կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-18 18:51
Սփյուռք

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Արցախեան բեղուն տարեշրջանը

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Արցախեան բեղուն տարեշրջանը

Բեղուն պիտի ըլլայ այս տարին Արցախին համար:

Արդարեւ, յառաջիկայ Մարտի աւարտին իսկ, պիտի կատարուին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք վստահաբար առիթ պիտի ընծայեն ստեղծելու նոր հորիզոններ, նոր գործունէութեան դաշտ եւ աւիշ:

Այս գծով, թէ՛ ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ թէ՛ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան իրենց ամանորեան պատգամներուն մէջ նշեցին յատուկ անդրադարձ կատարելով:

Յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ, նախագահ Սահակեան անդրադարձաւ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքին, սկսելով քաղաքական-ապահովական կացութէնէն մինչեւ բնակարանաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, ընկերա-տնտեսական, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառ:

Շատ աւելի կարճ էր մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի խօսքը, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ շեշտեց, թէ հակառակ գործընթացներով հարուստ տարի մը ըլլալուն, համապետական ընտրութիւններէն ետք, իր նոր նախագահով եւ նոր Ազգային Ժողովով, Արցախը երբեք պիտի չընկրկի եւ չպառակտուի, այլ պիտի ուժեղանայ եւ հզօրանայ:

Բնականաբար այս յաջողութեան բանալին պիտի ըլլայ նոյնինքն արցախցին, որ միշտ եղած է օրինակելի, նոյնքան պատասխանատւութիւն ստանձնելով, որքան սահմանի վրայ դիրք բռնած եւ խրամատներու ետին շարունակ արթուն հայ զինուորը, կամ քաղաքական առօրեայէն ներս, պահելով իր ժողովրդավարական սկզբունքները, անխնայ պայքարելով փտածութեան դէմ եւ շարունակ պաշտպանելով ընկերային արդարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները:

Ասոր կողքին, անշուշտ արցախցիին համար առաջնահերթ է Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրաւական ամրագրումը, իր պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութեան ապահովումը, «ազգ-բանակ» հայեցակարգի հիման վրայ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգի կատարելագործումը եւ անշուշտ վերաբնակեցման համակարգուած, լայնածաւալ եւ հետեւողական իրականացումը:

Անգամ մը եւս, տեղին է կրկնել Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի խօսքը, թէ քաղաքական պայքարի այս փուլէն Արցախը պէտք է դուրս գայ աւելի ուժեղացած եւ ոչ թէ պառակտուած:

Բնական է, որ այս յորդորին կը յաջորդէ այն միտք բանին, որ ժողովուրդը նաեւ կը ցանկայ խաղաղ ապրիլ, ստեղծագործել, շէնացնել, զարգացնել ու զօրացնել իր հողը՝ հարազատ երկիրը:

hairenikweekly.com