեւը, որ ներկայացուեցաւ խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքիի կողմէ:

Բանաձեւին մէջ մասնաւորաբար կը շեշտուի.

-Վերջին տարուան ընթացքին Հայ ժողովուրդը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերստին ենթարկուեցաւ արիւնալի գործողութիւններու եւ չարաշահումներու։

– Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը կը զօրակցի Գանատայի Կառավարութեան այն որոշման, որ չեղեալ նկատեց գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ։

Բանաձեւին մէջ, Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը կոչ կ’ուղղէ Ֆրանկոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներուն՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայաստանին: Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը եւս իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին, ճանչնալով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու հայութեան իրաւունքը։

Նշենք, որ Քեպէգ նահանգի խորհրդարանը 1980ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

horizonweekly.ca