Փոխարժեքներ
07 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
24 Ապրիլ 2024-ին, Քեպէգի Ազգային ժողովը նիստին ընթացքին, միաձայնութեամբ ընդունուեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ: Նոյն բանաձեւին մէջ կը յիշուի Քեպէգի կառավարութեան անսակարկ զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի դատին, արցախահայութեան, սփիւռքահայութեան եւ Գանատայի հայ համայնքին: Բանաձեւին համաձայն Քեպէգի կառավարութիւնը կոչ կ’ուղղէ վերջ տալու ատելութեան եւ ամէն տեսակի խտրականութեանց յանուն արդարութեան։ Նիստին ներկայ էին Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբն ու հայ համայնքի պատուիրակութիւնը:
Ազգային ժողովի անդամ Սոնա Լախոյեանի ներկայացուցած վերոնշեալ բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուած է։ Խօսք առած է նաեւ Ազգային ժողովի անդամ Սելին Հայթայեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալէ ետք Ցեղասպանութեան 109-ամեակին, յայտնած է, թէ Քեպէգի կառավարութիւնը 1980-էն ի վեր, ամէն տարի կ’որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին եւ Գանատայի հայ համայնքին զօրակցութիւնը յայտնող բանաձեւ:
Ազգային ժողովի նիստէն ետք Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցած է պատգամաւորներ Սոնա Լախոյեանի եւ Սելին Հայթայեանի եւ Քեպէգի Ազգային ժողովի այլ պատգամաւորներու հետ, որոնց հետ արծարծած է Ցեղասպանութիւնը իրագործողներուն անպատիժ մնալու հարցն ու Քեպէգի հայ համայնքը յուզող հարցեր: