Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Հայե՛ր, միացէ՜ք, միացէ՜ք, հայե՜ր,
Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեա՛ն հասէք,
Դեռ ճամբայ ունինք…»
Ստեփանակերտի Վերածննդեան հրապարակը Կիրակի, 25 Դեկտեմբերին, անգամ մը եւս յորդեցաւ բազմատասնեակ արցախցիներով, որոնք մէկ բռունցք դարձած, բռունցքները ամուր պարզած, Ո՛Չ ըսին Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսելու (եւ տեսնողներու) բոլոր փորձերուն, վերահաստատեցին հայրենի հողին համար իրենց կեանքը զոհաբերած, ազերի բռնագրաւողներն ու բռնադատողները հայրենի հողէն վանած նահատակներուն պատգամին հաւատարմութեան ուխտը, կրկնեցին ու կրկնեցին՝ «Մենք հո՛ս ենք ու պիտի մնանք», միաժամանակ դատապարտելով բոլոր այն անտարբերները, որոնք 14 օրէ ի վեր կոյր ու խուլ կանգնած են Արցախի ամբողջական պաշարումի իրականութեան դիմաց:
Ծովածաւալ հաւաքը, որ ողողեց ամբողջ հրապարակը, նաեւ հոն տանող փողոցները, համախմբած էր բոլոր արցախցիները, անոնք ըլլային հրապարակին վրայ թէ մնացած՝ իրենց տուները: Հոն էին նաեւ Արցախով բաբախող ամէն հայ, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ, ըլլա՛յ Սփիւռքի չորս ծագերուն (ամօ՞թ կ’ըլլայ հարցնելը, թէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին քանի հոգի հետեւեցաւ հաւաքին): Արցախի դրօշակներուն կողքին, պարզուած էին տարբեր լեզուներով պաստառներ, որոնք կը դատապարտէին ազերիական ոճիրները, կոչ կ’ուղղէին զօրակցելու ո՛չ միայն պաշարումը վերցնելու, այլեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին ճանաչման արդար պահանջներուն:
Բեմին վրայ էին եւ խօսք առին թեմի Առաջնորդը, պաշտպանական միաւորներու, Հատրութի, Մարտակերտի ներկայացուցիչները, քանի մը երիտասարդներ (որոնք խօսեցան նաեւ ռուսերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով), պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան: Առաջին շարքերուն կանգնած էին այժմու եւ նախկին նախագահներ, քաղաքական եւ կուսակցական դէմքեր: Աւարտին, յանուն հաւաքին՝ հրապարակուեցաւ կոչ մը, որ խտացումն էր բեմէն հնչած խօսքերուն, պահանջներուն եւ ակնկալութիւններուն:
Ցուցական հաւաքը տեւեց մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ: Մեր այս սիւնակը տեղեկագրական բնոյթ չունի: Իւրաքանչիւր խօսք առնողին իւրաքանչիւր բառը արժանի է ունկնդրութեան (կարելի է համացանցի վրայ գտնել ամբողջութիւնը. https://youtu.be/3WxdC9zK5Ys): Հոս կ’ուզենք առանձնացնել մէկ քանի կէտ, որոնք պէտք է հասնին իւրաքանչիւր հայու միտքին ու քաղաքական կամքին: Իսկ եթէ ուզենք ըսուածները խտացնել քանի մը տողի մէջ, կրնանք խղճի ամենայն հանդարտութեամբ կրկնել «Հայե՛ր, միացէ՛ք… Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք…» սիրուած երգին բառերը:
Արտասանուած խօսքերուն մէջէն, կարմիր թելի պէս անցան քանի մը հիմնական գաղափար, մտածում, իրականութեանց վերյուշ.
