Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԱԶԴՈՒ ԳՈՐԾԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի տարբեր բնագաւառները համակող քաոսային պատկերը համակած է նաեւ դիւանագիտութեան վարչամեքենան եւ անոր կողքին բանող «ձեռքեր», որոնք իրողական անդամալուծութեան ենթարկուած են, մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան հրամայականները անտեսումի ենթարկուած են եւ գնդակ դարձած՝ թշնամիներու թէ բարեկամ նկատուողներու խաղադաշտերուն մէջ, Հայաստանի շահերուն հաշուեկշիռը կորուստի մատնուած է ըստ ամենայնի:
Յաճախ կը նշուի, թէ վերջին տասնամեակներուն, ռազմադաշտերու վրայ հայութեան իրականացուցած նուաճումները՝ Արցախեան պատերազմի յաղթական աւարտ, Ապրիլեան պատերազմ եւ անոնց միջեւ «կէտադրուած»ները չենք կրցած ապահովագրել ու ամրագրել քաղաքական գետնի վրայ, դիւանագիտութեան սեղաններու վրայ աւելի շատ կորուստ ունեցած ենք, քան ինչ որ պէտք էր, կարելի էր իրականացնել:
Անցեալի այս կամ այն փուլին, փորձերուն եւ իրագործումներուն մասին կարելի է երկար վիճիլ, մխիթարական կէտեր գտնել, մեղադրանքներ արձակել իրերայաջորդ իշխանութիւններուն, սակայն վերջին տարիներուն, անվիճելի փաստ է, որ պատերազմի դաշտին վրայ Հայաստանի կրած կորուստներուն չափ, եւ շա՜տ աւելի հեռահաս ազդեցութեամբ՝ ահաւոր կորուստ կրած ենք դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ: Մասնակի եւ յուսատու իրագործումներ «զեռոյական կէտ»ի հասած են, մինչեւ իսկ զեռոյէն վար ինկած…
Պատճառները բազմաթիւ են. կայ դիւանագիտութեան մանկապարտէզը չաւարտածներու պաշտօնի կոչուիլը՝ նախարարական ու դեսպանական մակարդակներու վրայ, հմուտ եւ փորձառու դիւանագէտներու վանումը՝ գործի դաշտերէն՝ քաղաքական ռազմադաշտերէն եւ այլն: Գլխաւոր պատճառներուն ցանկին վրայ կրնանք արձանագրել նաեւ յստակ ուղեգիծի մը բացակայութիւնը, որ Հայաստանը խաղալիք դարձուցած է այլոց ճամբու քարտէսներուն: Այս մօտեցումով ալ, յաջորդ վարչակազմին հիմնական առաքելութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ անմիջական շրջապատին եւ հեռաւոր աշխարհներու հետ ԳՈՐԾԱԿՑԱԿԱՆ նոր տարազի մը բիւրեղացումը, ըստ էութեան՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ պաշտպանութեան հեռանկարով ճամբու քարտէսի մը յստակացումը, քարտէս, որ պիտի չսահմանափակուի երէկի ու այսօրուան նեղ ծիրերուն մէջ, այլ, աւելի՛ կարեւորը՝ պիտի նայի դէպի անմիջական եւ հեռաւոր հորիզոններ:
Առաջադրուած ճամբու քարտէսը նման պիտի ըլլայ միակեդրոն օղակներով յառաջատուական ծրագիրի մը, որուն ներքին օղակը նկատի պիտի ունենայ այսօրն ու շատ մօտիկ անցեալը, իսկ հետզհետեէ լայնցող օղակները պիտի կազմեն մեր ՀՈՂԱՅԻՆ ԵՒ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՄԱՆ բոլոր պահանջները, իրականալի՝ փուլային ընթացքով, օղակ առ օղակ, հանգրուան առ հանգրուան: Ասիկա պիտի կոչուի ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ (ինչպէս յիշեալ միւս ոլորտներուն պարագային), որուն հիմնական յատկանիշը պիտի ըլլայ հետեւողականութիւն, աննահանջութիւն եւ ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ:
