կարևոր
2368 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-06 12:18
Քաղաքական

Կացինահար Դիւանագիտութիւն

Կացինահար Դիւանագիտութիւն

Օգոստոս 2012-էն ի վեր, Հայաստան իր կապերը խզած էր Հունգարիոյ հետ, եւ ահա, տասը տարի ետք, յանկարծ տեղի ունեցաւ ձիւնհալ եւ վերահաստատուեցան դիւանագիտական կապերը:

Երեւանն էր կապերը խզողը, եւ անշուշտ՝ վերստին ձեռք երկարողը: Աժան քարոզչութի՞ւն պիտի ըլլայ, եթէ ականջ տանք մաշող ձայնապնակին եւ նշենք, թէ «խաւարամիտ հիներ»-ը խզեցին, «լուսամիտ եւ թաւշակերտ նորեր»-ը վերահաստատեցին: Անշուշտ «նորեր»-ուն արդէն իսկ հնամաշ դարձած ըլլալուն մասին խօսիլն ու անոնց անտեղի քարկոծումը անտեղի եւ անիմաստ է:

Հոս սակայն տարբեր է կացութիւնը: 18 տարի առաջ, Պուտափէշթի մէջ անմեղ հայ սպայի մը արեան հեղումին մասին պէտք է դա՛րձեալ մելան հոսեցնել եւ յուշակորոյսներուն համար մանրամասնել: Տարակոյս չկայ, որ դարձեալ սուգի մէջ է Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ, ՆԱԹՕ-ի մէկ գիտաժողովին մասնակցելու օրերուն, 2004-ին, գիշերուան ընթացքին, քնացած պահուն, ազերի դաւադիր Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահար սպաննուած եւ այժմ Եռաբլուրի մէջ հանգչող Գուրգէն Մարգարեանը: Անոր վշտակից են հոն հանգչող հազարաւոր անմահ երիտասարդները, անոնց ծնողները, հարազատները, ազերիին ոճիրը մոռնալ մերժողները, ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդը, որմէ ինքզինք փաստացիօրէն անջատած է Երեւանի իշխանութիւնը:

Կրկնենք. սուգի մէջ է թախիծ, ողբ ու վիշտ սփռող Եռաբլուրը: Որքա՞ն նախատինք եւ անարգանք՝ մեր ազգի ճակատին:

Ի՞նչ կարելի է սպասել երկրին ղեկը բռնագրաւած «նէօ-խունթա»-էն, որ առանց որեւէ նախապայմանի՝ որոշած է Հայոց Պատմութեան պահանջատիրական էջերը դարձնել, վերահաստատել թուրք(ազերի)-հայ յարաբերութիւնները, հպարտ-հպարտ հրապարակ գալով իբրեւ երդուեալ հլու կամակատար «խունթա» մը՝ Ցեղասպանութիւնը դրժող թուրք-ազերի դիւանագիտութեան դէմ: Եւ ինչպէ՞ս չյիշել ուրիշ անմահի մը՝ Ահարոնեանի խօսքերը. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»

Վարշաւայի մէջ, իր հունգարացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպման մը ընթացքին դիւանագիտական կապերու վերահաստատումը կատարելով, Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան փրոթոքոլային խարանատիպ «աստղ» մը եւս պիտի ստանայ՝ սխրանք մը կատարած ըլլալուն պատճառաւ: Նման սխրանքներ նորութիւն չեն, որովհետեւ վստահաբար չէ մոռցուած, որ փրոթոքոլային այլ ճկունութիւն մըն ալ ցուցադրած էր Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ պատահած պայթումին առիթով խոր ցաւակցութի՜ւն յայտնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, յուսալով, որ ցեղասպաններուն ժառանգորդներն ու անոնց համաթուրանական դրօշը բարձր պահողները նման քայլերու մէջ Հայաստանէն իրենց սպասած «դրական նշանները» տեսնեն:

Մանրամասնութիւն մը. գրեթէ տարի մը առաջ, անցեալ Դեկտեմբերին, Հ.Հ. Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորին շնորհակալութիւն յայտնած էր Հունգարիոյ նոյնինք աւատապետական իշխանաւոր Օրպանի վարչակազմին, որուն ժրաջան աշխատանքին արդիւնքով, հինգ հայ գերիներ Պաքուէն վերադարձած էին Երեւան:

Պէտք է շեշտենք, որ հարցը հունգարացին կամ մաճիար ժողովուրդը չէ, այլ փտած եւ կաշառակեր ղեկավար Օրպանի հետ գործակցիլը: Օրպան մը՝ որ ինչ-ինչ հաշիւներով ասֆալթին փռած էր Հունգարիոյ դատական ատեանի մէկ վճիռը, ըստ որուն՝ պաշտօնապէս յանցաւոր նկատուած էր Սաֆարովը եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած: Օրպան, յիշեալ վճիռէն հազիւ վեց տարի ետք, կոկիկ գումարներ ստանալով Ալիեւէն, գրիչի մէկ շարժումով ազատ արձակած էր Սաֆարովը, որ իբրեւ յաղթական հերոս վերադարձած էր Պաքու, ստանալով պաշտօնի բարձրացում եւ բազում պարգեւներ (հոն ալ հաւանաբար կայ պարգեւավճարի ուրոյն դրութիւն մը… հայեր սպաննողներու համար)։

Այսպիսի շուտիկ ընթացք կը կացինահարէ Հ.Հ. դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Գուրգէն Մարգարեանի եւ անոր կողքին հանգչող հերոսներու տապանաքարերը: Դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան փրոթոքոլը տարբեր պայմաններ կը պարտադրէ, որոնք շտապ վերակառուցման կարիքն ունին: Տակաւին, սա նորագոյն վկայութիւնն է, որ Երեւանի իշխանաւորները հաւատարիմ են ժողովուրդի կռնակէ՛ն, ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերուն դէմ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ համաձայնութիւններ հետապնդելու չնաշխարհիկ «դիւանագիտութեան», որովհետեւ ահաւասիկ, 9 Նոյեմբերի աղէտալի համաձայնութենէն աւելի քան երկու տարի ետք, նոյն վարքագիծը ի յայտ կու գայ թէ՛ Վարշաւայի մէջ եւ թէ Արցախը վերջնականապէս Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու Փաշինեանի համաձայնութեան ճամբով, որուն մասին բացայայտում կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ գրեթէ նոյն ժամերուն:

Կրկնուող ահազանգերուն դիմաց, համաժողովրդային զարթնումը կ’ուշանայ…

«Հայրենիք » – Պոսթըն