կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-11-02 23:27
Սփյուռք

ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր Բանակ»-ը Ի Սպաս ` Արցախի Համահայկական Կռիւին

ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր Բանակ»-ը Ի Սպաս ` Արցախի Համահայկական Կռիւին

Արցախի ճակատներուն վրայ հայկական բանակին եւ կամաւորական ջոկատներուն կողմէ մղուող հերոսական կռիւներուն կողքին, 27 սեպտեմբերէն ի վեր տեսակաւոր կռիւներ կը մղուին թիկունքը` հայկական «կամաւորական բանակ»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ցամաքամասէ-ցամաքամաս, երկիրէ-երկիր եւ քաղաքէ-քաղաք, հոն, ուր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպական միաւորներ կան, այնտեղ քարոզչական-ցուցական, դաստիարակչական-տեղեկատուական կռիւներու կը մասնակցին բազմահազար կամաւոր ՀՄԸՄ-ականներ` իրենց վարչական կազմերով, անդամներով, սկաուտ-մարզիկներով եւ համակիրներու լայն շրջանակով:

Այս հաստատումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, միութեան համահայկական կառոյցը ներկայացնող ատենապետներու առցանց ժողովը` մասնակցութեամբ 26 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու ատենապետներու, Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու:

Ժողովին բացումը կատարելով` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Արցախի պատերազմին նահատակուած չորս անձնազոհ ՀՄԸՄ-ականներու` եղբայրներ Գէորգ Հաճեանի, Գրիգոր Ղազարեանի, Արիկ Գալստեանի եւ Արտակ Մարտիրոսեանի անմեռ յիշատակը: Ապա, ան ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմական այս պահուն ՀՄԸՄ-ի ազգային-միութենական պարտաւորութիւնները` հանդէպ հայրենիքին ու ժողովուրդին: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը կատարեց գործնական շարք մը թելադրանքներ` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին միութեան շարքերը ամբողջական զօրաշարժի ենթարկելու եւ համահայկական մեր կռիւին ի սպաս դնելու համար:

Յատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան` ներկայացնելով պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ օրս ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղերուն կատարած աշխատանքները` Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքի սննդեղէնի, տնտեսական ապրանքներու եւ տաք հագուստներու օժանդակութիւն, նաեւ` Արցախէն Հայաստան ապաստանած 175 երեխաներու եւ պատանիներու (6-16 տարեկան) ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներու կիրարկում: Վարդանեան նշեց, որ այսօր մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ կը ծառայեն հայկական բանակին եւ ի հարկին չեն զլանար իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերելու յանուն հայ հողին եւ հայ կեանքին, հաւատարիմ` միութենական իրենց դաստիարակութեան եւ ազգային մեր գերագոյն նպատակներուն:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետին խօսքէն ետք, յաջորդաբար կարճ զեկուցումներ ներկայացուցին միութեան 25 շրջաններու ատենապետները, որոնք ընդհանուր գիծերով շեշտեցին, որ ՀՄԸՄ-ի «կամաւոր բանակը» այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, ոգի ի բռին մասնակից է մեր ժողովուրդի համահայկական կռիւին` իր աշխատանքները համադրելով հայկական դեսպանատուներուն, Հայ դատի մարմիններուն եւ հայկական համայնքներու պատասխանատու կառոյցներուն հետ: ՀՄԸՄ-ը ներկայ է գետնի վրայ կազմակերպուած բողոքի ելոյթներուն (ընդդէմ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանատուներուն), ներկայ է ընկերային ցանցերուն մէջ (դաստիարակչական, քարոզչական եւ տեղեկատուական լայն արշաւներով): Ներկայ է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագիրներուն մէջ («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ի նպաստ դրամահաւաքներով, Արցախի ու Հայաստանի կարիքներուն համար կատարուած հանգանակութիւններով եւ զանազան տեսակի ապրանքներու հաւաքման ու առաքման աշխատանքներով): ՀՄԸՄ ներկայ է հո՛ն, ուր ազգային պարտականութեան թելադրանք կայ, հայրենիքի ու հայութեան օգնութեան կանչ կայ` Սիտնիէն մինչեւ Մոսկուա, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, Մարսէյ, Միւնիխ, Սթոքհոլմ, Աթէնք, Հալէպ ու Պէյրութ:

Զեկուցումներու աւարտէն ետք, առցանց ժողովի վերջին բաժինով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտարարեց, որ առ ի զօրակցութիւն հայկական բանակին` աշխարհով մէկ միութիւնը կը ձեռնարկէ հայ զինուորներուն հասցէագրուած նամակարշաւի մը: Ան նաեւ շեշտեց, որ ՀՄԸՄ իր 102-ամեակի այս տարուան տօնակատարութիւնները նոյեմբեր 15-ին կը յատկացնէ Արցախի համար զոհուած հայութեան նահատակներուն ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ի հին ու նոր անմահ հերոսներուն յատկապէս:

Իբրեւ գործնական աջակցութիւն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կատարած ժողովրդանուէր աշխատանքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտարարեց 10 հազար ամերիկեան տոլարի յատկացում` Հայաստանի միաւորին: Ան աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ական նուիրատու մը իր կարգին 10 հազար տոլարով կ’աջակցի գաղթականներու եւ արցախցի պատանիներու յատուկ ծրագիրներուն: Նուիրատուութիւններու խոստումներ կատարեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ շրջաններ` վերահաստատելով օրհասական այս օրերուն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ճամբով հայութեան եւ անոր յաղթական կռիւին տէր կանգնելու ՀՄԸՄ-ական իրենց յանձնառութիւնը եւ համահայկական կամքն ու վճռակամութիւնը:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

aztagdaily.com