Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋԻ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
Երբ կ’ըսենք ազգային մտածողութիւն, առաջին հերթին ի մտի ունինք ուսումնական կալուածներ, ազգային հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հայրենիքի տիրութեան զգացում (սա նեղ զգացականութիւն չէ):
Այսօր կարելի է վիճիլ եւ հակադիր տեսակէտներ պաշտպանել, թէ խորհրդային տարիներուն, եւ համայնավար վարդապետութեան ազդեցութեամբ, Հայաստանի (նաեւ այլուր) ո՞ր ոլորտներուն մէջ շահեր ու վնասներ արձանագրուեցան: Կարելի է այդ դարաշրջանը բաժնել լենինեան, ստալինեան, խրուշչովեան, պրեժնեւեան ու յետնորդներուն փուլերուն, ըսել, որ առաջինները բաւական աղետալի էին ազգային մտածողութեան ու հաստատութիւններու փոշիացման իմաստով, իսկ յետ-ստալինեան փուլերուն, բարեփոխման եւ բարեշրջական հովեր փչեցին. հասան կլասնոսթն ու փերեսթրոյքան, եւ «երկաթէ վարագոյր»ը դարձաւ աւելի թափանցելի, կործանած որոշ բնագաւառներ որոշ բարեշրջումի առիթներ ունեցան: Մշակոյթի որոշ ոլորտներ աւելի բախտաւոր դուրս եկան:
Հայաստանի մէջ, ազգային մտածողութիւնը, որ մահացու մեղք էր 20-30-ական տարիներուն, երբ կորստեան մատնուեցան ազգի բազկի ու մտքի ուժերը, առաւել կամ նուազ չափով (առանց մոռնալու հողային կորուստները), Բ. Աշխարհամարտի օրերուն եւ անկէ ետք, ապրեցաւ մանր ու մեծ վերածաղկում(ներ): Բ. Աշխարհամարտի վախճանին, եւ 60-ականներուն հնչած՝ «մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» ազգային-պահանջատիրական կանչերէն շատ առաջ, կարճատեւ ծաղկում ապրեցաւ՝ Կարսի ու Արտահանի վերատիրացման պահանջով (այդ օրերուն ալ, ատիկա կը բխէր Մոսկուայի ճամբու քարտէսէն, որուն մէկ այլ գիծը կ’անցնէր… Տարտանէլի եւ Վոսփորի նեղուցներէն): Բարեշրջական հովերը, թէեւ մասնակի ու սահմանափակ(ող), օղակ առ օղակ տարածուեցան տարբեր կալուածներու վրայ. գրականութիւնն ու արուեստները «գաղտաքողի» կերպով ազգայնական դարձան (Զօրեանի եւ Դեմիրճեանի ազգայնաշունչ կոթողական գործերէն շատ աւելի բացայայտ դրսեւորումներով, թէեւ մնացին սեղմումներու ենթակայ, աղաղակող զոհեր արձանագրուեցան), պատմագիտութիւնն ու մինչեւ իսկ «թմրանիւթ» հռչակուած կրօնքը –եկեղեցին – շահեցան աւելի ազատ շնչելու հնարաւորութիւններ (30-ականներուն, կաթողիկոս մը սպաննուած էր):
Բարեշրջական հովերը իրենց նպաստը բերին նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն վերաշխուժացման իմաստով, թէեւ «ընտրովին» եւ «նախասիրեալ»ի տրամադրութիւնը տիրապետող մնաց մինչեւ Արցախեան Շարժումին պտղաբերումը, մասամբ նաեւ աւելի ուշ: Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ետք, ազգային մտածողութիւնը շատ աւելի ազատ եւ գործնական դրսեւորումներ ունեցաւ, անիկա հազուադէպօրէն գլխագիր վտանգներու ենթարկուեցաւ, թէեւ եղան մասնակի թիրախաւորումներ: