կարևոր
2449 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-08-19 15:32
Քաղաքական

Խմբագրական. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

Խմբագրական. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ այնուամենայնիւ պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար:

ՄԱԿ իրաւականօրէն բոլոր պատճառները ունէր նոյնիսկ առանց արտակարգ նիստ գումարելու պարզապէս պահանջելու, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տուած որոշումները կիրարկուէին: Չկիրարկելու պարագային, Ազրպէյճան պէտք է սկսելու համար իրաւականօրէն պատասխան տար: Միջազգային մակարդակի վրայ նման նախադէպերու պարագային կ՛որդեգրուին պատժամիջոցներ, ինչ որ կը բացակային Ազրպէյճանի պարագային:

Ազրպէյճան գիտակից է, որ կրնայ համաձայնութիւններ չյարգել, միջազգային կոչեր, որոշումներ անտեսել եւ մնալ անպատժելի: Գիտակից է, որ Ուքրանիոյ պատերազմը, Թուրքիա-Ռուսիա լարուած համագործակցութեան ընթացքը, նաւթային եւ կազային իր գործարքները տարբեր երկիրներու հետ եւ միջնորդական մրցապայքարը տարբեր պետութիւններու միջեւ` երաշխիքներ են իր անպատժելիութեան:

Նկատելի է, որ ՄԱԿ շատ արագ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Ապահովութեան խորհուրդի նիստ կը գումարէ: Արցախի հարցի միջազգայնացման արագութիւնը որոշ տրամաբանութիւն կը յուշէ անշուշտ: Ոչ այնքան մարդասիրական բնոյթ հաղորդելն է խնդիրին, որքան աշխարհաքաղաքական մրցապայքարը տարածաշրջանին մէջ: Հիմնական շարժառիթը միջազգային ընտանիքին ժողով կայացնելու որոշում տալու կամ միջազգային դատարանի որոշումը չպարտադրելու այս հանգամանքներէն կը բխի:

Նախ կեդրոնանանք մարդասիրական բնոյթ հաղորդելու անպատեհութեան վրայ: Ազրպէյճանը իր քաղաքական օրակարգը առաջ տանելու համար կը փորձէ օգտագործել մարդասիրական տագնապի թեման` առարկելով, որ նախ Բերձորի միջանցքը փակ չէ, այլ անցակէտեր տեղադրուած են Հայաստանէն դէպի Արցախ զինամթերքի փոխադրութիւնը կանխարգիլելու համար: Եւ եթէ մարդասիրական օժանդակութիւն պէտք է հասցնել, ապա այդ պարագային կարելի է օգտագործել Աղտամ- Ստեփանակերտ ճանապարհը:

Այլընտրանքային ճանապարհը ընդունիլ տալը միջազգային ընտանիքին ամբողջ Պաքուի ռազմավարական նպատակն էր, որ տարբեր ձեւերով յատկապէս Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ալպանիա եռեակը փորձեց առաջ տանիլ:

Այս ձեւով նախ Պաքուն կը փորձէ նուիրականացնել այն, որ Բերձորը իր տարածքն է, զայն դուրս կը բերէ «միջանցք»-ի հասկացողութենէն եւ կը շեշտէ, որ անցակէտ տեղադրելը կամ տեղաշարժ սահմանափակելը իր գերիշխան իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ: Նպատակը այս բոլորին հիմնականին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Արցախի կենսաճանապարհը փակելն է:

Երկրորդ հանգուցակէտը Աղտամ- Ստեփանակերտ ճամբով օժանդակութիւն ուղարկելն է: Ըստ Պաքուին, ազրպէյճանական «հոգատար» իշխանութիւնները պատրաստ են հանգուցալուծելու Ազրպէյճանի մէջ ապրող «էթնիկ ազգաբնակչութեան» օժանդակութիւն ուղարկելով: Եթէ Բերձորի փակումը Հայաստանի հետ կենսաճանապարհի արգելակումն է, երկրորդինը` Պաքուի յայտարարած համարկումի օրակարգն է:

Հետեւաբար, զուտ մարդասիրական աղէտի էութիւն հաղորդելը Արցախի պաշարումին, հիմնախնդիրի էութեան շեղում կ՛արձանագրէ: Մարդասիրական աղէտը պարզապէս մեթոտաբանութեան մէկ մասն է ցեղային զտում եւ ամբողջական հայաթափում իրականացնելու համար:

Արցախի հարցի միջազգայնացման ներկայ միտումներուն մէջ հայկական կողմի ռազմավարական մօտեցումները կրնան հիմնուիլ քանի մը հիմնադրոյթներու վրայ:

Ա.- Կանխարգիլել Աղտամը Բերձորին այլընտրանք նկատելու Պաքուի քաղաքականութիւնը:

Բ.- Բերձորի միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն ընթացքին շեշտել, «միջանցք» հասկացողութիւնը` նկատի ունենալով այդ հասկացողութենէն հրաժարելու Ազրպէյճանի ճիգերը:

Գ.- Մարդասիրական աղէտի գոյութիւնը արծարծել իբրեւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող միջոց ցեղային զտում իրականացնելու եւ ամբողջովին Արցախը հայաթափելու:

Ե.- Վերադարձնել Արցախի հակամարտութեան էութիւնը Արցախի հարցի միջազգայնացման քննարկումներուն` շեշտելով ցեղասպանութեան անմիջական վտանգը եւ անոր դիմաց «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքը:

Արցախի հակամարտութեան վերամիջազգայնացման ներկայ գործընթացներուն յենիլ Արցախի Ազգային ժողովի որդեգրած յայտարարութիւններուն վրայ, միշտ իբրեւ բանակցային առանցք նկատի ունենալով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրաւաչափութիւնը:

aztagdaily.com