կարևոր
2863 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-26 14:18
Հասարակություն

Մոնթրէալի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակը

Մոնթրէալի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակը

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի միացեալ մարմնին, ներկայութեամբ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի, օրուան պատգամաբեր եւ Պլոք Քեպէգուայի նախկին ղեկավար Ժիլ Տիւսէբի, դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային առումով քաղաքական գործիչներու՝ Անի Քութրաքիսի, Ֆայսլ Խուրիի, Էմանուէլա Լամպրոբուլոսի, Թոմ Քեմիչի, Տէօնի Թրուտէլի, Մարթէն Շամփուի, Սիմոն Փիեռ Սաւա-Թրամպլէի, Ալեքսանտր Պուլերիսի, Սելին Հայթայեանի, Ալիս Ապու Խալիլի, Միշէլ Սեթլաքուի, Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի, Անտրէ Մուրէի, Վիրժինի Տուֆուի, Անտրէ Ֆոնթէգիլայի, Ալեխանտրա Զակա Մենտէսի, Տոմինիք Օլիվիէի, Արէֆ Սալէմի, Մարթին Մուսաուէլէի, Էմիլի Թիլիէի, Ալան Տեսուսայի, Լորանս Լաւին Լալոնտի, Ապտուլհագ Սարիի, Էֆֆի Ճիանուի, Վանա Նազարեանի, Մարի Տերոսի, Ռոպեր Պուտրիի, Էրիքա Ալնէուսի, Տեսբինա Սուրիասի, Սթեֆանի Վալենզուէլայի, Սոնի Մորոզի, Շահէ Տարագճեանի, Ժագ Գոհէնի, Անի Կանիէի, Սեդա Թոփուզեանի, Ռայ Խալիլի, Ալին Տիպի, Նիքոլա Պորնի, Փիեռ Պրապայի, Վազիլիոս Քարիտոկիանիսի, Ֆլաւիա Ալեքսանտրա Նովաքի, Ակլայիա Ռեվելաքիսի, Լուիզ Լորկիի, Քլոտ Լարոշէլի, Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի, Քեպէգի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, հոգեւոր հայրերու եւ հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թալիա Ճապրայեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները շեշտեց կարեւորութիւնը մեր նախնիներուն արժանի ժառանգորդները ըլլալու եւ իրենց յիշատակը վառ պահելու, ինչպէս նաեւ զգաստանալու՝ որպէսզի չկրկնուին նման արարքներ այսօր եւս: Անկէ ետք տեսերիզով հանդէս եկաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ յայտնեց. «Նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը, պէտք է շարունակենք պայքարիլ ատելութեան դէմ եւ պաշտպանենք մեր բաժնեկցած արժէքները Գանատայի եւ ողջ աշխարհի տարածքին»:

Յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնի ներկայացուցիչ Սարօ Շիշմանեան, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Վարանդ Եափուճեան, Պլոք Քեպէգուայէն Մարթէն Շամփու, Նոր-դեմոկրատական կուսակցութեան փոխ նախագահ Ալեքսանտր Պուլերիս, Քեպէգ նահանգի խորհրդարանի անդամ Սելին Հայթայեան, Քեպէգի Ազատական կուսակցութեան անդամ Միշէլ Սեթլաքու, Quebec solidaire-ի ներկայացուցիչ Անտրէ Ֆոնթէսիլա, Projet Montreal-ի ներկայացուցիչ Տոմինիք Օլիվիէ, Ensemble Montreal-ի անունով Արէֆ Սալէմ, Mouvement Lavallois-ի կողմէ Սեդա Թոփուզեան եւ Action Laval-ի ներկայացուցիչ Ակլայիա Ռեվելաքիս, որոնք խստօրէն դատապարտեցին Թուրքիոյ հերքումի քաղաքականութիւնը եւ Ատրպէյճանի սադրանքները, իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի դատին եւ Գանատայի հայ համայնքին:

Միջոցին ելոյթ ունեցաւ Rhapsodie քառեակը՝ Նայիրի Փիլոյեան, Ամիլի Լամոնթան, Անա Տրոպագ եւ Սոֆի Գոտէր, մեկնաբանելով «Ills sont tombés», «Բարի Արագիլ», «Pour toi Arménie» եւ «Արի իմ սոխակ» երգերու երաժշտութիւնները, ինչպէս նաեւ ասմունքով հանդէս եկան Մոնթրէալի երեք հայկական վարժարաններու աշակերտներէն՝ Սերժ Սոմունեան եւ Եսենիա Քելլէեան (Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարան), Մանէ Յովհաննէսեան եւ Քաթիանա Հարպոյեան (Ալեք Մանուկեան վարժարան), Աննա Թիւֆէնքճեան եւ Անի Գասպար (Նարեկ վարժարան), ներկայացնելով Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան պատգամաբերն էր Պլոք Քեպէգուայի նախկին ղեկավար Ժիլ Տիւսէբ, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Կը յուսամ, թէ օր մը Թուրքիան պիտի ընդունի 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ մարդկային իրաւունքներու դէմ կատարուած որեւէ չարագործութիւն, ըլլայ այն ցեղասպանութիւն կամ էթնիք զտում ինչպէս այսօր եւս կը կատարուի Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ, պէտք է առերեսուի: Եւ Գանատայի կառավարութիւնը ի լուր ամբողջ աշխարհին պարտի դատապարտել նման արարքներ»: Ան խօսքը փակեց ըսելով. «Ժողովուրդ մը չի կրնար ազատ ըլլալ, երբ ան խլած է այլ ազգերու ազատութիւնը: Կեցցէ ազատութիւնը, կեցցէ Հայաստանը եւ կեցցէ Քեպէգը»: Որմէ ետք Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեան անոր փոխանցեց արուեստագէտ Շահէ Յարութիւնեանի «Զարդ աշխարհի» յուշանուէրը:

Աւարտին պարով ելոյթ ունեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Գառնի» պարախումբը:

Սոնա Թիթիզեան
Լուսանկարը Մայք Թաշճեանի