Այդ «մասնակի»ներուն շարքին, կարելի է յիշել Դաշնակցութեան բանադրանքը, աղանդաւորներու աշխուժացումն ու բազմացումը, իսկ իշխանաւորներու մենաշնորհներուն եւ կամայականութիւններուն գործնական արտայայտութիւնները ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹի կալուածին կը պատկանէին եւ վնասներ հասցուցին, որոշ չափով ալ վնասեցին բուն մշակոյթի այս կամ ան կալուածին: Օրինակի համար, գրողներ եւ արուեստի ասպարէզներ ընտրողներ, մինչեւ իսկ երաժշտական կալուածին մէջ գործողներ մեծ մասամբ զգացին թողլքուած(*), իսկ բախտաւոր «ընտրանի» մը (ընտրանի-ն միշտ ալ որակ չէր ենթադրեր) դարձաւ հովանաւորեալ:
Հինգ տարի առաջ, երբ «քալողները» թաւիշի առաջին ծածանումներ կատարեցին Հայաստանի մէջ (եւ սկզբնական օրերուն արդարօրէն գտան դրական արձագանգներ), շուտով ի յայտ եկաւ, որ անոնց մտածողութեան մէջ ԱԶԳԱՅԻՆը, աւելի լայն իմաստով՝ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆը շատ տեղ չունի: Եւ շուտով, ու յաջորդական հանգրուաններով, ազգային արժէքներ սկսան վարկաբեկումի եւ արժեզրկումի ենթարկուիլ, պարուրուիլ «մենք արդի մտածողութիւն կը բերենք»ի այլասերող քարոզներով: Մտաւորականներու՝ պատմագէտ-արուեստագէտներու փաղանգ մը յանձն առաւ ահազանգողի դեր, սակայն հակամշակոյթի եւ հակա-ազգայնականութեան «բոյրը» հետզհետէ դարձաւ հրապուրիչ:
Խօսինք քիչ մը աւելի՛ մանրամասնութեամբ:
ԱՂԱՆԴԱՒՈՐՆԵՐ ԸՆԴԴԷՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ…
Նշեցինք, որ վերանկախացումէն ետք, Հայաստանի մէջ լայն ասպարէզ տրուեցաւ աղանդաւորներուն: Ասիկա ունէր երկու գլխաւոր դրդապատճառ: Աղանդաւորները կը նպաստաւորուէին արտաքին աղբիւրներէ, հետեւաբար, իշխանաւորներ ձեւով մը աչք կը փակէին անոնց գործունէութեան եւ տարածումին վրայ, որովհետեւ, ի վերջոյ, դուրսէն եկամուտի ծորակ մը կայ հոն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս որ նիւթական ծորակներ կային-կան Ռուսիա կամ արեւմտեան երկիրներ գաղթած-գացած հայերու՝ իրենց ընտանիքներուն ղրկած նպաստներուն մէջ: Երկրորդ պատճառը՝ միակուսակցականութենէ դէպի բազմակուսակցական՝ ժողովրդավարութիւն վազքի երեւոյթն էր: Աղանդաւորները, թէեւ կուսակցական դիմագիծ չունին, մասնաւորաբար արեւմտեան աշխարհին մէջ ունին պաշտպանողներ եւ անհպելիի պատմուճան, որուն վրայ գրուած է «խղճի, կրօնքի եւ հաւատքի-հաւատամքի ազատութիւն»: Թէ ինչե՜ր կը ծածկուին այդ աղուոր խօսքերուն տակ, գաղտնիք չէ:
Բնականաբար Եկեղեցին – ըսել կ’ուզենք՝ հայկական բոլոր յարանուանութիւնները, եւ ո՛չ միայն մեծամասնութիւն եղող առաքելական թեւը – դժգոհութեան դրօշ բարձրացուց այս ալիքին դէմ, սակայն կամայ թէ ակամայ, անկարող մնաց հակակշռելու «ցունամին»: Եւ ահա, «թաւշեայ» փուլը շատ աւելի լայն ազատութիւններ ընծայեց կրօնական օտարամուտ մտածողութեանց: Եթէ պահ մը մտածենք, որ Հայաստանի մէջ կան նաեւ մեր հեթանոսութեան օրերուն վերադարձի փորձեր, արեւու պաշտամունքի եւ նման արարողութիւններ, անոնք գոնէ կը զատորոշուին աղանդաւորներէն, այն իմաստով, որ հին-աստուածեանները իրենք զիրենք չեն անջատեր ազգայինէն, հայուն հինաւուրց ժառանգութիւններէն…:
Աղանդաւորներ ճակատաբաց եւ հրապարակային կերպով արշաւներ բացին ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ դէմ: Պահ մը ըսենք, որ այս կամ այն եկեղեցականը խոցելի է, յանցաւոր է, անդին, մեր նշած հարցերը չեն մնար այդ սահմաններուն մէջ: Թիրախը ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, եւ ո՛չ թէ այս կամ այն անհատը (ըսինք, չէ՞ որ քաղաքական գետնի վրայ ալ նոյն սադրանքը կը կիրարկուի ընդդիմութիւնը առաջնորդող այս կամ այն անհատին հանդէպ): Եւ որպէսզի իր էութեան մէջ տեսնենք տագնապին խորքը, կը բաւէ յիշել, որ վարչապետը օր մը յայտարարեց, թէ «եթէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները լաւ չեն իշխանութեան հետ, ուրեմն անոր յարաբերութիւնները լաւ չեն Աստուծոյ հետ», այլ խօսքով, մարդը բացայայտօրէն կ’ըսէ, թէ իբրեւ իշխանաւոր՝ ինք ձեւով մը համազօր է Աստուծոյ (Անգլիոյ Չարլզ թագաւորն ալ, երկնատուր իրաւունքներ ունենալ յաւակներով՝ ի վերջոյ գլուխը վրայ տուաւ Քրոմուէլի վճիռով): Մինչդեռ Եկեղեցին, անկախ իր հաւատքի եւ կրօնական առաքելութիւններէն, մեր ժողովուրդին համար եղած է ու կը մնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴ մը, Վ. Թէքէեանի բառերով՝ «Բարձր բերդ է», նաեւ՝
Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ
Նաւահանգիստ մ’է խաղաղ, մութ գիշերին՝ հուր ու բոց…
Եւ ահա այս յատկանիշները, անոր «բարձր բերդ» մը ըլլալու հանգամանքն է որ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ այս ազգամերժ, ՄՇԱԿՈՒԹամերժ իշխանաւորներուն եւ զանոնք հովանաւորողներուն կողմէ, ընթացք՝ որ կը կարօտի սրբագրումի, ազգայինին վերականգնումին:
…ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ԱՅԼԱՓՈԽՈՒՄ
Զուգահեռ գիծի մը վրայ, տեղի կ’ունենայ ազգային դիմագիծի այլափոխում, շատ աւելի վտանգաւոր եւ կործանարար՝ քան ինչ որ էր համայնավարներու իշխանութեան յետ-սկզբնական տարիներուն: Այն ատեն, օտարին կամայականութիւնն էր դերակատարը, հիմա՝ անկախ երկրիդ իշխանութիւնը պաշտօնապէս ձեռք առած խմբակը:
Եւրոպական, «քաղաքակիրթ աշխարհի չափանիշներուն» համապատասխան ըլլալու յաւակնութիւններով, իշխանաւորները նաեւ ձեռք երկարեցին դէպի ընտանիքին կենսական հիմերը: Օտարին հաճոյանալո՞ւ, անկէ շա՞հ ակնկալելու, թէ՞ ինքնեկ համոզումներու հիմամբ, յանկարծ միասեռականներու, սեռափոխութեան ենթարկուողներու եւ նման՝ մարդ արարածի բնական վիճակէ խոտորող երեւոյթներու դիմաց լայն բացուեցան Հայաստանի դուռները, Ազգային ժողովին բեմը եւ հրապարակներ տրամադրուեցան նման «ներկայացուցիչներու» (մինչդեռ իշխանութեան վնասարար քայլերը քննադատողները քաշքշուելով խորհրդարանէի սրահէն դուրս կը տարուին ոստիկաններու ձեռքով): Պիտի զարմանա՞ք, եթէ վաղը նման մարդակերպերու առիթ տրուի մասնակցելու ընտրական խաղերու: Չէ՞ որ օտարին այլատեսակ աղբերը ընդօրինակելու դարաշրջան մը կ’ապրինք…
