կարևոր
2800 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-29 12:20
Քաղաքական

Համակարգը, որ կʼուզենք կերտել

Համակարգը, որ կʼուզենք կերտել

Նախ՝ բացատրութիւն մը։

Առաջին բառը՝ «համակարգը», կը վերաբերի մարդկային այն հասարակարգին, որ կʼառնչուի ոչ միայն վայրի մը, երկրի մը կամ այդ վայրի բնակչութեան կամ ըսենք՝ ազգի՛ն, ոչ միայն տարածաշրջանի մը ու անոր բաղկացուցիչ մասերուն, իրարու դրացի երկիրներու, այլեւ համայն մարդկութեան, որ կը պարփակէ երկրագունդի բոլոր տարածաշրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը, այլ խօսքով՝ կʼառնչուի բոլոր ազգերուն ու աւելի փոքր հաւաքականութիւններուն։

Երկրորդը՝ «կʼուզենք»-ը, շատ լայն առում ունի, բայց նպատակս զայն սահմանափակել է մեզմով՝ հայութեամբ։

Մենք ալ մաս կը կազմենք այս մոլորակի բնակչութեան ու իբր անոր մէկ փոքր մասնիկը՝ կրնանք խօսիլ, ուզե՛լ…

Գալով երրորդ բառին՝ «կերտելուն», իհարկէ, շատ յաւակնոտ տպաւորութիւն կրնայ ձգել եւ մղել ոմանց հարց տալու, թէ․ «Մենք՝ ո՜ւր, համակարգ կերտելու կարողութիւն կամ հնարաւորութիւն ունեցողներն՝ ո՛ւր»։ Քանի մը բառ անցաւ մտքէս նախքան «կերտելուն» հասնիլս․ «ցանկալ», «որոնել», «տեսնել» եւ այլն՝ բոլորն ալ կրաւորական իմաստով, այսինքն՝ կարծես ուրիշէն կʼակնկալենք, որ այդ համակարգը ստեղծէ (ու մենք վայելենք զայն)։ Իսկ մե՞նք։

Ընելիք մը չունի՞նք, դեր մը չունի՞նք խաղալիք այդ համակարգը ստեղծելուն մէջ, որքան ալ համեստ ըլլայ այդ դերը։

Ուրեմն, ահա այս ըմբռնումով ալ փորձեմ պարզել միտքս։

Կʼուզենք, որ վերջ գտնէ «իրաւունքը զօրաւորին» համակեցութեան սկզբունքը, որ ժառանգած ենք մեր նախա-նախա-նախահայրերէն, երբ անոնք տակաւին շամբերու բնակիչ էին։ Անոնցմէ, սակայն, հասանք աստուածակերտ մարդուն, որուն գերագոյն իտէալը «իրաւունքը բոլորին»-ը պիտի ըլլայ։ Հաւասարութեան այս գաղափարը մարդկային բոլոր չափերու հաւաքականութիւնները առաջնորդող լուսաստղը պէտք է հանդիսանայ։ Այսինքն՝ անկախ իրենց թիւէն, անկախ յառաջդիմութեան իրենց մակարդակէն, բոլորը՝ ազգախումբերը, ազգերը, թէ աւելի փոքր միաւորները, հաւասարապէ՛ս իրաւունք պիտի ունենան ապրելու իրենց բնակավայրին մէջ կամ ի հարկին այլ բնակավայրի մը՝ իրարու հետ հաշտ, իրարու հետ գործակցելով, փոխանակելով վերապրումի անհրաժեշտ նիւթերը ջերմուժի, մթերքներու, հմտութեան եւ այլն, միասին դիմագրաւելով իրենց տարածքին, տարածաշրջանին կամ երկրագունդին սպառնացող վտանգներն ու աղէտները։

Կʼուզենք, որ վերջ գտնէ նաեւ անաշխատ եկամուտի տիրանալու մոլութիւնը, այլեւ աշխատանքը գնահատուի ըստ արժանւոյն․ ոչ մէկ անհատ ուրիշին քրտինքէն օգտուելով, զայն շահագործելո՛վ՝ ապահովէ իր կեցութիւնը, ոչ մէկ հաւաքականութիւն ալ նոյնը ընէ աւելի տկար հաւաքականութեան մը նկատմամբ՝ ճնշումներով, կեղծ խայծերով կամ այլապէս։ Գոցուի՛ վիհը, որ ներկայիս հետզհետէ կʼընդլայնի մարդկութեան չունեւոր ջախջախիչ մեծամասնութեան եւ ունեւոր ճղճիմ փոքրամասնութեան միջեւ։

Կʼուզենք, որ հիմնական սնունդը, առողջապահական պայմաններն ու միջոցները եւ պարբերական հանգիստի վայելումը մարդկային հիմնական իրաւունքներուն մաս կազմեն։

Կʼուզենք, որ նախնական ուսումը նոյնպէս ըլլայ հիմնական իրաւունք, իսկ բարձրագոյն ու մասնագիտական ուսումը՝ բոլորին մատչելի, առանց որեւէ խտրութեան՝ սեռի, գոյնի, թէ այլ։ Կանուխէն նկատուին ու քաջալերուին մանուկներու բնատուր ձիրքերը, ամեն միջոց տրամադրելի ըլլայ զանոնք դրսեւորելու, զարգացնելու, մարդկութիւնը հարստացնելու անոնց ընծայելիք ներդրումով, այդ ըլլայ գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի, թէ հաւաքական կեանքի որեւէ այլ ոլորտի մէջ։

Կʼուզենք վերջապէս, որ մարդ անհատը ապրի իբր հաւաքական էակ, իբր անբաժանելի բաղկացուցիչը հաւաքականութեան ու սորվի մտածել ու գործել սեփական շահէն, սեփական բարիքէն առաջ, կը կրկնեմ, առա՛ջ՝ հաւաքակա՛ն շահին ու հաւաքակա՛ն բարիքին մասին՝ գիտակցելով, որ առանց այս վերջիններուն իր սեփականները կʼըլլան խաբուսիկ միայն՝ աւազի վրայ, ոչ թէ ժայռի վրայ հիմնուած։

Աշխարհը ներկայիս կը դառնայ այս բոլորին հակառակ ուղղութեամբ, ու զարմանալի չէ, որ հետզհետէ կը բազմանան անմարդկային, վայրենական արարքներ յուսահատութեան մատնուող անհատներու, թէ խումբերու կողմէ, նոյնիսկ՝ ազգերու։
Կրնա՞նք կանգնեցնել այս թաւալումը ու մեր ցանկացած ուղղութեամբ դարձնել երկրագունդը։

Ահա մարտահրաւէրը, որ կը դրուի մարդկութեան առջեւ, նաեւ՝ մե՛ր առջեւ։ Մեր առջեւ․ ըլլա՛յ Հայրենիքի մէջ (Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն, Ջաւախք, թէ բռնագրաւուած հայրենի հողեր), ըլլա՛յ Սփիւռքի մեր բնակած իւրաքանչիւր երկրի հայ համայնքներուն առջեւ։

Մեր քաղաքական կուսակցութիւններէն եւ ազգային բոլոր կառոյցներէն ամեն մէկը կրնայ իր սեփական ծրագիրը ունենալ (կամ զայն համալրել)՝ այս բոլորէն մաս մը, մասնիկ մը իրագործելու համար, կրնայ իր սեփական գործելակերպն ալ ունենալ (ու զայն ալ պատշաճեցնել աշխարհը յուզող նորագոյն խնդիրներուն) եւ ինչ որ ալ ընէ, նուազագոյնն ալ, որ իրագործէ, քայլ մը կʼըլլայ ճիշտ ուղղութեամբ, քայլ մը՝ մեր ուզած համակարգը կերտելու ուղղութեամբ։ Յաւելեալ քար մը՝ այդ համակարգի այլեւս անխորտակելի դառնալիք շէնքին վրայ։

Այո՛, պէտք է կերտենք այդ արդար համակարգը՝ իր համապատասխան կենսական կառոյցներով, եթէ պիտի վերապրինք իբր ազգ, իբր մարդկային հաւաքականութիւն, իբր մարդկութիւն։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ» թիվ 4 , 2023