Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Տարուան մը ակամայ ուշացումով, Ուրբաթ, 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6.15-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը՝ բացման արարողութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, անդամներ՝ Դաւիթ Յակոբեան, Օշին Փիրումեան, Տիրան Վահրատեան, Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ Իրաքի եւ Պուլկարիոյ դեսպաններու ներկայացուցիչներ։
Բացման արարողութիւնը ընթացք առաւ բանակողներու հանդիսաւոր կերպով բանակավայր մուտքով։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 30 շրջաններէ եւ Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններէն 750 բանակողներ կարգապահ շարքերով իրենց տեղերը գրաւեցին դրօշակի կայմերուն դիմաց։ Զգալի էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի սկաուտներուն բացակայութիւնը։ Բոլորը միտքով ու հոգիով այդ պահուն բանակումէն զրկուած Արցախի սկաուտներուն հետն էին։
Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ Հայաստանի, Արցախի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական եւ բանակումի քայլերգներով բարձրացան Հայաստանի, միջազգային սկաուտութեան եւ բանակումի մասնակից շրջաններու երկիրներուն դրօշները։ Հանդիսութիւնը վարեց բանակումի հերթապահ եղբ. Արամ Գայսէրեան, Արեւելեան Մ. Նահանգներէն։
ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՄԲԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ
Բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Պօղոս Մահպուպեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ վերջին չորս տարին աշխարհը եւ հայ կեանքը հարուածած տագնապներուն։ Ան նշեց քորոնայի համաճարակը, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական վաստակաւոր անդամներու կորուստը։ Եղբ. Մահպուպեան անդրադարձաւ նաեւ բանակումէն Արցախի սկաուտներու բացակայութեան երեւոյթին եւ ըսաւ. «Դժբախտաբար, այսօր մեզի հետ չեն մեր շատ սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի տարազաւորները, որոնք անհամբեր կը սպասէին միանալու, ծանօթանալու եւ յիշատակելի պահեր ապրելու մեր բոլորին հետ։ Անոնք ակամայ բացակայ են, որովհետեւ 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր շրջափակուած են եւ ծանր պայմաններու տակ կը փորձեն ապրիլ եւ գոյատեւել։ Թէեւ ֆիզիքապէս իրենց հետ չենք, բայց իրենց ապրած դժուար պայմանները կ’ապրինք հոգեպէս»։
Ապա, բանակումի ընթացքին մասին խօսելով, եղբ. Պօղոս Մահպուպեան ծանօթացուց ընդհանուր յայտագիրը եւ ըսաւ. «Միասնաբար պիտի անցընենք անմոռանալի օրեր, կազմենք յիշատակներ, որոնք մեզի պիտի ընկերակցին տարիներ: Մենք՝ խմբապետական կազմ եւ գործադիր մարմին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի օժանդակութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ մեր լաւագոյնը ըրած ենք եւ պիտի ընենք, որպէսզի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումը եւս ոսկեայ տառերով արձանագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութեան մէջ»։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շնորհիւ Հայաստանի մէջ կրկին կը միաձուլուին Սփիւռքի եւ հայրենիքի սիրտերը։ Մենք դարձեալ կարելիութիւն կ’ունենանք միասին անցընելու սկաուտական աւիւնով եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն, ստեղծագործ օրեր։ Այնքան ուրախալի է բանակավայրին մէջ տեսնել աշխարհի չորս անկիւններէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ’այցելեն եւ այսուհետեւ իրենց հոգիին մէջ կը կրեն հայրենիքի լոյսն ու արեւը, համն ու հոտը, սէրն ու ջերմութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետը ցաւով անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի սկաուտներուն բանակումէն բացակայութեան երեւոյթին։ Ան ըսաւ. «Թշնամական շրջափակումի պատճառով այսօր Արցախի մէջ ծանր իրավիճակ է։ Կը սպառին սննդեղէնի եւ կենսական անհրաժեշտութեան վերջին պաշարները։ Այսօր, աւելի քան երբեք, Արցախը մեր սատարումին եւ օգնութեան կարիքը ունի։ Երբ բանակումը աւարտի եւ բանակողները իրենց երկիրները վերադառնան, իւրաքանչիւրը թող պատմէ Արցախի մասին եւ ամէն միջոց ի գործ դնէ Արցախի փրկութեան համար։ Փառք ու պատիւ այս օրերուն աննկուն պայքարի մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Մեր խոնարհումը եւ յարգանքը իրենց։ Մենք երբեք առանձին չենք ձգեր զիրենք»։
Այնուհետեւ, իր խօսքը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի բանակողներուն ուղղելով, քոյր Սանտրա Վարդանեան ըսաւ. «Այսօր ձեր շարքերուն կրնային գտնուիլ մեր այն եղբայրները, որոնք նահատակուեցան յանուն հայրենիքի, յանուն Արցախի ազատութեան։ Եւ այսօր մեր պարտքն է իրենց ոգեղէն ներկայութիւնը զգալ մեր կողքին, ընել կարելին՝ բանակումին պատշաճ կազմակերպման եւ իրագործման համար։ Թող մեր եղբայրներու հոգին փառաւորուի մեր նուիրումի եւ ազնիւ աշխատանքի շնորհիւ»։
ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԽՕՍՔԸ
Յաջորդ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Ան նկատել տուաւ, որ «Նշանաբանները երբեք պատահական ընտրութեան արդիւնք չեն եղած, որովհետեւ անոնք իրենց մէջ խտացուցած են իւրաքանչիւր բանակումի նպատակը»։ Քոյրը ներկայացուց բանակումին նշանաբանը՝ «Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ»ը եւ փոխանցեց անոր իմաստն ու խորհուրդը. «Խրոխտ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտը, երբ հպարտութեամբ կը տողանցէ հայրենիքէն դուրս, կամ Երեւանի պողոտաներուն վրայ։ Խիզախ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտը. փաստը՝ բանակավայրին մէջ ծաղկող «Խիզախներու Պուրակ»-ն է, որ խորհրդանիշն է գերագոյն քաջութեան եւ անձնազոհութեան երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու, որոնք արիաբար նետուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին՝ դառնալով գերագոյն զոհողութեան օրինակելի տիպարները։ Միշտ պատրաստ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտը։ Պատրաստ է ծառայելու, պատրաստ է օգնելու, պատրաստ է աշխատելու»։
