կարևոր
2104 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-27 17:57
Քաղաքական

Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Գ. Մասնագէտներու կառավարութեան մը մեջ միացում

Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Գ. Մասնագէտներու կառավարութեան մը մեջ միացում

ԱՆՁԻ ՓՈԽԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԻ ՇՈՒՐՋ

Հայրենիքին ու ազգին փրկութեան միտող ամբողջական եւ ընդգրկուն ծրագիրի մը մասին խօսելէ առաջ, պահ մը կանգ առնենք իրողութեան մը վրայ, որ արգելակ մըն է (ոչ միակ արգելակը) նման ծրագիրի մը բիւրեղացման ճամբուն վրայ:

Հայաստանի մէջ (եւ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ՝ Սփիւռքի), կայ ինքզինք պարտադրող աւանդութիւն մը, որ յարատեւօրէն գլուխ կը բարձրացնէ, երբ ձախլիկ իշխանաւորները փոխարինելու ճիգերը որոշ հասունացում կ’ապրին: Մարդիկ կը սիրեն հարց տալ, թէ Ո՞Ր ԱՆՀԱՏԸ պիտի ըլլայ նոր առաջնորդը, որուն շուրջ պէտք է համախմբուին բոլորը: Եւ ամէն անգամ, երբ որոշ անհատի մը անունը քիչ թէ շատ ակներեւ կը դառնայ, մասնաւորաբար իշխանաւորներու եւ անոնց թմբկահարներու քարոզչական մեքենաները եւ (նմանապէս հինէն եկող) որոշ մտածելակերպ այդ անհատը կը դաձնեն քննադատութեան թիրախ, անոր կը փակցուին «հիներէն է», «անցեալին փորձուած է եւ բոլորը բաւարարող արդիւնքի չէ հասած» եւ այլ պիտակներ: Եթէ նման վերաբերմունք արձանգրուէր քաղաքականօրէն բնական պայմաններ ապրող երկրի մը մէջ, տեղ մը հասկնալի պիտի ըլլար, սակայն երբ նոյն «տրամաբանութիւնը» ինքզինք կը պարտադրէ կորուստէ-կորուստ գացող մեր հայրենիքին մէջ…

«Մարգարէին պատմուճանը» ժառանգելու հարցին շուրջ վէճը պէտք է վերջ գտնէ: Հայաստան հինգ տարիէ ի վեր, բայց մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ ապրած է այնպիսի՜ մաշումներ, որոնք եթէ հետեւանք են ՄԷԿ ԱՆՀԱՏԻ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ (անցեալն ալ անպարտ չէ), անդին, բոլորին խոստովանիլ կու տան, թէ այսօր չկայ անհատ մը, առանձնակի կուսակցութիւն մը, քաղաքական խմբաւորում մը, որ կարողութիւնը ունի միայնակօրէն իր ուսերուն վերցնելու փրկութեան ու վերականգնումի գործը: Եւ Դաշնակցութիւնը միակը չէ, որ կրկին ու կրկին կը բարձրաձայնէ այս պահանջը: Այս ուղղամիտ մտածողութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ ամբողջ Սփիւռքը: Յիշենք, որ այլ երկիրներ ալ երբեմն մատնուած են ճգնաժամային անդունդներու, որոնք հարկադրած են ըստ կարելւոյն միացնել բոլոր ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ձեռքերը, կարողութիւնները:

Բերենք ո՛չ-սովորական օրինակ մը (սովորական է օրինակ վերցնել ֆութպոլի խումբերն ու խօսիլ մարզիչին, բերդապահին, յետսապահին կամ յառաջապահին պատասխանատութեանց մասին, ձախողութեան պարագային «թնդանօթին բերանը» ղրկել այս կամ այն): Օդանաւորդութեան մէջ, ընդունուած օրէնք է, որ որոշ թիւէ աւելի ճամբորդ փոխադրող օդանաւ մը պէտք է ունենայ մէկէ աւելի օդանաւորդ, նաեւ համապատասխան թիւով անձնակազմ: Ռուսական «Անթոնով» օդանաւը այս իմաստով կը նկատուի օրինակելի ախոյեան մը, որովհետեւ զայն վարելու համար, օդանաւորդի խցիկին մէջ պէտք է ըլլան հինգ մասնագէտներ (տեսնել լուսանկարը) եւ մեծ թիւով անձնակազմ: Իսկ երկիրը մը վարելը, մանաւանդ՝ Հայաստանի ներկայ վիճակին մատնուած երկիր մը, պէտք ունի շատ աւելի մեծ թիւով «անձնակազմի», եւ այդ մասնագէտներուն միջեւ ներդաշնակ ու համերաշխ գործակցութեան: Ըսել կ’ուզենք՝ օդանաւ վարելը եթէ հաւաքական պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ, երկիր մը վարելը օդանաւ վարելու հետ չի բաղդատուիր, շատ աւելի մեծ լրջութիւն կը պահանջէ: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդէն կ’ակնկալուի վերջ տալ ԱՆՀԱՏԸ ԱՆՀԱՏՈՎ կամ միակ խմբակով մը ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ մտածողութեան, որոնել համերաշխօրէն գործող անհատներէ բաղկացած վարչակազմ մը (նոյն հարկադրանքը՝ նաեւ կուսակցութեանց եւ քաղաքական խմբաւորումներուն, որոնք կը ծնին ու կ’անէանան որոշ անհատի մը առանցքին շուրջ):

ՄԱՍՆԱԳԷՏ-ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄ

Արդէն հասանք մեր այս սիւնակներուն մէկ գլխաւոր կիզակէտին, այսինքն՝ շեշտելու, որ Հայաստանի փրկութեան համար, հրամայական է ԲՈԼՈՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ, ԳԻՏԱԿ ՈՒ ԲԱՆԻՄԱՑ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՄԱՏԵՂՄԱՆ, ԱՅԴ ՀԱՄԱՏԵՂՈՒՄԷՆ ԾՆԵԼԻՔ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ, որ պիտի գայ փոխարինելու այժմու անատակներու իշխանութիւնը, որ սիրողական իսկ չի կրնար նկատուիլ: Նման կազմի մը պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը պիտի ճշդուի դէպի բնականոնացում երթին արդիւնքով:

Վերջերս, երբ նման հարցերու մասին կը զրուցէի սրտակից բարեկամի մը հետ եւ այս մտածումը արտայայտեցի, բարեկամս ըսաւ. «Ըսածդ իտէալական է, սակայն իրականանալի չէ»: Չվիճեցայ հետը. հաւանաբար ընթերցողս ալ այս ընտրանքը պիտի գտնէ իտէալական, սակայն պէտք է նաեւ յիշէ, որ ցանկալի արդիւնքներու, ազնիւ նպատակներ իրականացնելու համար, ԻՏԷԱԼ-ը կենսական է: Իսկ թէ իտէալին ո՞ր բաժինը իրականութիւն կը դառնայ՝ արդէն շահը անկէ կը սկսի…

Նման կազմի մը յառաջացումը անկարելի բան չէ: Հայաստանի մէջ կան երկիր մը կառավարելու ատակ՝ բոլոր ասպարէզներու մասնագէտներ: Կան քաղաքական ու դիւանագիտական հեղինակաւոր ու փորձառու անձեր, կան զինուորականներ, ապահովութեան մասնագէտներ, տնտեսագէտներ, մշակոյթի մարդիկ (անոնց շարքին՝ կրօնաւորներ), պատմագէտներ, քարտէսագէտներ, Հայաստանի ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ մէջ հմուտ անձինք, միջազգային օրէնքէ եւ միջ-պետական յարաբերութիւններէ-գործակցութենէ հասկցողներ եւ այլն: Անոնք կը պատկանին այս կամ այն կուսակցութեան կամ խմբաւորումին, կրնան նաեւ որեւէ պատկանելիութիւն չունենալ, սակայն անպայման որ ունին մէկ հիմնական պատկանելիութիւն՝ կը պատկանին Հայրենիքի՛ն եւ կը դաւանին, որ հայրենիքն ալ իրե՛նց կը պատկանի: Նման մասնագէտներու մէկտեղումը ինքնաբերաբար երկրորդական կը դարձնէ, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ վարչապետը, այլ իւրաքանչիւր նախարար հաւասարապէս պատասխանատու պիտի զգայ ՄԵԾ ԳՈՐԾԻՆ, առանց տարուելու այն ծանօթ մտածումով, որ «բոլորին գործը ո՛չ մէկուն գործն է» (Every body’s business is no body’s business): Չմտնենք օրինակներու ոլորապտոյտին մէջ, յիշելու համար, որ արհաւիրքի մատնուած երկիրներ որոնած եւ գտած են ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ տարբեր ձեւեր, ինչպէս, օրինակի համար, վարչապետութիւնը փոխն ի փոխ վարելու ընտրանքը: Սա նաեւ մեզ կը հասցնէ այն կէտին, որ «հիներ-նորեր»ու հակադրութիւնը վերջ կը գտնէ, անիմաստ կը դառնայ նաեւ «երրորդ ուժ»ի մը սպասումը: Եւ գաղտնիք չէ, որ մեր հայրենիքը ունի նաեւ… ճատրակի վարպետներ: Ահա նման կազմի մը պիտի վստահուի հայկական շահերէ բխող ճամբու քարտէսի մը կազմութիւնը, հետապնդումը:

Երբ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ համախոհութիւն գոյացնեն հայրենիքի փրկութեան մարտահրաւէրը դիմակայելու ատակ մարդոց կազմի մը շուրջ, յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ, այսպէս կոչուած՝ քաղաքական «առաջնակարգ դէմքերու» (որոնք կրնան նուիրեալ եւ հայրենասէր գործիչ ըլլալ, սակայն ո՛չ մասնագէտ) մէկ քայլ ետ կանգնիլը, որպէսզի ԳՈՐԾԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ազատ մնայ մասնագէտներուն առջեւ: Սա չի նշանակեր, որ քաղաքական գործիչները, անոնք ըլլան կուսակցապետ կամ խմբաւորումներու ղեկավար անդամ, իրենք զիրենք պէտք է «հանգստեան կոչուած» զգան, այլ ընդհակառակը, իրենց անհատական եւ պատկանած կուսակցութեան-խմբաւորումին բոլոր կարողութիւնները դնեն ի սպաս միասնութիւնը մարմնաւորող վարչախումբին: Այս երկու համակեդրոն օղակները պիտի կազմեն առաջադրուած աշխատանքին կորիզը, յենարանը, մեկնակէտը:

Յաջորդ օղակները նոյնքան կենսական են: Իւրաքանչիւր ոլորտ իր դիմաց ունի այնպիսի վիթխարի, ամեհի՛ աշխատանք, որ չի կրնար իրականանալ կառավարող իտէալական վարչախումբով մը (անունը անշուշտ պիտի ըլլայ գործադիր իշխանութիւն, կառավարութիւն), այլ նախարարները իրենց կողքին պիտի ունենան ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԽՄԲԱԿՆԵՐ, սկսելու համար՝ «ուղեղներու հաւաք»ներ (Think tanks), որոնց առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ակնդէտ հետեւիլ ներ-հայաստանեան, շրջանային եւ աշխարհատարած զարգացումներուն, գործնական խորհրդատուութիւն պիտի կատարեն նախարարներուն, պիտի դառնան մասնագիտական աշխատանքի լծակից-գործակիցները: Հո՛ս ալ «ես այսպէս աւելի յարմար կը նկատեմ»ը պիտի դրուի սառնարան, եւ հայրենիքի փրկութեան համար անհրաժեշտ ՄԵՆՔ-ը պիտի ըլլայ տիրական:

Եւ այպէս՝ աշխատանքային խմբակներու օղակները քայլ առ քայլ ծաւալ պիտի գտնեն, պիտի տարածուին մայրաքաղաքէն մինչեւ մօտակայ եւ հեռաւոր քաղաքներ, գիւղեր, սահմանամերձ գօտիներ եւ հասնին… Սփիւռք: Մէկ խօսքով, Հայաստանը (որ կը ներառէ Արցախը) այս վիթխարի աշխատանքին մէջ մինակ պիտի չձգուի, այլ պահանջուած համախոհութիւնը պիտի տարածուի նաեւ Սփիւռքի վրայ, սփիւռքցի մասնագէտներ եւս պիտի ներգրաւուին գործին մէջ: Պէտք կա՞յ կրկնելու, որ Սփիւռքը մեր հայրենիքին մէկ յենարանն է ու լծակիցը: Սա ինքնաբերաբար կը նշանակէ, որ Հայաստան-Սփիւռք կապերը, յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պէտք է ցատկեն վերջին տարիներուն խորացուած խրամատներուն վրայէն, վերականգնին նախկին կամուրջները, կառուցուին նորեր: Պապանձումի պիտի մատնուին բոլոր այն իմաստակներն ու թերահաւատները, որոնք այսօր գերի դարձած են «եռամիասնութիւնը անկարելի է» մտածողութեան, ներշնչուած՝ հայրենիքի եւ ազգի իմաստն ու արժէքը չճանչցող իշխանաւորներու «իմաստասիրութենէն», Հայաստան-Սփիւռք կապերը քանդելու «խիզախումներէն»:

ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԱՐԵԼԻ

Տասնամեակներ առաջ, կար պատկերասփիւռային շարք մը (սերիալ), որուն խորագիրն էր «Անկարելի առաքելութիւն» (Mission Impossible): Հերոսները կը լծուէին անկարելի թուացող եւ վտանգալից, արկածալի առաքելութիւններու, եւ մի՛շտ ալ յաջողութեամբ կ’աւարտէին իրենց գործը, կը խնդային հակառակորդի քթին:

Իրական կեանքը ժապաւէն կամ պատկերասփիւռային շարք չէ, սակայն «Անկարելի առաքելութիւն» եզրը ի զօրու է նաեւ քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհին մէջ, պատերազմական գործողութիւններու ոլորտին, մինչեւ իսկ՝ գիտական աշխարհին եւ այլն: Առաջադրուած վարչախումբը ի սկզբանէ պիտի գիտնայ, որ ինչպիսի՜ գործի կը հրաւիրուի, իր ռատարները լայն պիտի բանայ Հայաստանի սահմաններէն ներս թէ դուրս տարածուղ դաշտերուն վրայ: Պիտի գիտակցի, որ Հայաստան ինկած է շատ վտանգաւոր վիհի մը յատակը, որմէ դուրս գալու համար գերմարդկային կարողութիւն պէտք է, «խենթերու հնարներ» կը սպասուին: Հոն ո՛չ աթոռ ձեռք բերելու-պահելու, ո՛չ ալ մրցակիցէն աթոռ(ներ) խլելու հարց կայ: Նման բաներ եթէ որոշ տրամաբանութեան մը կը հետեւին եւ ընդունելի կը նկատուին բնական պայմաններ ապրող երկիրներու մէջ, Հայաստանի ներկայ վիճակը նման պերճանք չի թոյլատրեր: Այլ խօսքով, կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթ գործերէն մէկը պիտի ըլլայ պատռել այն ստապատիր վարագոյրը, թէ ՔՊ-ական «քալողներու» խմբակը փոխարինողը աթոռակռիւով տարուած է (ա՛յդ կ’ընեն ՔՊ-ականները, առաւել կամ նուազ չափով նոյն մտածողութիւնը կար նաեւ նախկին իշխանութիւններու օրերուն):

Փաստօրէն, նոր կառավարութեան մաս կազմողը, նման յանդգնութիւն ունեցողը իրազեկ պիտի ըլլայ, որ ո՛չ միայն «Անկարելի առաքելութիւն» մը կը վստահուի իրեն, այլ «անձնասպանական առաքելութիւն» մը (վերջերս քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ կը գործածեն «մահապարտներու կառավարութիւն» եզրոյթը): Ինչո՞ւ «անձնասպանական»: Որովհետեւ կառավարութեան մաս կազմողներուն անհատական կամ հաւաքական ձախողութիւնը (յամենայնդէպս ձախողիլը արգիլուած պտուղ է) մահացու պիտի ըլլայ նոյնինքն հայրենիքի՛ն ու ազգի՛ն համար: Ձախողելու պարագային, «Դամոկլեան սուրը» առկախ պահող թելը պիտի փրթի, տապարը պիտի իյնայ ո՛չ թէ «Գորդեան հանգոյցը» կտրել ջանացողներուն, այլ՝ հայրենիքին ու ազգին գլխուն:

Աւելորդ չենք նկատեր ընդգծելը, թէ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ նորահաս երիտասարդները պէտք է «ձեռքով-ոտքով» ներգրաւուին այս առաքելութեան մէջ:
Իսկ թէ ի՞նչ պիտի ըլլան կարողութիւններ եւ ուղեղներ մէկտեղող վարչակազմին գործի դաշտերը, նմանապէս յստակ է. հպանցիկ ակնարկներով պիտի խօսինք յաջորդիւ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5-24 Յունիս 2023