կարևոր
3238 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-08-08 22:41
Արցախ Քաղաքական

Խմբագրական. Իրականացնելու Համար Արցախի Ինքնիշխան Եւ Անօտարելի Իրաւունք

Խմբագրական. Իրականացնելու Համար Արցախի Ինքնիշխան Եւ Անօտարելի Իրաւունք

Արցախի Ազգային ժողովի նոր նախագահի ընտրութիւնը քանի մը ուղղութեամբ կարեւոր հունաւորումներու վրայ լոյս կը սփռէ ինչպէս արտաքին, այդպէս նաեւ ներքին առումներով:

Ներազգային պարունակի մէջ, լուսարձակի տակ կ՛առնուէր Ազգային ժողովի միաւորումը կարեւորագոյն յայտարարութիւններուն եւ դիրքորոշումներուն շուրջ: Իբրեւ պետական օրէնսդիր հաստատութիւն Արցախի Ազգային ժողովը բազմաթիւ անգամներ փաստեց, որ գիտէ ջնջել ընդդիմադիր-իշխանամէտ բոլոր բաժանարար գիծերը եւ միաւորուիլ Արցախի անվտանգութեան եւ սահմանադրականօրէն ամրագրուած բոլոր բնոյթի իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին շուրջ: Հասարակութիւնը` նոյնպէս: Մեծածաւալ հանրահաւաքները եւ այնտեղ հնչած կարեւորագոյն միտքերը կը շեշտէին միաւորուած ըլլալու փաստը:

Ազգային ժողովի եւ հասարակութեան մակարդակներով ձեւաւորուած ամբողջական միաւորումը կարելի չէր վերագրել նաեւ գործադիրին: Նկատելի էր գործադիր-օրէնսդիր ոչ միայն ոճային, այլ նաեւ քաղաքական դիրքորոշումներու, յատկապէս Երեւանէն հնչած զիջումնային յայտարարութիւններու նկատմամբ հակազդեցութեան տարբերութիւններ: Կը թուի, որ այդ ճեղքերու աղիւսումն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Բնական է, որ ընդհանրապէս պետական-քաղաքական կեանքին մէջ տարբերութիւնները ակներեւ ըլլան օրէնսդիրի եւ գործադիրի պարագային:

Արցախի պարագային այդ տարբերութիւններու տեսանելիութիւնը օրինաչափ չէր: Մանաւանդ երբ Արցախի Սահմանադրութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, Արցախի հայապատկանելիութեան ուղղութիւններով ոտնձգական յայտարարութիւններ կը կատարուէին եւ ուղղակի քննադատութիւն կը հնչէր Արցախի ոչ միայն պետական համակարգին, այլեւ ամբողջ հանրապետութեան կայացման սկզբունքներուն դէմ:

Հիմա կը թուի, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ կատարուած առաջարկով սկզբունքային այդ կէտերուն շուրջ կը միաւորուի Արցախը, Ազգային ժողովի նոր նախագահով:

Այս բացարձակ եւ ամբողջական միաւորումի կարեւորագոյն այս նախադրեալները կրնան նախանշել, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնական գիծի երկրորդ բաղադրիչին այս առումով բացարձակ լրումն է, որ կ՛արձանագրուի:

Մնացեալը երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ իշխանական մեծամասնութիւնը կ՛առաջադրէ ընդդիմադիր ներկայացուցիչին թեկնածութիւնը, թէ ընդդիմադիր կարգավիճակ ունեցող Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ այս ձեւով քաղաքագիտական ի՞նչ կարգավիճակ կ՛ունենայ եւ այլն: Փաստը աւելի խորքային է, աւելի հրամայական: Արցախը Ազգային ժողովի ներկայ նախագահով իր սահմանադրական իրաւադրոյթներուն տէր կանգնելու յանձնառութիւնը կը վերանորոգէ եւ հայկական աշխարհին ուղերձ կ՛ուղարկէ իրեն նման ամբողջովին միաւորուելու:

Երեւոյթը ուրեմն, ոչ միայն Արցախի քաղաքական դաշտի վերադասաւորման նախանշային իմաստ ունի, այլ նաեւ Արցախէն կրնայ տարածուիլ հայկական աշխարհին մէջ` պարտադրելով համախմբումը, միաւորումը:

Քաղաքական իմաստով նախ յստակօրէն կը մեկնաբանուի այնպէս, որ Ազգային ժողովը, Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող մարմինը կը հեռանայ Երեւանի զիջումնային պարտադրանքներու ազդեցութեան դաշտէն: Առարկայական ըլլալու համար պէտք է յիշել թէ՛ ապաբռնագրաւման օրէնքը, թէ՛ տարբեր առիթներով Արցախի Ազգային ժողովի կատարած յայտարարութիւնները. մանաւանդ վերջինը` միջազգային հանրութեան դիմելու կոչը` «Ճանաչում յանուն փրկութեան» միջազգային իրաւաչափական սկզբունքին հիման վրայ:

Այսպիսով, նշաձողը կը վերատեղադրուի իր տեղը, եւ Ստեփանակերտը միակամ մերժած կ՛ըլլայ Երեւանի ճանաչումը Արցախին` իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս:

Պատասխան կայ այս բոլորին մէջ ուղղուած Ալիեւին եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին: Պաքուն առիթ չի փախցներ պահանջելու Արցախի բանակին զինաթափումը եւ պետական հաստատութիւններու ինքնալուծարումը: Պետական կարեւորագոյն հաստատութիւններէն օրէնսդիր մարմինը այսպիսով նոր գործառոյթներու եւ նախագահական հիմնարկին հետ աշխատանքները համակարգելու առաքելութիւն կը ստանձնէ: Միջազգային հանրութիւնն ալ կ՛իմանայ, որ գործ ունի գործադիր- ընդդիմադիր բաժանումները ջնջող, միաւորուած եւ իր ինքնորոշման իրաւունքին տէր կանգնող ժողովուրդը ներկայացնող պետութեան հետ, որ վճռած է անշեղ մնալ ազատամարտով կերտուած հանրապետութեան դաւանած բոլոր սկզբունքներու, արժէքներու եւ իրաւունքներու արցախեան երթէն:

Երեւանէն միջազգային ընտանիք, հասնելով Պաքու, այլեւս գործ ունին պետական համակարգի մը հետ, որ ընդունած է իր սահմանադրութիւնը`

«Ա.- Դրսեւորելով անսասան կամք` զարգացնելու եւ պաշտպանելու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ին ստեղծուած եւ 1991 թուականի դեկտեմբերի 10-ի հանրաքուէով անկախ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը,

Բ.- Հաստատելով հաւատարմութիւնը 1992 թուականի յունուար 6-ին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին Հռչակագիրի սկզբունքներուն,

Գ.- Կարեւորելով 2006 թուականին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դերը անկախ պետականութեան կայացման եւ ամրապնդման գործին մէջ,

Դ.- Զարգացնելով ազգային պետականութեան պատմական աւանդոյթները, ոգեշնչուած Մայր Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան` Արցախի ժողովուրդին զօրավիգ ըլլալու վճռականութեամբ,

Ե.- Հաւատարիմ մնալով հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու եւ արարելու իր նախնիներու երազանքին եւ վառ պահելով ազատութեան համար պայքարին ընթացքին նահատակուածներու յիշատակը,

Զ.- Իրականացնելով իր ինքնիշխան եւ անօտարելի իրաւունքը»:

Սահմանադրական այս իրաւադրոյթները վերստին լոյսին կու գան Արցախի Ազգային ժողովի նոր նախագահի ընտրութեամբ եւ Արցախէն անդին հայկական աշխարհին մէջ տարածուելու նոր ուղենիշներ կը փոխանցեն: Ամբողջովին միաւորուող Արցախը կը սպասէ միւս երկու բաղադրիչներուն ամբողջական միաւորումներուն:

aztagdaily.com