Աւելորդ է նշել, որ ընդհանուր ծրագիրը պէտք է մշակել այնպիսի հեռատեսութեամբ եւ հեռանկարներով, որոնք նկատի ունենան Հայաստանի անմիջական շրջապատին եւ աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր ափերու զարգացումները, հաւանականութիւններէն բխող ընտրանքները, այնքան մը՝ որ մինչեւ իսկ եթէ այսօրուան իշխանաւորը ի վերջոյ հասնի 9 Նոյեմբերի յայտարարութենէն աւելի՛ վատ համաձայնագիրի մը ստորագումին, հեռահաս ծրագիրը հաշուարկէ նման ձախաւերութիւններ պատռելու եւ ամէնէն ծանր նահանջներէն ետդարձ ընելու, արդարութիւնը տեղ հասցնելու ընտրանքները: Սա աւելի՛ն է, քան ինքնասրբագրումը:
ԹՇՆԱՄԻ, ԲԱՐԵԿԱՄ, ԴԱՇՆԱԿԻՑ
Դիւանագիտական աշխատանքի ճամբու քարտէսին մշակման համար, հիմնական է սահմանել եւ վերասահմանել մեր հայրենիքին, ազգին բոլոր իրաւունքներն ու արդար պահանջները, դարակներէն դուրս բերել մեր իրաւունքներուն եւ աշխարհագրական սահմաններուն արմատները: Այսինքն՝ պէտք է, սկսելու համար՝ մենք մեր աչքին եւ գիտակցութեան առջեւ կազմենք ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐԸ, մեր իրաւունքները հաստատող հին ու նոր խաղաթուղթերը, որպէսզի նաեւ ճշդենք, թէ որո՞նք են այսօրուան ու վաղուան հնարաւորութիւնները:
Տեղ մը ակնարկութիւն ըրինք, որ այս իշխանութիւնը ո՛չ միայն ձեռքէ հանած է կարեւոր խաղաթուղթեր, մսխած՝ անցեալ տասնամեակներու իրագործումները, այլ դարձած է Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքները մոռացութեան մատնող փաստաթուղթեր սեղան նետողը: Բնականաբար այս բոլորին կիզակէտը Արցախն է ու կը մնայ, սակայն նաեւ վերջին տարիներուն, կորստաբեր վազքը տարածուած է նոյնինքն Հայաստանի վրայ:
Ստեղծուած է իրավիճակ, որուն մէջ, անորոշութեան մատնուած են թշնամի, բարեկամ եւ դաշնակից հասկացութիւնները: Թուրքն ու ազերին կը հրամցուին իբրեւ «դրապաշտ» դրացիներ, որոնք «նախկինները չեն», կարելի է անոնց հետ գործակիլ, ի հարկին… մոռնալ անցեալէն եկած «կարծրատիպերը», այսինքն՝ Ցեղասպանութիւն եւ հողային իրաւունքներ, պահանջատիրութիւն, Արարատ…: Երեւանցիներու «խաղաղասիրութեան» դիմաց, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան բանիւ եւ գործով, ամէն օր եւ երբեմն քանի մը ժամը անգամ մը հրապարակ կու գան հինաւուրց թշնամիի կեցուածքներով, գործնական քայլերով: Աւանդական եւ պատմաքաղաքական տուեալներէ հասած դաշնակիցին նկատմամբ՝ կը ստեղծուին հակակրանքի եւ անկէ հեռացումի քայլեր, յետոյ՝ դարձեալ անոր մերձենալու նշաններ ի յայտ կու գան: Բնական դաշնակիցներու հետ շահերու համակարգումի ընտրանքները չեն հետապնդուիր, իսկ բարեկամ նկատուածներու եւ զանոնք դարպասելու քայլերը կը մնան օդին մէջ կախուած, այնպէս՝ ինչպէս կ’ընէ ձկնորսը, երբ տակաւին ձուկ չէ որսացած, իսկ ձուկն ալ հասկցուցած է, որ ձկնորսին հաշիւները տեսական են եւ խօսքէ աւելին չեն խոստանար: Պեղելի ահագին հորիզոններ կան…
