Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ
Կազմակերպութեամբ համազգային «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան,մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի, Ռոստոմ Պատանեկան միութեան եւ Ս.Օ.Խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեանց, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակի ոգեկոչում, Երկուշաբթի 24 Ապրիլ, 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերպ.Տէր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչն ու անդամները, Ազգ.Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչն ու տնօրէնուհին, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան, հայրենիքի ու Արցախի նահատակներուն յիշատակը, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ եւ հայաստանի քայլերգները։
Համազգայինի վարչութեան խօսքը արտասանեց Սոնա Անտրեան, դիտել տալով, թէ Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ միայն մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակման օրն է, այլ՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման յաղթանակին եւ պահանջատիրութեան ուխտի վերանորոգման օր:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք ասմունքով, երգով ու երաժշտութեամբ արտայայտնեցին իրենց պայքարի երթը մինչեւ յաղթանակ։ Այսպէս՝ Միրելլա Խալիլ տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Մենք Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք», իսկ Սէրլի Առաքելեան իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը», ջութակի վրայ Արէն Սեդիկեան հրապուրեց ներկաները նուագելով «Կամաւոր» երգը: Երկու մեներգ ներկայացուցին Սերուժ Ղազարեան «Ատանայի Ողբը», Քրիստ Այնթապլեան «Դաժան Կռւում», որոնք իրենց թովիչ ձայնով խանդավառեցին բոլորը։
ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի Վարչութեան խօսքը արտասանեց Ռիթա Մահսերէճեան ըսելով. Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը մեր խղճի պարտքն է, որ կը բխի մեր ազգային ինքնագիտակցութենէն։ Մեր հոգին եւ միտքը իրենց խաղաղութիւնը կը գտնեն միայն այն ժամանակ, երբ մեր դատը կը գտնէ արդար լուծում։
Ան զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի մեր հայրենակիցներուն, որոնք հերոսական դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն թուրք-ազերիական ահաբեկման եւ ցեղային զտման քաղաքականութեան դէմ։
Օրուան պատգամաբերն էր հալէպէն ժամանած` Ընկ.Պարգեւ Աւագեան։
Ան համապարփակ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրականութեան եւ ընդգծեց.
«Պատմութիւնը 108 տարի առաջ արձանագրեց ոճռագործութիւններու մեծագոյնը։ Սփիւռքը արդիւնքն է ցեղասպանութեան, ուրու կազմաւորումը ունէր լայն ու խոր տարածք ուրիշ, որ անցաւ ֆիզիքական գոյատեւման պայմաններու որակումէն ինքնակորտումի ինքզինք գերազանցող հոգիին, ճիգի ու զոհողութեան ճանապարհէն հասնելով ազգային գիտակցութեան մէջ քանդակելու հայրենասիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը»։
Ան խօսելով հայ դատի պահանջատիրութեան մեր արդար իրաւունքին ըսաւ. «Հայ դատը միայն արեան հատուցումի
խնդիր չէ, ոչ ալ բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացումով աւարտող պայքար։ Հայ դատը խտացումն է ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային պետական ազատ անկախ եւ հայօրէն գոյատեւելու անբռնաբարելի իրաւունքին»։
Այնուհետեւ, բանախօսը անդրադարձ կատաարեց Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութեան շուրջ շեշտելով Արցախը կորսնցուցած է ճակատամարտ, բայց ազգովին հաւատք ունինք պատերազմը յաղթելու ու պէտք է ճիգ չխնայել Արցախը պահելու հայկական, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս։
Աւագեան եզրափակելով խօսքը ըսաւ. «Հարկ է Ազգովին զարգանալ ու բարձունքներ նուաճել, այն ատեն է որ մեր հաւաքական ինքնութիւնն ու հաւաքական կամքը կը դառնայ իսկապէս համազգային եւ անոնց շուրջ իբրեւ գիտակից ու միակամ ազգ. մեր հայրենիքի եւ արտերկրի զոյգ թեւերով, համադրուած ճիգերով ժամանակի ընթացքին ու քայլ առ քայլ իրագործենք համազգային մեր իրաւունքներու եւ առաջադրանքներու սրբութիւն սրբոցը»։
Նշենք, հանդիսութեան ընթացքին ՍԵՄ-ական երիտասարդներէն` Արազ Պրունսուզեան եւ Միսակ Թէմիզճեան մերթ ընդ մերթ արտասանեցին լօզունգներ։ ՍԵՄ-ականները ժողովուրդին համար մոմավառութեան յատուկ սեղան տեղադրած էին շրջափակի մէկ անկիւնը, իսկ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը պատրաստած էր կրծքազարդ-պիտակները։ Անոնք դրան մուտքին մոմերով դիմաւորեցին ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24-ի նախօրէին օրուան խորհուրդին համահունչ պատի թերթերով եւ պաստառներով զարդարած էին կեդրոնի շրջափակը։ Ս.Օ.Խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր նիւթաբարոյական ներդրումը ունեցաւ հանդիսութեան յաջողութեան։
Աւարտին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի նուագակցութեամբ մեծ եռանդով հնչեցին ազգային հայրենասիրական երգեր, ոգեւորելով ներկաները։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Հայր Գէորգ Պահէեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։