Ապա, քոյր Թալին Օրտողլեան արտայայտուեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու կարեւորութեան մասին եւ շեշտեց, որ «համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումները կը պարգեւեն եզակի առիթը մէկտեղելու աշխարհի չորս ծագերէն հասած հարիւրաւոր սկաուտներ, որոնք թէեւ զիրար չեն ճանչնար, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին ներքեւ անոնք կը բարեկամանան, կը մտերմանան եւ անքակտելի կապեր կը հաստատեն իրարու հետ. կապեր, որոնք կը մնան հաստատ՝ անտեսելով զիրենք բաժնող հազարաւոր մղոնները»։ Այս առիթով, իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, օգտուեցէ՛ք ձեզի ընծայուած այս եզակի առիթէն, որմէ զրկուած են ձեզի նման հազարաւոր հայ պատանիներ. ուրախութեամբ եւ հաճոյքով վայելեցէ՛ք այս անկրկնելի պահերը, եւ վերջապէս, հպարտութեամբ բարձրաձայնեցէք եւ գործի վերածեցէք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին նշանաբանը՝ «Խրոխտ, խիզախ, միշտ պատրաստ»ը»։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Բացման հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Ան ըսաւ, որ «Այս բանակումը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը կազմակերպուի քորոնայի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք եւ համաշխարհային քաղաքական, ընկերատնտեսական բարդ պայմաններու մէջ, եւ մանաւանդ՝ մեր հայրենիքի մէկ անբաժան մասնիկը կազմող Արցախի տակաւին շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ։ Արդ, բանակումը կը նշէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան, քաջութեան եւ պատրաստակամութեան ոգին, որուն լաւագոյն կրողները կը հանդիսանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները»:
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումներու պատմութեան անդրադառնալով յայտնեց, որ այս տարի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումները կը բոլորեն իրենց 45-ամեակը։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական առաջին բանակումը տեղի ունեցած է 1978-ին, Յունաստան, 226 մասնակիցներով։ Այս տարի կը լրանայ նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումներու Հայաստանի մէջ կազմակերպման 29-ամեակը, տրուած ըլլալով որ միութիւնը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իր բանակումները մայր հայրենիքի մէջ կը կատարէ 1994-էն ի վեր։ Ցարդ կատարած է 8 բանակումներ, 6-ը իր սեփական բանակավայրին մէջ, որ 30 Հոկտեմբեր 2021-էն ի վեր ստացած է «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայր անունը, ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան երախտաշատ նախկին ատենապետին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ բանակավայրին ընդարձակման, վերանորոգման աշխատանքներուն եւ վերջին քանի մը բանակումներու կազմակերպման մէջ։
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ յատուկ ողջոյն յղեց բանակումի մասնակցութեան կարելիութենէն զրկուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի սկաուտներուն, երբ ըսաւ. «Արցախի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտները սկզբունքով այսօր մեզի հետ հոս պէտք է ըլլային, սակայն մեզի հետ չեն ֆիզիքապէս։ Մենք վստահ ենք, սակայն, որ անոնք մեզի հետ են հոգեպէս, միտքով ու հոգիով, ինչպէս որ Արցախը ներկայ է հոս գտնուող իւրաքանչիւր բանակողի հոգիին ու սրտին մէջ։ Մեր զօրակցութիւնը Արցախին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի մասնաճիւղի սկաուտներուն։ Յոյսով ենք, որ արգելքները շուտով կը վերանան եւ մենք կը հանդիպինք դարձեալ»։
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը խօսեցաւ սկաուտութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին եւ հաստատեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտությունը միշտ եղած է բարի ուժ՝ նպաստելով այն գաղութներուն, ուր կը գործէ ան, նպատակ ունենալով հայրենիքը, եւ օրինակ ունենալով հայ գիտակից եւ տիպար քաղաքացին, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, բայց միշտ՝ հայրենիքի շունչով»: Ուստի, իր խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Այս բանակումին նշանաբանը՝ «Խրոխտ, խիզախ, միշտ պատրաստ»-ը մարմնաւորելով դուք պարտականութիւնը ունիք զօրացնելու Սփիւռքի մեր գաղութները։ Ձեր նպատակը պիտի ըլլայ ոգեշնչել ուրիշները՝ հետեւելու ձեր առաջնորդութեան եւ գործօն ըլլալ՝ հասնելու համար ձեր նպատակին: Ցոյց տուէք քաջութիւն՝ պաշտպանելու ճիշդը, հպարտացէք ձեր ժառանգութեամբ եւ միշտ պատրաստ եղէք օգնութեան ձեռք երկարել կարիքաւորին, հաւատարիմ՝ սկաուտական ձեր դաւանանքին եւ երդումին: Դո՛ւք, նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, ձեր նախնիներու նման, կրնաք ըլլալ դրական փոփոխութիւններու հզօր ուժ՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ճամբուն վրայ»:
Իր պատգամին աւարտին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը եւ յաջողութիւն մաղթեց բանակումի աշխատանքներուն։
Հուսկ, բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։