Աւելին. մեր իրաւունքները մասնատումի եւ աղճատումի կ’ենթարկուին. Ցեղասպանութեան նկատմամբ իրաւատիրութիւնը կը նետուի Սփիւռքի ուսին, Երեւանի իշխանութիւնը իրողապէս, փաստացի ապացոյցներով կը հասկցնէ, թէ այդ հարցը իր օրակարգին վրայ չէ: Արցախի թղթածրարէն ալ ձեռք կը լուացուի, երբ Արցախը կը ճանչցուի իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը, Ազրպէյճանին նոր նուէրներու խոստում կը հրապարակուի պաշտօնապէս (սահմանամերձ կղզեակները): Աւելի քան 6 ամիս պաշարման ենթարկուած Արցախը դուրս ինկած է Երեւանի իշխանաւորներու օրակարգէն (ինչպէս որ «օրակարգէ դուրս են» գերիները), Երեւանն ու Ստեփանակերտը կը խօսին բոլորովին տարբեր լեզուներով (կարելի՞ է այսօրը բաղդատել Արցախեան Շարժումի առաջին փուլերուն հետ, երբ «միացում»ը, ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումն ու պատմական սխալներու սրբագրումն էին հիմնական օրակարգը): Մինչեւ իսկ կարգ մը բարեկամներ ու դաշնակիցներ մերթ ընդ մերթ աւելի՛ շահագրգռութիւն ցոյց կու տան մեր իրաւունքներուն պահպանման ուղղութեամբ, քան Երեւանի ղեկին նստողներն ու զանոնք հովանաւորող «կնքահայրերը»:
ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ
Այս ու նմանօրինակ իրականութիւններու դիմաց, եւ անոնց ահաւոր հետեւանքները դարմանելու, նոր արհաւիրքները կանխարգիլելու նպատակով, նոր վարչակազմին քաղաքական եւ դիւանագիտական մասնագէտներէն՝ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ճշմարտութեանց, միջազգային օրէնքի, միջազգային յարաբերութեանց եւ հեղինակաւոր կազմակերպութեանց հետ վարուելու հմտութիւն ունեցողներէ կը սպասուի կազմել ճամբու քարտէսին այս կենսական բաժինը:
Հայաստանի վնաս բերող, թշնամիներուն ջաղացքին ջուր բերող կիսատուեալներու կառչելու փոխարէն (կիսատուեալ մըն է, օրինակի համար, Ալմա Աթայի յայտարարութիւնը, որուն հանդէպ Հայաստան առաջին օրէն բարձրաձայնած է իր վերապահութիւնները, այլ կիսատուեալներ են թշնամիին հաշիւներւն համապատասխանող անվաւեր քարտէսներ), դիւանագիտական ճամբու քարտէսը պէտք է նկատի ունենայ այն փաստաթուղթերը, որոնք աւելի՛ արդար կերպով տեսած են եւ կը պաշտպանեն Հայաստանի ու հայութեան շահերը, փոշիները պիտի սրփեն կամայական որոշումներու եւ դասաւորումներու վրայէն: Ի հարկին, պէտք է երթալ մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիները, քիչ մըն ալ աւելի՛ ետ, փաստագրելու՝ որ հայութեան պատմական իրաւունքները ինչպիսի՛ համաձայնագիրներու վրայ հիմնուած են, կամ թէ գոյացած համաձայնութիւնները եւ ամրագրուած փաստաթուղթերը ինչպիսի՛ քմահաճ շահերու հետեւանքով կորսուած կամ մոռացութեան մատնուած են, Հայաստանին