կարևոր
2479 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-04-25 13:29
Հասարակություն

Հայոց ցեղասպանութեան 108֊րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 108֊րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կազմակերպութեամբ` Սուրիոյ Երիտասարդական միութեան, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2023֊ին, երեկոյեան ժամը 8։00֊ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108֊րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկ։

Օրուայ պատգամը փոխանցեց` հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի հայ դատի դասախօս ընկ. Աւօ Գաթրճեանը։

Ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ ՍԵՄի֊ի Շանթ մասնաճիւղի ընկերներուն կողմէ պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Աւարտին գիւղիս հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ. Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ապա Պահպանիչ աղօթքով փակեց սոյն հոգեպարար երեկոն։