Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.Յ.Դ Նոր Սերունդի երկու ընկերով ժամանեցինք լիբանան, մասնակցելու Լ.Ե.Մ-ի հիմնադրութեան 50 ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին: Այս խորհրդաժողովին ընթացքին Մեծ շուքով նշուեցաւ Լիզպոնի տղոց՝ վրէժի Աստուածներու հերոսութեան 40 ամեակը։
Նախքան մեկնումը մեր մտորումները շատ էին։ Այս անկայուն իրավիճակին, մեր գործնական դաշտէն՝ ֆրանսայէն դուրս գալը որքանո-վ նպատակայարմար էր։
Մեր ամէն մտահոգութիւնները մէկ կողմ դնելով , որոշեցինք ներկայ ըլլալ այդ ոգեկոչման ոչ միայն որպէս Լ.Ե.Մ.-ի նախկին անդամ, բայց նաեւ իբրեւ երիտասարդներ, նկատի առնելով Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ հաւատալով, որ Երիտասարդութիւնը կրնայ այսօր պայքարիլ տարբեր ձեւերով այս Ցեղասպանութեան դէմ։ Մեծցած Լիբանանի մէջ Լիզպոնի տղաքը մեծ դեր խաղցած են դաստիարակութեանս մէջ։
Լ.Ե.Մ.- ը այն դպրոցն է ուր հաւաքական հրաշքներ կը պատրաստուին, ան իր առաքելութեան յաջողութիւնը կը գտնէ հետեւեալ կետերուն մէջ՝ շատ քրտինք ու զոհողութիւն, շատ արիւն ու չարչարանք, շատ արցունք յուշեր ու սէր։
Լիզպոնի տղաքը Լ.Ե.Մ.-ի դպրոցի աշակերտներ եղած են եւ անոնց շիրմաքարին դիմաց կանգնիլը հաշուետուութեան պատասխանատուութեան զգացումներու հատման կէտն էր։
Իրենց սխրագործութեամբ փլած են անտարբերութեան ու լռութեան պատերը իսկ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրս քար առ քար, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը վերակառուցենք, մեր ձեռքերով մեր բնազդամոլ եւ եսակեդրոն անհատական եւ հաւաքական քաղքենիացման ընթացքով, աւելի խոր փորելով մեզի Արարտեն բաժանող ձորը։
Ի՞նչ ունինք այսօր, ի՞նչ եղաւ Արցախ, ինչպէ՞ս կը շնչենք երբ Շուշին չկայ, որքանո՞վ կրցանք մեր սփիւռքեան ենթագիտակցութեան մաս դարձնել Լիզպոնի տղոց կտակած արժէքները։
Ի՞նչ կընենք երբ 120 հազար մարդ սովամահութեան եզրին է։ Անշուշտ խեղդիչ ամօթէն զատ բան չունինք յայտնելու տղոց։
Ի՞նչ կարելի է ըսել Վիգէնին, որ այսօր չունինք Շուշի։
Որ Անին ծախուեցաւը պիտի վերահրատարակուի Շուշին ծախուեցաւ վերնագրով։ Որ Ղազանչեցոցը մի քանի ամիսէն կրնայ դառնալ մզկիթ։
Մհերին ի՞նչ պիտի ըսենք, որ իր նահատակուած Մարտունիի մէջ զօրամասերէն մէկը ալ չկայ։ Որ ալ Մարտունիի մայր ճանապարհները թշնամիի դիտարկման տակ են։
Շատ հարցեր կան որոնց պատասխանները չունինք մենք։
« Հերոս է նա որի համար կեանքն արդարացում ունի, երբ դա ապրում է ոչ թէ իբրեւ նպատակ, այլ իբրեւ մի սրբազան բանի ծառայեցնելու կամ զոհելու միջոց։
Յաղթում է նա ով իր մէջ բնութիւնը ոգուն ենթարկելու աստիճան զօրաւոր է։ » Ահա այսպէս Նժդեհը կը նկարագրէ հերոսը, ան կածես կը նկարագրէ Սիմոնին Վաչէին Արային Սեդրակին եւ Սագորին։
Այսօր երբ աշխարհը եւ օրուան դաւադիր իշխանութիւնը մեզի կը փորձէ համոզել թէ մենք սողացող ու տկար ազգ ենք, եւ միայն այդպէս կարելի է գոյատեւել որպէս հայ որպէս Հայաստան, պէտք է եւ պիտի յիշենք յատկապէս Լիզպոնի տղոց յանդգնութիւնը, համարձակութիւնը քաջութիւնը եւ խրոխտութիւնը։ Եթէ մենք Լիզպոնի երիտասարդներու ձեւակերպած հոգեբարոյական գործնական կերպարէն կաթիլ մը իսկ գտնենք մեր սրտին, մտքին ու խղճին խորքը, մենք փրկուած ենք։
Լ.Ե.Մ.-ի կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին այցելեցինք նաեւ Այնճար, ուր շրջապատեցուենք Սարգիս Զէյթլիանը պատուող փողոցներով շէնքերով ու արձաններով, այցելեցինք նաեւ Պետիկ Ինճէեանի շիրմաքարը, զինեալ պայքարի առաջին նահատակը զոհուած է մեր Փարիզեան ակումբէն ներս, խորհրդանշական պահ էր։
Խորհրդաժողովի ժամանակ արտացոլուեցան վերոյիշեալ բոլոր հարցերն ու մարտահրաւէրները։ Վերլուծութիւնը նոյնն էր, բեկումը մէկ է, հաւատանք եւ հաւատարմութեամբ վերադառնալով վրէժի աստուածներուն եւ իրենց կտակին որդեգրենք որպէս գործնական կանոն։ Ժամանակակից դարձնենք ու հանրայնականացնենք միաժամանակ վերադառնանք զէնքին, զոհողութեան արժէքին, Զէյթլեանի ճառերուն ու Նժդեհի գիրքերուն։
Ակնյայտ է որ կենսական կարիքը կայ նորօրեայ զարթօնքի։ Զարթօնքի համար պիտի ապաւինինք լիզպոեան հրդեհէն վառուած ջահին որ պիտի գրկենք մենք մեր վրայ,որպէս Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւն, որմով պիտի լուսաւորենք ժողովրդը, եւ որմով պիտի այրենք թշնամիին եւ կրկին պիտի ազատագրենք Շուշին։ Հասնելու մեր նպատակին եթէ պէտք է պիտի անհանգստացնենք միջազգային կազմակերպութիւնները եւ արեւելեան երկիրները, դադրինք ամէն տեսակի բարդոյթներէն՝ դադրինք քար ըլլալը իրենց կօշիկներուն, դառնանք փուշը իրենց աչքին։ՆԺԴԵՀ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՆԺԴԵՀ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
Ֆրանսայի «ՀՅԴ Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ատենապետ