պարտադրուած են անարդար եւ պատմութիւնը դրժող պայմաններ: Աւելի մօտիկ անցեալը աչքի առջեւ ունենալով՝ ինչո՞ւ դարակը նետել Մինսքի խմբակին տարիներուն աշխատանքին արդիւնքները (գիտենք, որ վախճանական տեղ չեն հասած, սակայն բաւական շօշափելի արդիւնքներ արձանագրած են), միջազգային խորհրդաժողովներու հաստատումները, Արցախի հողային եւ ինքնորոշման իրաւունքները ճանչցող երկիրներու, կազմակերպութիւններու եւ համախմումներու որոշումները, Ազրպէյճանի բռնադատութիւններն ու ոճիրները դատապարտող պաշտօնական յայտարարութիւնները: Դեռ քանի մը օր առաջ էր որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մերժուեցան Ազրպէյճանի անհիմն պահանջները, վերահաստատուեցան անցեալ տարիներու որոշակիօրէն արդար գիծերը: Ինչպէ՞ս կարելի է չհետապնդել Միջազգային Ատեանի վճիռին իրականացումը, երբ գիտես, որ եթէ գլուխդ քու եղունգովդ չքերես եւ սեփական շահդ, իրաւունքդ չպաշտպանես, դրսեցին, ան ըլլայ թշնամի, բարեկամ թէ դաշնակից, պատրաստ է գլո՛ւխդ խուզելու, մինչեւ իսկ գլխատելու, լաւագոյն պարագային՝ իր շահերուն դիտանկիւնէն վարուելու հայրենիքիդ հետ: Ինչո՞ւ նեղսրտիլ բարեկամէ ու դաշնակիցէ, երբ պաշտօնապէս կը ձայնակցիս թշնամիին պահանջներուն, բացայայտ նախապայմաններուն, միաժամանակ՝ բարեկամներու հետ գործակցաբար եւ համախոհութեամբ ձեռք բերած արդիւնքներդ՝ քու ձեռքովդ հովին կու տաս, ձայնակից կ’ըլլաս թշնամիին ամէնէն վնասարար տեսակէտներուն…
Միջազգային շրջանակներէ ձեռք բերուած նորագոյն՝ վերջին տասնամեակներու խաղաթուղթերուն կողքին, կան յաջորդ օղակին խաղաթուղթերը: Անոնց ալ տիրութիւնը կ’իյնայ մեր ուսին, որովհետեւ ո՛չ մէկ օտար պիտի ուզէ յանձն առնել զբաղիլ անոնցմով, եթէ մենք հրաժարինք անոնցմէ: Նորագոյն փաստը այն եղաւ, որ Արցախին երես դարձնելու Երեւանի իշխանաւորներուն պաշտօնական յայտարարութիւնները լայն ժպիտներով ծափահարուեցան անո՛նց կողմէ, որոնք նախապէս կը խօսէին ինքնորոշման եւ զուգահեռ իրաւունքներու մասին: Չբանանք այլ երես մը, յիշեցնելու, որ «Արցախի մասին բանակցելու իրաւունք չունիմ», «Ստեփանակերտը այսուհետեւ պարտի ուղղակի բանակցիլ Պաքուի հետ» ըսողը ո՛չ միայն այլանդակ բանակցութիւններ ունեցաւ եւ կը շարունակէ Ազրպէյճանի հետ, այլ նաեւ անոր հետ կնքեց 9 Նոյեմբերը, կայացուց բերանացի համաձայնութիւններ, յետոյ ալ առանց Ստեփանակերտի կարծիքը հաշուի առնելու՝ Արցախը ճանչցաւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ փորձեց համոզել, որ միշտ ալ այդպէս եղած է, հայկական այլ հողամասեր ալ «ազերիապատկան եղած են», վաղը կարգը կրնայ հասնիլ… Սեւանին եւ Երեւանին:
ՀԱՅԴԱՏԱԿԱՆ
