Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ակնարկելով համացանցի վրայ բացայայտուած «փաստաթուղթ»ին, Մայիս 20-ի կառավարութեան նիստի բացումին «վարչապետի պաշտօնակատար» Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, «Այո՛, ես այդ թուղթը ստորագրելու եմ։» Այս «թուղթի» ամբողջական բովանդակութիւնը ցարդ չէ հրապարակուած, կը մնայ գաղտնի։ Համացանցով հրապարակուած «փաստաթուղթը» որոշ պատկերացում մը կու տայ անոր էութեան մասին, ուր ի միջի այլ պայմաններու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պարտաւորուի Ատրպէյճանին յանձնել նոր հողաշերտեր եւ կատարել համապատասխան սահմանագծումներ։
Չակերտեցի «վարչապետի պաշտօնակատար» պիտակաւորումը, որովհետեւ Պրն. Փաշինեան հրաժարական ներկայացուցած ըլլալով դադրած է վարչապետ կամ վարչապետի պաշտօնակատար ըլլալէ։ ՀՀ Սահմանադրութեան հիմամբ, երբ վարչապետը կը հրաժարի, ան պաշտօնանկ կը դառնայ։ Կը դադրին իր բոլոր իրաւասութիւնները իբրեւ վարչապետ։ Սահմանադրութիւնը եւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Օրէնքը չեն արտօներ, որ ան շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ պաշտօնակատար կամ այլ հանգամանքներով։
Հետեւաբար, այսօր վարչապետական աթոռին բազմած անձը հակասահմանադրական ու հակաօրինական ընթացքի մէջ կը գտնուի։
Բայց շնորհիւ Հանրապետութեան նախագահի լռութեան եւ Ազգային Ժողովի մեղսակցութեան, ան կը շարունակէ ժողովուրդին ներկայանալ իբրեւ «վարչապետի պաշտօնակատար»։
Այս անօրինականութեան վրայ Պրն. Փաշինեան հիմա կու գայ բարդելու նոր հակասահմանադրական արարք մը։ Ան գիշերուան մութին մէջ գաղտագողի կը բանակցի թշնամիին հետ, հողային ու այլ զիջումներու կը համաձայնի, եւ ապա կառավարութեան նիստին կը յայտարարէ, թէ պիտի ստորագրէ այդ բանակցութիւններու հիման վրայ համաձայնուած «թուղթը»։
Իբրեւ հրաժարեալ վարչապետ եւ կառավարութիւն, «պաշտօնակատարի» հանգամանքը նման իրաւասութիւններ չի տրամադրեր Պրն. Փաշինեանին։ Իր հրաժարականին իսկ հիմնաւորումով, իր եւ իր կառավարութեան պարտականութիւնը սահմանափակուած է արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով։ Մինչեւ այդ ընտրութիւններու աւարտով նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, հրաժարեալ Պրն. Փաշինեան եւ իր կառավարութիւնը իրաւասութիւն չունին նոր ծրագրեր, վարքագիծ կամ պիւտճէ առաջադրելու։ Իբրեւ գործակատարներ, անոնք կրնան հետամուտ ըլլալ միա՛յն պետական բաժանմունքներու ընթացիկ գործերու կատարման։
Սակայն, ինչպէս իր ողջ գործելաոճը կը վկայէ, Պրն. Փաշինեան ամբարտաւանութեան եւ սնապարծութեան մարմնացումն է։ Ան հրաժարած է, բայց տակաւին կը հաւատայ ու կը գործէ իբրեւ վարչապետ։
Հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը չեն կրնար շարունակել զոհը դառնալ այսպիսի քաղաքականօրէն տհասի, դիւանագիտականօրէն անգէտի եւ ռազմականօրէն բանակի ծառայութենէն փախածի մը մեծամտութիւններուն։ Ժողովուրդին սրբազան պարտականութիւնն է կասեցնել ազգային վտանգ ներկայացնող անձնապաստան այս տիպարին – կասեցնել առանց ցնցումի՝ յառաջիկայ ընտրութիւններով, ի հարկին ցնցումով՝ ընտրութիւններէն առաջ, երբ ան շարունակէ իր կործանարար ընթացքը։
Միաժամանակ, եւ ժողովուրդէն առաջ, Հանրապետութեան նախագահին, Ազգային ժողովին, Դատախազութեան, Ուժային Կառոյցներուն եւ գործակատար նախարարներուն պարտաւորութիւնն է գէթ սահմանադրական ու օրէնքի ուժով զսպել այս կոկոզավիզ մարդը։
Այսպէս, Սահմանադրութեան Յօդուած 205-ը, «Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերով հանրաքուէները» բաժինով, կը տրամադրէ հետեւեալը.-
«1. Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով:
2. Սոյն յօդուածի 1-ին մասով սահմանուած դէպքում հանրաքուէ անցկացնելու վերաբերեալ որոշումը Կառավարութեան առաջարկութեամբ ընդունում է Ազգային ժողովը` պատգամաւորների ընդհանուր թիւի ձայների մեծամասնութեամբ:»
Իբրեւ «վարչապետ», «վարչապետի գործակատար» թէ պարզ քաղաքացի, Սահմանադրութեան Թիւ 205 Յօդուածը իրաւունք չի տար Պրն. Փաշինեանին կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային որեւէ փոփոխութիւն։ Նման փոփոխութիւն կարելի է բացառաբաղ՛ր հայրենի ժողովուրդի հանրաքուէի որոշումով։
Եթէ իր դաւադրական ընդյատակեայ համաձայնութիւններով Պրն. Փաշինեան հայրենի հողեր ծախու հանած է իր ի՜նչ ի՜նչ հաշիւներով, իր ստորագրելիք «թուղթ»ին համար ան նախ պէտք է հետեւի Սահմանադրութեան ճշդած ընթացակարգին.-
ա. Պրն. Փաշինեան պէտք է «թուղթը» ներկայացնէ «պաշտօնակատար» կառավարութեան։
բ. Կառավարութիւնը («պաշտօնակատար») պէտք է ընդունի այդ «թուղթը», այդ մասին «հանրաքուէ անցկացնելու» որոշում որդեգրէ եւ այդ որոշումը ներկայացնէ Ազգային ժողովին։
գ. Ազգային Ժողովը առաջադրուած հանրաքուէի որդեգրումը պէտք է կատարէ պատգամաւորներու ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ։
դ. Այդ «թուղթը» պէտք է հրապարակուի եւ հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ։
ե. Հանրաքուէով ժողովուրդն է, որ պիտի վճռէ ընդունիլ կամ մերժել այդ «թուղթը»։
Բայց Պրն. Փաշինեանի սովորական դարձած վտանգաւոր գործելաոճին խոտոր կը համեմատինն սահմանադրական այս տրամադրութիւններն ու ընթացակարգը։
Այս խոտորութեան համար նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, պատասխանատու եւ համարատու պիտի ըլլան Հանրապետութեան նախագահը, Ազգային Ժողովը, Դատախազութիւնը, Ուժային Կառոյցները, եւ իւրաքանչիւրը «գործակատար» նախարար, որոնք նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, մեղսակից կը դառնան Պրն. Փաշինեանի սահմանադրութեան ու օրէնքի տապալման։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս
Մայիս 22, 2021