Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երկուշաբթի, 16 յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» եւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը» հատորներու շնորհահանդէսը:
Երկու գիրքերն ալ գիտաժողովներու զեկուցումներու ժողովածուներ են: Առաջին գիտաժողովը կազմակերպած էին Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, իսկ երկրորդ գիտաժողովը կազմակերպուած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի կողմէ:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ 2023 տարին կը սկսինք վերաշեշտելով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան վերջին քանի մը տարիներու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը` համագործակցութիւնը հայրենի գիտական հաստատութիւններուն հետ` աւելցնելով, որ գիտութիւնը, յատկապէս հասարակական գիտութիւնները համահայկական օրակարգի այն հիմնական ուղենիշերն են, որոնց մէջ կատարուած Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ միջոցներ գտնել ներկայի ճակատագրորոշ փուլը յաղթահարել:
Յակոբեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ մերօրեայ հայկական կեանքին մէջ անհրաժեշտ կարեւորութիւն չի տրուիր միտքին, մտաւոր աշխատանքին, գիտութեան. ասոր պատճառներէն կրնան ըլլալ 2020-ի պատերազմէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնն ու մեր ազգային պահանջներուն եւ գոյութենական խնդիրներուն նկատմամբ անտարբերութիւնը: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ ներկայացուելիք երկու գիրքերն ալ իրենց գիտական զեկուցումներով գլխաւորաբար այսօրուան հարցերուն պատասխան կու տան. «Այսօր, պատերազմէն երկու տարի ետք, հայկական ինքնութիւնը կերտող երկու հիմնասիւներուն` մշակոյթին եւ գիտութեան պարզած վիճակը Արցախ աշխարհին մէջ: Այսօր, Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագիրներէն աւելի քան հարիւր տարի ետք հայոց աշխարհի ու հայութեան դիմագրաւած` նոր Կարսի եւ Մոսկուայի առջեւ յայտնուելու մարտահրաւէրը», ըսաւ Ժ. Յակոբեան: Ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց զոյգ հատորները:
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ներկայացնելով «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» հատորը յայտնեց, որ հատորին մէջ կ՛ամփոփուին նախապէս Արցախի մէջ կայանալու համար ճամբայ ելած, սակայն 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Երեւանի մէջ գումարուած գիտաժողովին զեկուցումները:
Ան դիտել տուաւ, որ 413 էջերու մէջ ամփոփուած են 19 գիտնականներու մասնագիտական զեկուցումները, որոնց ուսումնասիրման ծիրը կ՛ընդգրկեն 12-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը հասնող, արցախեան կրթական ու մշակութային կեանքը հունաւորող իրողութիւններու, փաստերու, ուշագրաւ վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու ամրագրմամբ յատկանշուող գիտական ուսումնասիրութիւններ: «Մասնաւորաբար հոն տեղ գտած են Արցախի ազգագրական անցեալին, տարբեր ժամանակներու կրթական ու մշակութային կեանքի մասնայատկութիւններուն, Ժայռապատկերներու ուսումնասիրութեան եւ կրթամշակութային այլ բնագաւառներու առնչուող արժէքաւոր նիւթեր: Զեկուցումները անդրադարձած են նաեւ հայոց մշակութային գանձերուն հանդէպ ազրպէյճանական հետեւողական կեղծարարութիւններուն, մշակութային արժէքներու իւրացման, կործանման ու վանտալիզմի փաստերուն: Ճանչնալով անոնց հեղինակներէն շատերուն մասնագիտական հմտութիւնները` կարելի է ուրախութեամբ նշել, որ զեկուցումները ո՛չ միայն հաւաստի ու արժէքաւոր հիմք կը հանդիսանան յառաջիկայի առաւել ընդարձակ ուսումնասիրութիւններու համար, այլ նաեւ, իր ընդհանրութեան մէջ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Ազրպէյճան ճիգ չի խնայեր Արցախն ու անոր մշակոյթը իւրացնելու, հակառակը պնդող ու ապացուցող` Արցախի հայկական պատկանելիութեան անհերքելիութեան համար փաստահաւաք նոր օղակ կը հանդիսանան», հաստատեց Քէշիշեան:
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ հատորին մէջ ամփոփուած զեկուցումներուն միտք բանին եւ ներկայացուցած արժէքը:
Իր խօսքի աւարտին Զաքար Քէշիշեան յայտնեց, որ վերջին տարիներուն Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը զարկ կու տայ գիտաժողովներու, որոնց կը մասնակցի հայրենի գրական թէ գիտական ոլորտի ընտրանին, եւ որոնք առիթներ են հայրենի թէ սփիւռքի մեր մտաւորականութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու այժմէական զանազան նիւթերու վրայ: Ան նշեց, որ Համազգայինի կազմակերպած գիտաժողովներուն զեկուցումները միշտ ալ հաւաքուած ու հրատարակուած են այսպիսի համապարփակ հատորներու մէջ, որոնք իբրեւ գիտական ու մշակութային ազգային արժէք ու հարստութիւն «կ՛ապրեն յաւիտեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան նախ գնահատեց «Ազդակ»-ի եւ իր ղեկավարած հիմնարկին միջեւ կայացած համագործակցութիւնը, որուն բերումով «Ազդակ» կը կազմակերպէ ակադեմիային հրատարակած գիրքերու շնորհահանդէսները:
Անդրադառնալով Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիտաժողովին, Աշոտ Մելքոնեան ընդգծեց այնտեղ հնչած շատ կարեւոր եւ այժմէական նշանակութիւն ունեցող խնդիրները` տարածքային պահանջներէն, սահմաններու ճանաչումէն մինչեւ այդ երկու համաձայնագիրներուն իրաւականութեան խնդրոյ ըլլալը:
Փրոֆ. Մելքոնեան անդրադարձաւ արեւելահայ գործիչներու արեւմտահայոց եւ Արեւմտահայաստանի իրաւունքներու համար պայքարին նուիրուելուն եւ միւս կողմէ արեւմտահայերու ներգրաւումին` արեւելահայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն մէջ: Այս վերլուծումը կատարելով ան շեշտեց համահայկական մտածողութեան վերակայացման հրամայականը, մանաւանդ մերօրեայ համազգային ճգնաժամերուն մէջ:
Պատմական եւ այժմէական զուգահեռներու գծումով թէ՛ թուականի, թէ՛ մեծապետական ներգրաւուածութիւններու եւ պայքարներու մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին վրայ ձգած բացասական հետեւանքներու առումներով փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան ընդգծեց գիտական, պետական, սփիւռքեան եւ հասարակական մակարդակներու վրայ համախմբուելու եւ վերջին պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելու համար նպատակաուղղուած աշխատելու անյետաձգելի հրամայականը:
Աւարտին, ներկաներուն տրամադրուեցան երկու հատորները: