կարևոր
2863 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-28 15:21
Քաղաքական

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

Գորիս Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՛արձանագրէ: Բերձորի միջանցքին վրայ` Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ Հակարի գետի կամուրջին կից Ազրպէյճանը իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է, Պաքուն յայտարարած է, որ անցագրային վերահսկողութիւնը կ՛իրականացուի ռուս խաղաղապահներու հետ համագործակցութեամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը հաստատէր, որ Մոսկուան ջանքեր կը գործադրէ Բերձորի միջանցքին շուրջ իրավիճակի կարգաւորման եւ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ համաձայնութիւններուն վերադառնալու համար: Ըստ դիւանագէտին, Մոսկուան սկզբունքօրէն կարեւոր կը նկատէ, որ պաշտօնական Երեւանը իր ներդրումը ունենայ փոխընդունելի լուծումներու որոնման առաջադրանքին մէջ:

Յայտարարութեան առաջին բաժինը հաւասար հեռաւորութեան կանոնի պահպանումն է: Պարզ է տրամաբանութիւնը. Մոսկուան կը դիմադրէ հաւաքական Արեւմուտքի զուգահեռ միջնորդութեան եւ կ՛ուզէ իր ձեռքին մէջ պահել միջնորդի կարգավիճակը:

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը սակայն կը խախտէ հաւասար հեռաւորութեան կանոնը, երբ միակողմանիօրէն Երեւանէն կ՛ակնկալուի ներդրում ունենալ փոխընդունելի լուծումներու գործընթացին մէջ:

Արցախը շրջափակողը Ազրպէյճանն է. անցակէտ տեղադրողը` նոյնպէս: Ակնկալութիւնը Երեւանէն է:

Ռուսական հայեցակէտերէ փորձենք դիտարկել գործընթացները: Ակնկալութիւնը այս պարագային նոյեմբերեան համաձայնութեան 9-րդ կէտի իրականացումն է 6-րդ կէտին դիմաց: Այնպէս կ՛ընկալուի, որ 6-րդ կէտը համաձայնութեան վերադարձնելու համար պէտք է աշխատցնել 9-րդ կէտը: Այսինքն` Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապը: Ա՛յս հակակշռոյթ տրամաբանութեամբ կ՛ընթանան իրադարձութիւնները: Միջանցք միջանցքի դիմաց, ճանապարհ ճանապարհի դիմաց, անցակէտ անցակէտի դիմաց: Հայաստան- Արցախ միջանցքը փակ կը մնայ, այնքան ատեն որ չի բացուիր Նախիջեւան- Ազրպէյճան ճանապարհը: Անցակէտ կը տեղադրուի, այնքան ատեն որ բացուելիք ճանապարհին վրայ Երեւանը պիտի տեղադրէ անցակէտ: Պաքուն ապաշրջափակման փաթեթային գործարք կ՛առաջարկէ այս ձեւով Երեւանին, ըստ էութեան սակայն Մոսկուային: Եթէ Նախիջեւան-Ազրպէյճան բացուելիք ճանապարհին վրայ պիտի տեղակայուին հայկական եւ ռուսական միացեալ անցակէտեր, ապա նոյնը կը պահանջեն Հայաստան-Արցախ միջանցքին վրայ:

Պաքուն կը շահարկէ տարածաշրջանին մէջ միջնորդական հակամարտութեան պայմանները եւ Մոսկուային նոր պայմաններ կ՛առաջարկէ այս ձեւով, ըստ էութեան վերափոխելով նոյեմբերեան համաձայնութիւնը:

Այլ կերպ դժուար է մեկնաբանել Մոսկուայէն Երեւանին ուղղուած ակնկալութիւնները:

Ապաշրջափակման եւ անցակէտի տեղադրման դիմաց հայկական կողմէն կ՛ակնկալուի փոխընդունելի քայլերու դիմել:

Տարբեր է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը, որ ընդգծած է, թէ Բերձորի միջանցքին վրայ ազրպէյճանական անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ լարուածութեան մեղմացման Եւրոպական Միութեան կոչերուն:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններու մակարդակին վրայ կը նկատուի ոճային եւ բովանդակային փոփոխութիւն: Նախադրեալները կը յուշէին Մոսկուայի միջնորդութեան վերաշխուժացում` ստեղծուած վիճակի հանգուցալուծման նպատակով: Պարզ դարձաւ, որ Ռուսիոյ մէջ կը սպասուի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: Մոսկուան հաստատեց, որ հանդիպման շուրջ կայ եռակողմ համաձայնութիւն:

Հանդիպումի նախօրեակին Երեւանէն կը սպասուին հարցերու կարգաւորման համար փոխընդունելի լուծումներ:

«Ա.»
aztagdaily.com