Փոխարժեքներ
18 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.94 |
EUR | ⚊ | € 410.95 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8929 |
GBP | ⚊ | £ 486.63 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.52 |
Աղէտալի էր 2020 տարին:
Առանց խղճահարութեան եւ զղջումի կը բաժնուինք` 365 օրերը դարձեալ չտեսնելու հաւատքով:
Դառն եղաւ անցնող տարուան փորձառութիւնը: Արցախէն Հայաստան, սփիւռք, եւ հոս` Լիբանան:
Հարուած ստացաւ համայն հայութիւնը Արցախի մէջ եւ Հայաստանի: Ոչ ոք մեր կողքին կանգնեցաւ, ոչ մէկ ուժ յայտարարողական մակարդակէ անդին գործնական զօրակցութիւն ցուցաբերեց մեր հայրենիքին եւ հայութեան դէմ թուրքեւազրպէյճանական ցեղասպանական յարձակումին դէմ դնելու ճիգերուն:
Հայրենի ղեկավարութիւնը ժողովրդավարական նորօրեայ ըմբռնողութեամբ միանձնեայ մոլեգնութեամբ, թեթեւութեամբ դիմագրաւելով պատերազմը, անհեռանկար անձնատուութեամբ թշնամիին յանձնեց հայ երիտասարդներու արեամբ ազատագրուած Արցախը:
Պարտութեան մղուեցաւ հայութիւնը:
Նուազագոյնը` կասկածելի մեքենայութեամբ փորձուեցաւ տապարահար դարձնել համայն հայութեան երազը:
Վտանգուեցաւ նաե՛ւ Հայաստանը իր սահմաններով:
Մանաւա՛նդ վտանգուեցաւ իր գոյութիւնը, ապագան:
***
Տագնապահար է Լիբանանը:
Աննախընթաց տնտեսական, ելեւմտական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապ, քաղաքական միահեծան ղեկավարութեան անշնորհք վերաբերմունք, դրամատնային ընտրանիի եւ դրամատիրական ցեցերու շահագործում, համայնքային շահադէտ դրսեւորում, օրինակներ են միայն անցած եւ շարունակուող տագնապի երեսներուն:
«Քորոնա» ժահրը եկաւ յաւելեալ ծանրութիւն բեռցնելու քաղաքացիին ուսերուն:
Եւ չուշացաւ երրորդը` նաւահանգիստի պայթում-ոճիրը: Նոյն անհոգութեան, անտարբերութեան, անպատասխանատու վերաբերմունքի հետեւանք աղէտ, որ հարուածեց համայն Լիբանանը եւ իւրաքանչիւր լիբանանցի:
Պէյրութն ու շրջակայքը վերածուեցան դժոխքի:
Ու դժոխքի վերածուեցաւ նաեւ լիբանանցիին կեանքը:
Դարձեալ համատարած սարսափ, հիասթափութիւն եւ յուսալքում:
***
Այս ընդհանուր յուսաբեկումի մթնոլորտին մէջ կը դիմաւորենք Նոր տարին:
Հայու խիզախութեամբ, աննկուն կամքով, վերականգնելու վճռականութեամբ պիտի դիմաւորենք, պարտաւո՛ր ենք դիմաւորելու Նոր տարին:
Հայո՛ւ Նոր տարին:
Այլ ընտրանք չունինք:
Երբ որոշած ենք ապրիլ, գոյատեւել, պարտութիւնն ու անձնատուութիւնը ճզմել, նախ պարտինք մեր հոգիներէն դուրս շպրտել պարտուողականութեան որեւէ տուայտանք, տկարութիւն:
Չենք կրնար չապրիլ:
Չենք կրնար հոգիներու պարտութիւն դրսեւորել:
Բռնցքուելու պահն է:
Անհատներ կրնան պարտուիլ, նոյնիսկ պարտութեան առաջնորդել բանակներ:
Հայու կամքը, նահատակներու արիւնը, խիզախ մարտնչումն ու երկաթեայ բազուկը կը վերադարձնեն յաղթանակը:
2021-ը պէտք է ըլլայ յաղթանակի կերտման ճանապարհի առաջին փուլը:
Թէ՛ Լիբանանի մէջ, թէ՛ Հայաստանի:
Ցաւը մեր սրտին, կը դիմաւորենք Նոր տարին, ցաւը վերածելով զրահի եւ ուժի` կերտելու մեր ապագան, մեր բոլորի ապագան:
Մոմ եւ խունկ մեր նահատակներու յիշատակին:
Պատիւ հայութեան ամուր կամքի շէնքին խճաքար մը աւելցնող իւրաքանչիւր հայուն:
2021-ը թող ըլլայ հայութեան վերընձիւղման տարին:
Հայ մարդուն արիւնն ու քրտինքը գետին պիտի չմնան:
Իրաւունք չունինք ընկրկելու:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com