Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 3-ի երեկոյեան, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ նշուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 129-ամեակը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն “Սարդարապատ” կոմիտէութեան եւ Հ.Ե.Դ. “Նժդեհ” մասնաճիւղին: Շուրջ երկու հարիւր հայորդիներ ներկայ էին այս հանդիսութեան, որ սկսաւ Պոսթընի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի կատարած դրօշակի արարողութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Վիրժինի Թուլումեան, որ բարի գալուստ յայտնեց եւ բեմ հրաւիրեց Հ.Ե.Դ. “Նժդեհ” մասնաճիւղի անդամներ Այտա Պարսումեանն ու Սարօ Սագայեանը, որոնք յաջորդաբար անգլերէնով եւ հայերէնով, երիտասարդականի ակնոցով դիտեցին այս օրուան իմաստն ու նշանակութիւնը:Պարսումեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ երիտասարդութեան պարտականութիւնն է հետեւիլ պատմութիւն կերտած այս կուսակցութեան, որուն պարտականութիւնն է շարունակ ծառայել հայրենիքին: Ան շեշտեց, թէ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, դեռ քանի մը օր առաջ կարելի եղաւ ի նպաստ հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւ մը քուէարկել: “Ոչ թէ միայն Հայաստանի, այլ Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ ալ մենք շարունակ կը գործենք, շարունակ նեցուկ կանգնելով տեղւոյն երիտասարդութեան“, ըսաւ Պարսումեան:
Սարօ Սագայեան յայտնեց, թէ իբրեւ երիտասարդական, երախտապարտ է Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ քաջատեղեակ է, թէ հայրենիքէն ներս աշխատանք կայ իրագործելիք:
Տեսաերիզի ցուցադրութէնէ ետք, Հ.Յ.Դ. “Սարդարապատ” կոմիտէութեան խօսքը երկու լեզուներով, փոխանցեց Մուրատ Մանուկեանը, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութեան Օրը, հաստատուած է 1925-ին 10-րդ ընդհանուր Ժողովի որոշումով եւ դարձած աւանդութիւն:
“…Սոսկ տարեդարձ մը չէ այլ՝ հրաւէր մը ներկայացնելու ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ ծաւալող գործի հաշուետուութիւնը. Հայ ժողովուրդի զանգուածներուն հետ երկխօսելու հրաշալի առիթ երբ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ անոր իղձերուն իրականացման համար ոչինչ խնայող այս հսկան ժողովուրդին կը ներկայանայ նաեւ՝ ապագայի իր տեսլականով: Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ իր գործունէութեան ամբողջական հաշուեկշիռով, իրականացուած գործին հետ նաեւ անկատար մնացած ծրագիրներու ցուցակով, արձանագրուած յաջողութիւններու կողքին նաեւ՝ թոյլ տրուած բացթողումներով եւ մանաւանդ՝ բացթողումներով առանց դոյզն իսկ վարանումի:…Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն մինչեւ ներկայ, երբեմն անյաղթահարելի թուացող դժուար պայմաններու մէջ անգամ, իր աշխարհատարած գործով արժանացած է հայ ժողովուրդի սիրոյն ու երախտագիտութեան: Բանանք հայ ժողովուրդի պատմութեան մօտիկ անցեալի, 19 -րդ դարու վերջերուն սկիզբ առած ազատագրական պայքարի էջերը ու հոն, պայքարի բոլոր հանգրուաններուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախ Հայաստանի կերտման գործին անսակարկ նուիրեալ Դաշնակցական ֆետայիներու փաղանգն է, որ պիտի ուրուագծուի մեր մտապատկերին մէջ: Յիշենք Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսէն եւ 1918-ին անկախացած Հայաստանի կարճատեւ բայց պատմականօրէն բախտորոշ հանգրուանին Դաշնակցութեան ունեցած գործօն դերակատարութիւնը“, ըսաւ ան:
Ապա Մանուկեան նշեց, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն է որ շարունակ պահապան կեցաւ հայոց եռագոյնին, միշտ ալ վառ պահելով ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը հայ զանգուածներու մտքին ու սրտին մէջ:
“Այս բոլորի կողքին անպայման պիտի յիշենք վերանկախացած Հայաստանն ու Արցախը եւ Արցախի ազատագրման պայքարին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած հսկայ ներդրումի մասին: Պիտի յիշենք նաեւ Հայաստանի ու Արցախի պետականութիւններու ամրացմանն ուղղուած աշխատանքներուն մէջ ցարդ կատարուած եւ շարունակաբար կատարուելիք վիթխարի գործին մասին: Ինչպէս Երէկ էր, այսօր եւ վաղը եւս, Դաշնակցութիւնը իր համազգային ամբողջ ներոյժով եւ կարողականութեամբ լծուած է եւ պիտի շարունակէ լծուիլ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման գործին: Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններու ճամբով Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններուն սատարելու հնարաւորութիւնները հասանելի են մեզմէ իւրաքանչիւրին: Թող այս մէկը ընկալուի գործօն մասնակցութեան կոչ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մանաւանդ՝ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն, իրենց կարողականութիւնը ի սպաս դնելու ազգանուէր այս աշխատանքին”, եզրակացուց ան:
Երիտասարդականի անդամ Մեղրի Տէր Վարդանեանի կատարած ասմունքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հերթապահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ պատշաճ ձեւով ներկայացուց օրուան պատգամը:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իբրեւ համաշխարհային հասողութիւն ունեցող, համազգային տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւն՝ յստակ է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը լոկ քաղաքական կուսակցութիւն չէ, որ կը գործէ հայրենիքի մէջ:
ՏԷր Խաչատուրեան այնուհետեւ մատնանշեց, թէ շարունակ, հոգեկան մեծ հրճուանքով ազատ ու անկախ Հայաստանին փոխանցեցինք եւ դեռ ալ կը փոխանցենք սփիւռքեան աքսորի տարիներուն սրբութեան նման մեր պահպանած պետականութեան ու անկախութեան խորհրդանիշները` եռագոյնը, օրհներգը, զինանշանը, ազգային գաղափարախօսութիւնը։ Հակառակ յուսախաբութիւններու մնացինք եւ դեռ ալ կը մնանք պատնէշի վրայ։
“Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայութեան շահերը պաշտպանող այն մեծ կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ ամէնուրեք, անիկա ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրան է, որ կարողացած է այսօր աւելի քան 129 տարիներ իր մէջ շաղախել, իր մէջ համարկել իր այդ երկու էութիւնները միաժամանակ: Հ.Յ.Դ.-ի ժողովրդավարական, յեղափոխական նկարագիրը, իր ազգային դիմագիծը եւ իր ունեցած յստակ տեսլականը յոյս ներշնչած է հայ ժողովուրդին եւ այդ ուղղութեամբ մեծ իրագործումներու դուռ բացած է մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ“, ըսաւ ան: Տէր Խաչատուրեան, նաեւ աւելցուց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կոչուած է խոնարհաբար ծառայելու հայ ժողովուրդին, իրականացնելու համար Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան, աւելցնելով, անշուշտ, ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական զարգացման հիմնական առաջադրանքները:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այն մղիչ ուժն է, որ կը փորձէ համախմբել համահայկական բոլոր ուժերը, այն կառոյցները, այն կազմակերպական միաւորները, որոնք կը գործեն սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, որպէսզի համախմբուին մեր ազգային օրակարգի շուրջ եւ հիմնական հարցերու մէջ, ուր տարակարծութիւններ չկան այսօր, անոնցմէ ամէն մէկը վերցնէ իր բաժինը` ի սպաս մեր ժողովուրդին եւ ի նպաստ մեր հայրենիքին:
“Որպէս համահայկական, քաղաքական ու պայքար մղող կազմակերպութիւն, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կ՛աշխատինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի սկզբունքային գաղափարի շուրջ եւ հիմա կ՛ուզենք այդ սկզբունքէն աւելի` գործնականի անցնիլ: ․․․Այս բոլոր աշխատանքները, իրաւական հիմքերը, միջազգային փաստաթուղթերը շատ աւելի լուրջ ու մասնագիտական քննարկման կը կարօտին: Այդ գործընթացը քանի մը տարի առաջ սկսած ենք, ու բնական է` անոնցմէ ամէն մէկը այսօր յստակ պատասխան չունի”, ըսաւ ան աւելցնելով, թէ Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ, խոր մտահոգութիւն յայտնեց, նշելով, թէ բազմաթիւ խնդիրներ կը յառաջանան, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր երկիրը, սկսած` պետական կառավարման համակարգին խնդրայարոյց փոփոխութիւններէն, մինչեւ դատական համակարգին նկատմամբ բացայայտ ճնշումները, երկրի տնտեսական քաղաքականութեան մէջ յայտարարուող, բայց չիրականացած քայլերը, երկրի անվտանգութեան, ապահովական կառոյցներու ղեկավարութեան փաստացի կամ ակնկալուող հրաժարականները եւ վերջին օրերուն հայերէն լեզուի հանդէպ լուսանցքային վերաբերմունքը:
Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, թէ այս աշխատանքները այսօր կարելի չէ նկատել ամբողջական կամ վերջնական, որովհետեւ գործը երկար է: Ան յատկապէս կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, որպէսզի գործի լծուի եւ բարձր պահէ փոխանցուած ջահը:
Եզրակացնելով, Տէր Խաչատուրեան յայտնեց.- “Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պետականութեան գործին մէջ ունեցած է մեծ ներդրում, Հայաստանի անկախութեան եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչման առումով ալ ունեցած է մեծ ներդրում, նաեւ Արցախի ազատամարտի եւ Արցախի առաջին կառավարութիւններուն մէջ: Այս ամբողջը ցոյց կու տայ, որ այսօրուան հայկական աշխարհին մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մնացած է քաղաքական այն միակ կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ, աշխուժ ներկայութիւն եւ դերակատար է ամէն տեղ, ուր կայ հայ շունչ։ Միայն առողջ երկխօսութեամբ եւ համախոհութեան մթնոլորտի մէջ կարելի է ձեւաւորել միասնական օրակարգ եւ մէկտեղել համայն հայութեան ուժերը` երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու համար”:
Օրուան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տեղւոյն երիտասարդականի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի երգեցողութեամբ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
hairenikweekly.com