Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ ժամանումի լուրը գործընթացներու հունաւորման ուղղութեամբ հիմնական նոր տուեալ չի հաղորդեր: Ոչ միայն ուշացած գործողութիւն է միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ նոյնիսկ անհեթեթութեան ուղերձներ կը փոխանցէ:
Պաշտօնական լրահոսին համաձայն, ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը պիտի փաստահաւաքագրէ, զինաթափման ընթացքին հետեւի եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրէ թէ՛ Արցախ մնացողներուն եւ թէ՛ Արցախէն բռնագաղթածներուն:
Անհեթեթութեան սահմանը հատեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, որուն որոշումները պատերազմական վերջին գործողութիւններով չեղարկուեցան: Նոյնպէս Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու դատարանի կայացուցած որոշումը: Ազրպէյճանը անտեսեց բոլորը, եւ Մոսկուայի համաձայնութեամբ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը գործեց անարգել:
Ըստ էութեան չեղարկուած է նոյեմբերեան եռակողմ համաձայնութիւնը: Ռուս խաղաղապահները ձախողած են իրենց առաքելութեան մէջ: Պատերազմական վերջին գործողութենէն առաջ ալ համաձայնութեան չեղարկման տուեալները շատ էին` Բերձորի միջանցքի փակումով, անցակէտերու տեղադրումով, հրադադար խախտելով, ռազմագերիները չվերադարձնելով եւ նման գործողութիւններով:
Երեւանի յայտարարութիւնները` Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալու այս ռազմաքաղաքականութիւնը իրականացնելու իրաւական ենթահող տրամադրեցին:
Զուտ յայտարարողական էին Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու առաջադրանքները թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքին կողմէ: Ռուս խաղաղապահութիւնը ոչ թէ չէզոքութիւն պահպանելով կը թարգմանուէր գետնի վրայ, այլ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի վարքագիծի իրականացման մասնակից դառնալով:
Արցախի հակամարտութիւնը այս ձեւով կը վերածուի մարդասիրական եւ գաղթականական հարցի: Պետութիւններ կը փութան գաղթականական իրենց քաղաքականութենէն մեկնած Արցախի բնակչութեան ապաստան տալու յայտարարութիւններ կատարելու: Միջազգային ընտանիքը հիմա նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու որոշումներու նշաձօղը կը բարձրացնէ:
Ըստ էութեան չեղարկուած նոյեմբերեան համաձայնութեան մէջ հայկական կողմը ռազմագերիներու վերադարձի պահանջը ունի (8-րդ կէտ): Բուն հանգոյցը սակայն կը շարունակէ մնալ 9-րդ կէտը:
Այսպէս. «9. Ապաշրջափակւում են տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը երաշխաւորում է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրական հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ բեռների` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:
Անգարան եւ Պաքուն Զանգեզուրեան միջանցքի առաջադրանքով կը թարգմանեն այս կէտը: Իսկ Մոսկուայի համար վերջին նախադասութիւնն է ամբողջ իմաստը ռազմավարական այս ճանապարհին: Իրենց կողմէ վերահսկելիութիւնը:
9-րդ կէտը թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին կողմէ կը ներկայացուէր իբրեւ հակակշիռ կէտ 6-րդ կէտին, որ կը վերաբերէր Բերձորի միջանցքին: Ճանապարհ-ճանապարհի դիմաց կամ միջանցք -միջանցքի դիմաց յղացքը առկայ էր Անգարայի եւ Պաքուի յայտարարութիւններուն մէջ, երբ կը խօսէին Զանգեզուրի միջանցքին մասին:
Հիմա, երբ 6-րդ կէտը կամ Բերձորի միջանցքը իմաստազրկուած են կամ ընդհանրապէս չեղարկուած նոյեմբերեան համաձայնութիւնը, 9-րդ կէտը ուրեմն հայկական կողմին յանձնառութեան մաս չէ:
Նման ճանապարհ չգործարկելու հաւանականութիւնը չի բխիր Ռուսիոյ շահերէն, որ կ՛ուզէր իր վերահսկողութեան տակ պահել թէ՛ Բերձորի եւ թէ՛ Սիւնիքի կենսաճանապարհները:
Այս հանգամանքները հաւանաբար պէտք է նկատի ունենալ Էրտողանի զանգեզուրեան միջանցքին իրանեան այլընտրանքին ակնարկած յայտարարութեան ընկալման ընթացքին: Անշուշտ այս առումով ամէնէն ազդեցիկ գործօնը Իրանն է, որ կը շարունակէ իր վճռական յայտարարութիւնները Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն չհանդուրժելու առումով:
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Անգարան եւ Պաքուն հրաժարած են Զանգեզուրեան միջանցքի գաղափարէն: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը կը շարունակէ յանկերգել Զանգեզուրը:
Այս խորապատկերին վրայ պէտք է դիտարկել նաեւ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հիւպատոսութիւններ բանալու որոշումները: Երկիրներու այդ շարքը կրնայ երկարիլ: Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական հանգոյց է: Հիմա գլխաւոր խաղցողներուն կեդրոնացումը անոր վրայ է: Խնդիրը այն է, որ գերտէրութիւններու ներգրաւուածութիւնը իրար հակակշռելու եւ համեմատական կայունացումի ճամբո՞վ կ՛ընթանայ, թէ՞ բախումնային ու ցնցումնային փուլերով:
Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ միջազգային կեցուածքներու շարժառիթները այս հանգամանքներուն մէջ պէտք է փնտռել եւ ոչ թէ անպայման Հայաստանին նկատմամբ զօրակցական դիրքորոշումներուն:
aztagdaily.com