Կազմուելիք ճամբու քարտէսը անշո՛ւշտ որ պիտի կրէ «ՀԱՅԴԱՏԱԿԱՆ», պահանջատիրական կնիք, եւ լա՛ւ է որ այդպէս պիտի ըլլայ: Այս կենսական ծրագիրին հիմամբ է որ պիտի վերաբացուին բարեկամին ու դաշնակիցին հետ բանակցութեան նոր դուռները, սակայն ո՛չ՝ զեռոյական կէտի տրամաբանութեամբ: Պատմական եւ իրաւական փաստերու հիմամբ, քաղաքավարօրէն մուրճի հարուածներ պիտի իջեցնենք Պլինքըններէն մինչեւ Մաքրոններու, Փութիններու, Շարլ Միշէլներու, Պորէլներու, Ուրսուլաներու, Քլաարներու եւ այլ ազդու դէմքերու գլուխներուն, ո՛չ թէ զանոնք թշնամացնելու եւ աւելի եւս վանողական-ձեռնածալ կեցուածքներ հնձելու նպատակով, այլ զանոնք հրաւիրելու իրենց պատասխանատութիւնները, ԻՐԵՆՑ ԻՍԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ իրականացնելու: Փոխանակ այս «զօրակայան»էն միւսը աննպատակ, անծրագիր վազելու եւ օրէ օր աւելի՛ ձեռնունայն դառնալու, պէտք է հետապնդել ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՈՒԱԾ յարաբերութիւններու տարազ մը: Դիւրին բան չէ ասիկա, մանաւանդ արձանագրուած հսկայական նահանջներուն եւ աշխարհը յուզող ներկայի պայմաններուն մէջ, սակայն երբ ունիս հմտութիւն, ունիս մասնագէտներ եւ երկար շունչով կացութիւն շրջելու, ճիշդ ձեւով յարաբերելու ատակ գործիչներ, դրական շարժերը ընդմիշտ անկարելի չեն մնար: Դիւանագիտական աշխատանք տանողներ պէտք է իրազեկ ըլլան, որ պետական ու «միջնորդական» ամէնէն ազդու աստիճաններուն վրայ իսկ՝ կան… պատմութեան եւ արդարութեան պահանջներու անծանօթներ կամ զանոնք «մոռնալ» նախընտրողներ: Դրական արդիւնքի հասնելու գործը կը կարօտի դիւանագիտական բոլոր կարողութեանց լարումին, ներքին եւ արտերկրի ուժերուն համակարգուած աշխատանքին:
Չերազենք: Այս ծրագիրը ճամբայ պիտի չհանուի անմիջական եւ հեռահաս օղակները վաղն իսկ իրականացած տեսնելու պատրանքով, այլ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ մեր Դատին հետապնդումը պիտի դնենք ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ եւ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ հետապնդելու ճամբուն մէջ, ճամբայ, որուն երկայնքն ու լայնքը բնականաբար կախեալ պիտի ըլլան նախ՝ մեր հետեւողականութենէն, ապա նաեւ մեր շուրջ բարձրացող ալիքներու ազդեցութիւններէն. այս սիւնակներուն մեկնակէտին, ակնարկութիւն կատարած ենք այդ իրականութիւններուն, ընդգծելով, որ ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը մտահան պիտի ընենք զանոնք: Պիտի ամրագրենք պետական մեր մտածողութիւնը, այնպէս՝ ինչպէս որ իրենց պետական մտածողութիւնները ունին եւ անոնց վրայ կը հիմնեն իրենց մօտակայ եւ հեռահաս քայլերը՝ մեծ ու փոքր ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
ԹԵՒԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄ
Աշխարհին՝ մօտիկին ու հեռուին հետ յարաբերելու գործը, կրկնենք, պիտի ունենայ դրապաշտ մօտեցում: Եթէ թշնամիին ժխտողական եւ յարձակապաշտ կեցուածքները աղաղակող են, ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ ապաւինիլ «ժողովրդավարութեան պասթիոն ենք»ին ու «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ին: Կենսական է, որ Հայաստան իր յարաբերութիւններուն մէջ քայլ առ քայլ վերականգնէ օգտակար կամուրջները: «Կարելիին արուեստը» անժամանցելի հասկացութիւն է, եւ մեր շուրջը անցած-դարձածէն շատ բան ունինք սորվելիք, հետեւցնելիք (Կովկասէն մինչեւ Ծոց, Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ աւելի հեռուներ): Մեր պայմաններուն մէջ, վնասարար պերճանք է, այս կամ այն ուժին հետ բարեկամանալու ի խնդիր՝ հակադրուիլ կամ թշնամանալ այլ ուժերու:
Մեր իրաւունքներուն հետապնդումը պիտի ներգրաւէ լայն օղակներ, սկսելով արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ուղեկից անձնակազմերէն ու անցնելով դեսպանատուներէն եւ հիւպատոսարաններէն. անիկա պիտի ընդգրկէ Հայ Դատի գրասենեակներուն, մամուլին եւ նմանօրինակ՝ աշխարհատարած մեքենաներու ձեռքերը: Որքա՜ն կարեւոր է «պահարաններէ» դուրս բերել եւ գործի դաշտ վերադարձնել մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալին պետական մտածողութեան հասած դիւանագիտական ծառայութիւն մատուցողներ, ըլլա՛յ Եւրոխորհրդարանի, ըլլա՛յ ՀԱՊԿ-ի, ըլլան ՄԱԿ-ի, միջազգային այլ ոլորտներու եւ անհատ երկիրներու մէջ պաշտօնավարողներ, որոնց հիմնական յատկանիշը պիտի ըլլայ ԳՈՐԾԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ հիմամբ:
Մէկ խօսքով, դիւանագիտական մեքենան կը կարօտի ընդհանուր զօրաշարժի, որ լիարժէքօրէն գործի պիտի լծէ Հայաստանի շուրջ եւ աշխարհի տարածքին ուղղուած մեր ռատարները: Ազերիական ու թրքական ոտնձգութիւնները, ոճիրները անյապաղ եւ ուժգնօրէն պիտի հասնին բարեկամ ու գործակից պետութիւններուն, պիտի թափանցեն անոնց լրատուութեան դաշտերը, ի հարկին՝ հերթական մամլոյ ասուլիսներով, հրատապ հաղորդագրութիւններով ու աղաղակ բարձրացնող տեղեկագիրներով: Գործը կը պահանջէ «սեղան շրջելու» կամք ու տրամաբանութիւն, ինչպէս կ’ընեն մեզի ճակատագրակիցներ: Սա նաեւ կ’ենթադրէ ճակատագրակիցներու հետ կամուրջներու վերահաստատում, նորերու կառուցում:
Դիւանագիտութեան սերտ ուղեկիցը՝ մամուլը, տեղեկատուութեան մեքենան կարեւոր տեղ պիտի ունենայ ճամբու նոր քարտէսին մէջ: Հարց տանք: Քանի՞ նախարար կամ դեսպան, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար կանոնաւոր պարբերականութեամբ ասուլիսի հրաւիրած է օտար դիւանագէտներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ… Ընդհանրապէս մնացած ենք «ներհայեաց», այսինքն, հարցազրոյցներուն գլխաւոր լսարանը եղած է ներքին զանգուածը (հոն ալ՝ յաճախ իշխանաւորին ի նպաստ քարոզ կարդալու ոճով): Ալ ի՞նչ խօսք՝ աշխարհատարած հայութիւնը ԱԶԴՈՒ ԿՇՌՈՅԹՈՎ գործի վրայ պահելու ընտրանքներուն մասին, մինչդեռ ականատես ենք նաեւ հակառակին՝ վիհերու խորացման եւ «Ցեղասպանութեան ու հետեւանքներուն հետապնդումը Սփիւռքի ճիտին պարտքն է» կեցուածքին:
