կարևոր
2002 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-22 13:51
Քաղաքական

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Հրատապ Առաջնային Կէտը

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Հրատապ Առաջնային Կէտը

Արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր Արցախը ամբողջովին շրջափակուած է: Կասեցուած է տեղաշարժը երկկողմանիօրէն: Այս իրավիճակը կ՛առաջնորդէ մարդասիրական ծանրագոյն աղէտի: Պաքուն բացայայտօրէն կը դիմէ ռազմական նոր յանցագործութեան` ամբողջ ազգաբնակչութեան դէմ սովամահութեան կանխամտածուած ցեղասպանական արարքի դիմելով:

Պաքուն սառնասրտօրէն կը դիմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան, պարզ այն պատճառով, որ լաւ կը գիտակցի, որ միջազգային ընտանիքը որեւէ ազդեցիկ ճնշամիջոցի պիտի չդիմէ ապաշրջափակելու համար Արցախը: Համոզուած է, որ ռուս խաղաղապահները պիտի չպարտադրեն անցակէտերը հանել կամ ընդհանրապէս շրջափակումին վերջ տալ: Գիտեն, որ հանգիստ կրնան խախտել եռակողմ համաձայնութիւնները եւ մնալ անպատիժ:

Երբ միջազգային դատարանի որոշումը յարգել տալու համար միջազգային ընտանիքը որեւէ պատժամիջոցային քայլի չի դիմեր, երբ Պաքուի հետ եւրոպական տարբեր երկիրներ կը շարունակեն քարիւղի իրենց առեւտուրը, երբ Ռուսիան չէզոքութեան եւ հաւասարութեան կանոններով կը նպատակադրէ խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգումը, ինք կրնայ հանգիստ շարունակել Արցախի ամբողջական շրջափակման բոլոր տեսակի գործողութիւնները:

Միաժամանակ յայտարարելով, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներ կ՛ուրուագծուին` իրարու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքներուն հիման վրայ: Եւ թէ` լուրջ հեռանկարներ կան նաեւ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու վերագործարկման տեսանկիւնէն, սակայն, Հայաստանը «դժուարութիւն կը յարուցէ այդ հարցին մէջ»:

Փաստօրէն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէ, որ իր երկիրը կ՛առաջադրէ ապաշրջափակում` շրջափակելով Արցախը:

Մինչ, Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը Եւրոպայի մէջ կը յայտարարէ, թէ` շրջափակում գոյութիւն չունի, ցեղասպանութիւնը ամբողջովին դուրս է Ազրպէյճանի օրակարգէն, Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ բաց եւ հայկական կողմն է, որ սադրանքներու կը դիմէ:

Նման յայտարարութիւններ Եւրոպայի մէջ կատարելով Պաքուն լաւ գիտէ, որ Արցախի ամբողջական շրջափակումին դիմաց, Եւրոպական Միութիւնը դիտորդական առաքելութեան նոր խմբաքանակ պիտի ուղարկէ միջանցքի հայկական հատուած` իրավիճակի իրազեկման համար, այս անգամ «պարեկային առաքելութիւն» անուան տակ: Եւրոպայի շրջանակներուն մօտ պիտի շարունակեն բացակայիլ պատժամիջոցներ որդեգրելու որոշումները եւ նոյնինքն ԵԱՀԿ-ի հռչակագիրներով հաստատուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի վերարծարծումը:

Մինչ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ յանկերգել Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւնը` միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը յիշեցնելով:

Ռուսական չէզոքութիւնն ու հաւասար հեռաւորութիւնը միջնորդութիւն պահպանելու առաջադրանքը ունին. մինչ Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը նպատակադրած են ռուսական գործօնի հակակշռումը կամ ուղղակի դուրս մղումը: Այս պատճառներով ալ հիմնական նշանակութիւն չունի աշխուժ միջնորդներուն համար Արցախի ամբողջական շրջափակումին անյապաղ վերջ տալը:

Այս բոլորին սակայն իրաւական հիմնաւորում տուած է Երեւանը` ճանչնալով Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այս տրամաբանութեամբ ալ Ազրպէյճանը կը վարուի իր «ղարաբաղցի քաղաքացիներուն հետ»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կատարած յայտարարութենէն եւ Հայաստանի վարչապետին վերահաստատումէն ետք Արցախի Ազգային ժողովը դիմեց համայն հայութեան` չընդունելու նման որոշում եւ զօրավիգ կանգնելու Արցախին:

Հիմա համահայկական օրակարգի առաջնային կէտը Արցախի ապաշրջափակումն է: Դիւանագիտութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ, ցոյցեր, բողոքներ, յուշագիրներ, հանրային կարծիքի ցնցում եւ միջնորդութիւն նախաձեռնած երկիրներու մօտ անդադրում աշխատանք` վերցնելու համար շրջափակումը: Նպատակաուղղուած, թիրախային աշխատանք նախ եւ առաջ ա՛յս օրակարգով: Փրկե՛լ արցախահայութիւնը սովամահութենէ եւ ցեղային զտումէ:

aztagdaily.com