Փոխարժեքներ
09 05 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.25 |
EUR | ⚊ | € 439.39 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.7251 |
GBP | ⚊ | £ 516.22 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.96 |
«Գանատա դատապարտէ՛ թրքական բռնութիւնները», «Թրքական ԱԹՍ-ները կը սպաննեն անմեղ քաղաքացիներ»… Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումն ու բռնարարքները դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած՝ հայ երիտասարդները Նոյեմբեր 1-ին Գանատայի Ուոթըրլու քաղաք գլխաւոր հրապարակին մէջ բողոքի հանրահաւաք կատարեցին։
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանին կողմէ նախաձեռնուած ցոյցին կը մասնակցէին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ ՀՄԸՄ-անդամներ։
Ցոյցի ընթացքին, գանատական CTV հեռուստաընկերութեան Քիչնըր քաղաքի հեռուստակայանը հարցազրոյց ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանի ատենապետ ԼԵւոն Սարմազեանի հետ, որ յստակօրէն ներկայացուց թուրք-ատրպէյճանական սադրանքները եւ գանատահայ համայնքի ակնկալութիւնները օթթաուայէն։
horizonweekly.ca