կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-06 10:13
Հասարակություն

Խմբագրական. Մամուլի Համաժողովը` Համահայկական Օրակարգի Ձեւաւորման Սատարող Գործօն

Խմբագրական. Մամուլի Համաժողովը` Համահայկական Օրակարգի Ձեւաւորման Սատարող Գործօն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Հայ մամուլի համահայկական համաժողովը նախանցեալ օր աւարտեց իր աշխատանքները: Համընդգրկուն օրակարգի նման համընդգրկուն էր նաեւ մասնակիցներու ցանկը: Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի ամէնէն առաջնային տպագիր, ելեկտրոնային մամուլի առաջին դէմքերը ընդառաջած էին հրաւէրին եւ մասնակցած համաժողովին:

Նման համախմբումները անշուշտ ունին իրենց պատմականը: Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ սկսած, ապա Հայաստանի լրագրողներու միութեամբ համատեղուած եւ վերջապէս սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ համալրուած նախաձեռնութիւններու այս շարքը կը թուէր, որ առկախուած էր մեր երկրին մէջ գերատեսչութիւններու կրճատման, միաւորման կամ ձեւափոխման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած անցումային իրավիճակին պատճառով:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով հռչակուած «Մամուլի տարուան» իբրեւ գործնական կարեւորագոյն ծրագիր այս տարուան սկիզբը կը սկսէին համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներու խորհրդակցութիւնները: Ամիսներ տեւած ծրագրային աշխատանքները կը յանգէին անցնող օրերուն ընթացքին կայացած եռօրեայ համաժողովին:

Համաժողովի իւրաքանչիւր նիստ լուսաբանուեցաւ հայաստանեան եւ սփիւռքեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներու կողմէ: Հետեւողները պիտի նկատէին օրակարգի շեշտուած համընդգրկուածութիւնը: Քաղաքականէն մշակութային, լեզուական, հասարակական եւ տեղեկատուական խնդիրները իրենց ենթախորագիրով, ընդամէնը 40 զեկուցում ներկայացուեցան երեք օրուան նիստերուն ընթացքին:

Յաջորդած քննարկումները երբեմն յատկանշուեցան իրենց բուռն մթնոլորտով, այնուամենայնիւ մնացին կառուցողականութեան սահմաններուն մէջ եւ իրաւամբ համաժողովը վերածեցին հարթակի` երկխօսութեան եւ բանավէճի: Նման նիւթերու առանցքային բաժինը կազմեցին յատկապէս ներհայաստանեան քաղաքական իրավիճակի լուսաբանումը, լեզուին վերաբերող իրավիճակը եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու հոլովոյթի փուլերը:

Յատկանշական էր, որ համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող երդիքի տակ ներհայաստանեան խնդիրներու թէժ քննարկումները ըստ էութեան համահայկականացուցին տրամադրուած հարթակը, որ այսպիսով սփիւռքեան լրատուամիջոցներու ղեկավարները մասնակից դարձուց ներհայաստանեանին եւ փոխադարձաբար հայաստանեաններունը` ներսփիւռքեանին:

Առաջադրանքը` համահայկական լրագրողական հասարակութիւն ձեւաւորելու, կարելի է ըսել, որ որոշակի փուլ իրականացուց Անթիլիասի մէջ կայացած համահայկական համաժողովով:

Համաժողովը վերահաստատեց, որ կայ հայկական լրատուամիջոցներու նկատելի ցանց` հայկական ցանցային աշխարհին մէջ: Ցանցային այդ դրուածքը լիարժէքօրէն օգտագործելու օրակարգը վերստին իբրեւ հրամայական կարմիր թելի նման երկարեցաւ տարբեր դիտակէտերէ ներկայացուած զեկուցումներուն մէջ:

Համաժողովի մասնակիցներուն միջեւ ստեղծուած ուղղակի կապերը անպայման իրենց գործնական դրսեւորումները կ՛ունենան փոխշահաւէտ արդիւնքներու գրանցումով:

Ինչպէս նշուեցաւ, նման համաժողովներ իրենց պատմականը ունին. նախադէպը այս պարագային այն էր, որ նման ընդգրկուածութեամբ սփիւռքի մէջ առաջին անգամն էր, որ լրագրողներու համախմբում տեղի կ՛ունենար: Իսկ նախաձեռնութիւնն ու վայրը կը յուշէին հայ կազմակերպ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած համահայկական դերակատարութիւնը:

Համահայկական լրագրողական համայնքի արդիւնաւէտ աշխատիլը օրուան հրամայականն է: Պետականօրէն առաջադրուած համահայկական օրակարգի ձեւաւորումը աւելի քան անհրաժեշտ է: Նման համաժողովները հիմնովին կը սատարեն յայտարարուած առաջադրանքի իրականացման գործընթացին:

«Ազդակ»