Լուսարձակ ապահովելու սահմանափակ նախափորձեր տեղի ունեցան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, երբ արեւմտեան այս կամ այն շրջանին մէջ հրապարակային ցոյցեր, ճամբայ փակելներ՝ լուսարձակները ուղղեցին դէպի Արցախ, բայց չունեցան երկար շունչ, մնացին անվաղորդայն, որովհետեւ, կրկնենք, չկար ՊԵՏԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ: Այս տողերը ո՛չ մէկ ձեւով կը նսեմացնեն եղածները, այլ կ’ուզենք շեշտել, որ «չլացողին կաթ չեն տար»ը ունի տարբեր կիրարկումներ եւ արտայայտութիւններ: Սա լալկանութեան ջատագովում չէ:
Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ, վերջերս նա՛եւ իշխանաւորներուն կողմէ բաւական սուր սլաքներ, քննադատութիւններ կ’ուղղուին Ազպէյճանին՝ անոր թշնամական արարքներուն, խաղաղութեան խափանման քայլերուն, մինչեւ իսկ նոր ցեղասպանութիւն հետապնդելու դիտաւորութիւններուն դէմ, սակայն միջազգային հասցէներու ուղղուած բողոքները կը շոգիանան եւ կը մոռցուին արեւը մայր մտնելէ առաջ իսկ, որովհետեւ «դրսեցիները» աւելի՛ հակամէտ են լսելու մեր… պարտուողական խաղաղասիրութեան արտայայտութիւնները: Միւս կողմէ, նկատեցինք, որ օտարներու շահերուն հասած վնասներ շարժում կը ստեղծեն օտար դիւանագէտներու եւ կարգ մը պետութիւններու մօտ, իսկ եւրոպացի դէտերու ձայնն իսկ չի լսուիր: Սա արդէն ցոյց կու տայ, թէ երբ մէկուն շահը վնասի կամ վտանգի կը մատնուի, արձագանգը կ’ըլլայ շա՛տ աւելի հնչեղ, քան… 120 հազար արցախցիներու հեղձամահ ըլլալը: Այս տողերով, բնականաբար կոչ չենք ըներ ոճրային ահաբեկչական քայլերու դիմելու եւ լուսարձակ շահելու, այլ որոնելու այլապէս ցաւցնող կէտեր, մասնաւորապէս մրճահարել, տարածել թուրք-ազերիին ոճրային դիտաւորութիւններու «վաստակը», որմէ վնասուողը միայն հայութիւնը չէ, անիկա վաղը կրնայ աւելի ծանր կշռել, քան… քարիւղը:
Դիւանագիտական բազուկին վերակազմակերպումն ու աշխուժացումը պէտք է իրականացնել այնպիսի մօտեցումով եւ հեռանկարով, որ մեր անմիջական եւ աւելի հեռաւոր ապագայի տենչերը աննահանջ ընմթացք գտնեն եւ իրականանան օղակ առ օղակ, վաղը, յառաջիկայ տարի, գալիք տասնամեակներուն, ներարկուի այնպիսի ճկունութիւն, որ արտաքին ալիքներու ազդեցութիւնները նուազին ու հակակշռուին արագօրէն, ինչպիսին են Թուրքիոյ ընտրութիւնները, Ուքրանիոյ տագնապը եւ անոր այս կամ այն ձեւով ելքը:
Դիւանագիտական աշխատանքն ալ (ինչպէս պատերազմ մղելը) յաճախ կը համեմատուի ճատրակ խաղալու, որ կը պահանջէ շրջահայեացութիւն, յաջորդ եւ ամենավերջին շարժումի հաշուարկ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ մրցումը յաղթանակով աւարտելու կամք, մինչեւ իսկ եթէ խաղը սկսած ես… սեւ քարերով: Այս յղացքով ու հեռանկարներով է որ կարելի պիտի ըլլայ բթաչափ առ բթաչափ վեր բարձրանալ այն վիհէն, որուն մէջ ինկած են Հայաստան-Արցախը, կամ կրնան նոր անկումներու ալ հասնիլ պարտուողական նոր համաձայնութիւններով, որոնց նախանշանները կը ցուցադրուին իշխանաւորին եւ գործակիցներուն կողմէ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5-24 Յունիս 2023