Նոր կառավարութեան սեպուհ առաքելութիւններէն մէկն ալ՝ մեր ազգային ու մարդկային աւանդներուն վերականգնումը, մեր դիմագիծին անեղծ պահպանումը պիտի ըլլայ: Հոս, քաղաքական եւ կրօնական բազուկները հսկայական գործ ունին կատարելիք, ներառեալ՝ անցեալ 30 եւ աւելի տարիներու բացթողումներուն սրբագրումը: Պէտք չունինք մտահոգուելու, թէ արդեօք արեւմտեան այս կամ այն երկրին կամ խորհրդաժողովին կեցուածքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ ազգային գիծը վերականգնենք համաձայն մեր աւանդներուն եւ ՇԱՀԵՐՈՒՆ: Եթէ քիչ մը մեր շուրջը դիտենք, կը տեսնենք, որ նման յոռի ազդեցութիւններու դէմ դնողներ կան նոյնինքն Եւրոպայի մէջ, եւ անոնք խարոյկի վրայ չեն ողջակիզուիր՝ միջնադարեան կրօնական ատեաններու վճիռներուն հետեւութեամբ:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Թաւիշով զգեստաւորուած «քալողներուն» առաջին գործերէն մէկն ալ՝ մեր պատմութեան եւ գրականութեան (հետեւաբար մշակոյթին) հասցուցած հարուածն էր:
Այսօր, երբ ընդհանուր պատկերն ու հոլովոյթները տարածենք մեր աչքին առջեւ, շատ աւելի խորաթափանց կը տեսնենք, թէ բարձրագոյն ուսումնարան մուտքի քննութիւններէն հայագիտական նիւթերու զեղչումը հետեւանք չէր այն բանին, թէ Արայիկ Յարութիւնեան ու անոր պոսը՝ Նիկոլ Փաշինեան գիշեր մը «Յակոբի երազը» տեսան եւ առաւօտուն, երազէն ներշնչուելով, նոր «գիւտ»ը հրապարակեցին: Փաստօրէն, մեր ժողովուրդը, մասնաւորաբար նոր սերունդները պատմութենէն, իրաւունքներէն եւ գլխագիր մշակոյթէն խզելու, «նոր աշխարհի չափանիշներով կերակրելու» ցնորական տենդն էր, որ տուած էր մեկնարկը: Դէպքերու մինչեւ օրս թաւալումը մէկ առ մէկ մաշեցուցած եւ վար ձգած է թզենիի տերեւները, որովհետեւ մերթ անցեալի այս կամ այն տիտանը, ազգային այս կամ այն արժէքը, հսկայական իրագործումներ, մինչեւ իսկ պետական խորհրդանիշներ կը դառնան խաղալիք: Արագածը կը հակադրուի Արարատին, Արարատը կը հռչակուի «օտար», Ազգային Քայլերգին ՈԳԻՆ՝ հայրենիքի համար զոհուելու գաղափարը խծբծանքի եւ զեղչումի կ’ենթարկուի, Հայաստանի Զինանշանին վրայ եղող խորհրդանիշներուն ոգին խնդրական կը դառնայ, եւ այս բոլորը՝ այն «ամենագէտ ու ամենազօր» վարչապետին կողմէ, որ իշխանութեան հասնելէն կարճ ատեն ետք յայտարարեց, թէ ինք… գաղափարական այս կամ այն վարդապետութեան չի հետեւիր: (Աւելորդ կը համարենք արձանագրելը, թէ նախորդ գլուխներուն տակ մեր արձանագրածներն ալ հետեւանք են այս իշխանաւորին եւ իր գործակիցներուն ԱՆ-ԳԱՂԱՓԱՐ ըլլալու «յատկանիշին»):