– «Արցախը չէ եղած ու պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի մաս», «Արցախը հոս էր հազարամեակներ շարունակ, ինչպէ՞ս կրնար մաս կազմել հազիւ դար մը առաջ ծնունդ առած՝ շինծու Ազրպէյճանին»,
– «Աւելի քան 30 տարի առաջ, Արցախ բիւր զոհաբերումներով շահեցաւ եւ հաստատեց իր ինքնորոշման իրաւունքը, ազատագրուեցաւ եւ պետութիւն հիմնեց հայութեան ձեռքերուն միացումով, արցախցիին, հայաստանաբնակին եւ սփիւռքահայուն միասնութեան շնորհիւ»,
– «14 օրէ ի վեր, ազերիական պաշարումը եթէ անմիջականօրէն անմարդկային ոճիր է, անիկա կը քողարկէ աւելի հեռահաս եւ տարածուն ոճիր մը՝ Արցախի հայաթափումն ու վերջնական կորուստը»,
– «Բնապահպանութեան պատրուակով՝ յիշեալ յետին ծրագիրները հետապնդողները կը քողարկեն Պաքուի ոճրային ու ցեղասպանական դիտաւորութիւնները, որոնք շարունակութիւնը պիտի ըլլան աւելի քան դար մը առաջ Թուրքիոյ կազմակերպած եւ գործադրած Ցեղասպանութեան, իսկ եթէ իսկապէս բնապահպան են, թող երթան եւ Պաքուի եւ Սումկայիթի ապականած կենսոլորտը մաքրեն»,
– «Արցախի պաշարումը չսկսաւ 14 օր առաջ, այլ սկսաւ այն օրէն, երբ պարտութիւն կրեցինք 44-օրեայ պատերազմին եւ հսկայական տարածքներ, կեանքեր կորսնցուցինք, ապա կորսնցուցինք Բերձորն ու Աղաւնոն», «Աղաւնոն եւ այլ շրջաններ կորսնցուցինք սխալներու հետեւանքով»,
– «Մեր կորուստներուն համար, պէտք չէ բաւականանանք միայն արտաքին թշնամին տեսնելով, որովհետեւ ունինք նաեւ ներքին թշնամիներ» (յստակօրէն ակնարկուեցաւ, որ թշնամին մէկ է, այսինքն՝ թուրքն ու ազերին, սակայն քաղաքավարութիւնն ու քաղաքական հասունութիւնը թելադրեցին, որ յականէ-անուանէ չյիշատակուին «ներքին թշնամիները», այսինքն՝ Արցախէն ձեռք լուացող, զայն Ազրպէյճանի խնամատարութեան յանձնելու պատրաստուողները),
– «Մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ ազնիւ բաներու պաշտպան աշխարհը՝ կազմակերպութիւններ եւ մրցանակաւորներ ինչո՞ւ ձեռնածալ եւ անտարբեր կը մնան Արցախի ժողովուրդին դէմ գործադրուած այս ոճիրներուն հանդէպ, մինչդեռ Արցախը բոլորին աջակցութեան կը կարօտի», (չկրկնեցին բանաստեղծին խօսքերը. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»),
– «Պէտք է վերջ տալ թմբիրի մէջ մնալու վիճակին, պէտք է վերջ տալ խաղաղութիւն մուրալու ընթացքին» (ուղղակի արձագանգ՝ Երեւանի մէջ ամիսներ շարունակ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն հնչեցուցած «Զարթի՛ր Լաօ՛», եւ անուղղակի արձագանգ՝ Խրիմեանի «Երկաթէ շերեփ»ի կոչերուն),
– «Նահանջի տեղ չունինք, կառչած պիտի մնանք մեր հողին, ոչ մէկ զիջում ընդունելի է, յաղթանակը միակ ընտրանքն է»,
– «Բերձորի ճամբան սակարկութեան կամ քաղաքական խաղերու նիւթ չի կրնար ըլլալ», «(Իշխանաւորները) պէտք չէ խաբեն ժողովուրդը», «Ժողովուրդի թիկունքին համաձայնութիւններ պէտք չէ գոյացնել»,
– «120 հազար արցախցի, որոնց շարքին՝ 30 հազար մանուկ մատնուած են օրհասական վիճակի, ճամբան պէտք է վերաբանալ եւ զայն մի՛շտ բաց պահել, Ազրպէյճան պէտք է վերջ տայ զայն ճնշումի լծակի վերածելու իր խաղերուն»,
– «Ռուս խաղաղապահները ապաւէն են, պէտք է ապաւէն մնան»,
-«Միասնութիւն… միասնութիւն… միասնութիւն…» «Պայքար… պայքար մինչեւ վերջ»:
***
Կրնանք երկարել ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿէն բխած պատգամներուն, ախտաճանաչումներուն ու կոչերուն ցանկը: Խտացո՞ւմը. Արցախը կը կանչէ բոլոր հայերը, Արդարութեան եւ Իրաւունքի պաշտպան կանգնելու կը հրաւիրէ աշխարհը:
Կրնանք հետեւցնել. Արցախը դարձեալ բարձրացուցած է ազատագրումի դրօշը, ինչպէս ըրած էր աւելի քան 30 տարի առաջ (31 Հոկտեմբերի հաւաքի օրերուն, պաշարումը այսքան խիստ չէր, հիմա կ’ապրինք Արցախի պատերազմի սկզբնական օրերը): Առանց բառերը արտասանելու, յայտարարուեցաւ, որ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՐՑԱԽԷՆ, անկէ պիտի սկսի նոր յաղթարշաւը, սակայն կենսական է, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք վերամիասնութիւնն ու բռունցքներու միացումն ալ վերականգնին առաջին օրերու հետեւողութեամբ:
***
ՅԵՏ ԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հաւաքին մասին բաւական լայն հաղորդում կատարեցին Երեւանի լրատու աղբիւները: Անդին, ուշագրաւ էր (եւ երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր) իշխանութեան մօտիկ՝ Հ 1 կայանի ժամը 21-ի լուրերէն հաղորդուածը: Խօսնակը յայտնեց, թէ «բազմահազարանոց հաւաք» մը տեղի ունեցած է Վերածնունդի հրապարակին վրայ, խօսք առնողները (քանի մը հպանցիկ մէջբերում) կոչ ուղղած են միասնութեան, պայքարի, քննադատած են «կենսոլորտի պաշտպանները», կոչ ուղղած են արցախցիներուն, որ Արցախ վերադառնան եւ միասնական ըլլան (եւ նման «մաքրաջրուած», ձեւով մը՝ «գրաքննութեան» ենթարկուած հատուածներ): Այս բաժինը խլեց հազիւ 5 վայրկեան: Քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրուեցաւ նախընթաց օրերու իրադարձութեանց՝ ճամբուն փակման, օր մը առաջ կատարուած ցոյց-երթին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի խօսքերուն (ուր Ազրպէյճանը նստեցուցած էին իրողական ամբաստանեալի աթոռին եւ կոչ ուղղած էին Բերձորի ճամբան վերաբանալու):
Յետոյ, մօտաւորապէս 10 վայրկեան տեւողութեամբ տեղեկագրութիւն մը, թէ ինչպէս Ջերմուկը, ազերիական ծանօթ յարձակումէն շուրջ 3 ամիս ետք բաւականին վերականգնած է, տօնական մթնոլորտ կը վայելէ, զբօսաշրջիկներ կը սպասէ (ասոնք բոլորը բնականաբար ուրախալի բաներ են, սակայն ոչինչ ըսուեցաւ, թէ ազերիական զէնքերը կախուած կը մնան անոր բարձունքին): Վերջապէս, աւելի քան 8 վայրկեան տեւող տեղեկագրական լրատուութիւն կատարուեցաւ բանտերու վիճակին, վերանորոգութեան, բարեփոխման աշխատանքներու եւ արդիական ընդարձակ նոր բանտ մը կառուցելու ծրագիրին: Լրատուութեան ընդհանուր հատուածը մօտաւորապէս 50 վայրկեան էր:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Դեկտեմբեր 2022