Մեր պատմութիւնը իրողապէս խեղաթիւրող քայլերթին կողքին, վերախմբագրումի ճիգ մը կայ մեր աշխարհագրութեան եւ անոր պատմական իրականութիւններուն մարզին մէջ: Պատմագէտներ եւ քարտէսագէտներ անհերքելի փաստերով ցոյց կու տան, թէ թուրք-ազերի թշնամիներուն ստապատիր յաւակնութիւնները կարելի է մատի մէկ շարժումով չէզոքացնել, սակայն այս իշխանաւորը, բանգէ՜տ… տգէտը (երկրորդական է թէ իրեն այդպէ՞ս ըսել կու տան, թէ՞ ինք համոզումով կը դաւանի) ճամբայ ելած է ո՛չ միայն Հայաստանի նոր քարտէս մը ուրուագծելու նպատակով, այլ նաեւ կ’ուզէ ապահովել Հայաստանի տարածքային կալուածաթուղթը (խնդա՞նք, թէ՞ լանք), այն ալ՝ մուրացիկի ձեռքը պարզած թուրք-ազերի թշնամիին: Մէյ մը ՄԱԿի բեմէն կը խնդրէ, որ Ալիեւ որոշէ թէ ո՞ւր է Հայաստանի սահմանագիծը, ուրիշ օր մը փոշիներու տակէն դուրս կը բերէ մինչեւ իսկ թշնամիին կողմէ մոռցուած՝ Ալմա Աթայի յայտարարութիւնը, եւ զայն կը մեկնաբանէ թրքանպաստ բովանդակութեամբ, Արցախը կը դադրի «Հայաստան է ու վերջ» ըլլալէ, կը մտնէ Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ, փաստօրէն, արտօնագիր կը տրուի թուրք-ազերիին, որպէսզի ամբողջացնէ 9 Նոյեմբերին ընդհատուած գործը եւ կանաչ լոյս ստանայ Արցախը հայաթափելու: Չէ՞ որ Ալիեւ կ’ըսէ, թէ արցախցիք Ազրպէյճանի հպատակ են, ինք իրաւունք ունի անոնց հետ վարուելու այնպէս՝ ինչպէս կը կամենայ, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս «մանտաթ»աւորը օր մը յայտարարեց, թէ կը բանակցի եւ դասաւորումներ կը կատարէ այնպէս՝ ինչպէս կը ցանկայ, իսկ վերջերս ալ «բարի վարուց վկայագիր» ստացաւ Եւրոպայէն եւ Ուաշինկթընէն, որովհետեւ Արցախը վերջնականապէս եւ պաշտօնապէս նուիրեց Ազրպէյճանին, իբրեւ մէկ մասնիկը՝ «Նոր Հայաստան»ի քարտէսին: (Ստալինը արդեօք ի՞նչ կ’ընէ իր գերեզմանին մէջ):
Մինչդեռ, Հայաստանի սահմանները չեն կրնար յաւելեան կծկումի ենթարկուիլ: Հոս մեր դիտանկիւնը կը մնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹի կալուածը, որովհետեւ կայ միւս երեսն ալ՝ մեր քաղաքական իրաւունքներուն ընդհանուր պատկերացումը, գանձելի մուրհակները: Հետեւաբար, փրկութեան կառավարութեան հիմնական մէկ առաքելութիւնն ալ՝ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔով սահմանուող ՄՇԱԿՈՅԹին վերականգնումն է: Քաղաքականը կ’իյնայ դիւանագիտութեան կալուածին մէջ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ, ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ
Ներքին կեանքին տարբեր բնագաւառներուն մասին այս հպանցիկ ակնարկին բովանդակութեան մէջ, քանի մը տող տրամադրենք նաեւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ հրամայականին:
Հիմնական վերականգնումի կը կարօտի իշխանութիւն-ընդդիմադիր հասկացութիւնը, որ պէտք է դուրս գայ շինծու ժողովրդավարութեան պարունակէն (դարմանելով նաեւ 2018-ը կանխող շրջանի թերութիւնները): Պէտք է յստականան իսկական՝ որոշ գաղափարի մը հիմամբ կազմաւորուած եւ շինծու-դրածոյ կուսակցութիւններուն սահմանները, քաղաքական կուսակցութիւն հասկացութիւնը պէտք է վերարժեւորուի, պէտք է վանել բոլոր այն միաւորները (անոնք կուսակցութիւն ալ չեն), որոնք կը ստեղծուին այսօր, մայր կը մտնեն արեւուն հետ (կամ քանի մը արեւամուտ ետք), մասնաւորապէս անոնք, որոնց գոյութեան իմաստն է կրկնել իշխանաւորին խօսքն ու ծափահարել գործը: Չենք խօսիր ժողովրդավարութեան բռնադատման մասին, այլ դէմ ենք ժողովրդավարութեան, չարաշահումին, խեղաթիւրման, ողջակիզումի՛ն:
Ներքին ոլորտներու վրայ բացուած այս նշումներուն ծիրին մէջ, քանի մը խօսք ալ՝ գիրի-գրականութեան, երգարուեստի եւ գեղարուեստի այլ ոլորտներու մասին:
Ինչպէս բազմաթիւ կալուածներու, նոյնպէս ալ գիրի (ներառեալ մամուլի) եւ երգի կալուածներուն մէջ, վերանկախացումէն ասդին ականատես ենք ահաւոր այլասերման, օտարին նմանելու այլանդակ հեւքի մը: Սեղմ բառերով՝ շատ բան վարկաբեկ դարձած է: Դրական շարժեր չե՞ն արձանագրուած: Անշո՛ւշտ որ եր կան. օրինակի համար, եթէ «նախկիններ»ուն օրով լայն հետաքրքրութիւն ստեղծած՝ «Հայ Ասպետ»ին պէս պատկերասփիւռային յայտագիր մը օր մըն ալ մայր մտաւ, «Երգ Երգոց»ի պէս յայտագիրներ տեղ մը կը յուշեն ազգայինն ու տոհմիկը. կան երիտասարդ շնորհալի գրողներ, երգը այժմէականացնող արուեստագէտներ, այլ կալուածներու մէջ հայկականը նորին ներդաշնակելու ճիգ ընողներ, սակայն Արեւմուտքէն աղբի ներածումը քիչ մը ամէն տեղ աւելի ծանր կը կշռէ եւ… քաջալերանք ալ կը գտնէ «իշխանիկ»ներու կողմէ: Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ, տաղանդաւոր գրող մը հրատարակեց «Ափոքալիփսիս» խորագրեալ հատոր մը, որուն վրայ նոր գլուխներ կրնան աւելնալ այսօր: Խորհրդային տարիներուն, եւ հակառակ բոլոր տեսակի սեղմումներուն եւ կամայականութեանց, Մշակոյթը շատ աւելի բծախնդիր եւ հոգածու մօտեցումի ենթակայ էր: Եւ այս տողերը թող չընկալուին իբրեւ համայնավարներուն ուղղուած փառաբանանք:
Առաւելաբար Հայաստանի ներքին կեանքին կապուած յիշեալ մարզերուն ստեղծած հրամայականներուն զուգահեռ, եւ անոնց չափ կարեւոր, կայ ԱՐՏԱՔԻՆ դաշտ մը, որ մաս կը կազմէ յաջորդ կառավարութեան քաղաքական-դիւանագիտական առաքելութեան, հիմնական մէկ լարն է անոր մշակելիք ճամբու քարտէսին: Սա բաւական ընդարձակ դաշտ է, յաջորդիւ անոր կ’անդրադառնանք նմանապէս հպանցիկ ակնարկներով:
(*) Մեր յիշողութեան մէջ թարմ է Հրանդ Մաթեւոսեանի պերճախօս մէկ խօսքը, երբ 90-ականներու սկիզբներուն, Պէյրութ այցելութեան մը օրերուն, հարցազրոյցի մը պահուն, ըսաւ մօտաւորապէս հետեւեալը. «Խորհրդային տարիներուն, մեր ոտքին տակ հող ու յենարան կը զգայինք: Հիմա կարծէք թէ մեր ոտքին տակէն քաշուած են անոնք եւ այն զգացումը ունինք, որ անստոյգ պարապութեան մը մէջ ենք»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5-24 Յունիս 2023