կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-22 08:08
Աշխարհ

«1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն են, կարելի չէ այլ կերպ որակել». Իսրայէլի Արդարադատութեան նախկին նախարար Եոսի Պէյլին

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի նախաշեմին, «ՀՈՐԻԶՈՆ»ը բացառիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի Արդարադատութեան նախկին նախարար Եոսի Պէյլինի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին, «ՀՈՐԻԶՈՆ»ի Միջին Արեւելքի աւագ լրագրող Տիանա Սքայան արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Իսրայէլի ժխտողական քաղաքականութիւնն ու անոր պատճառահետեւանքային դրոյթները, նշելով որ Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական կարեւոր կշիռ ունեցող իսրայէլեան Քնէսէթը ցայսօր չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, ի հեճուկս այն իրողութեան, որ Իսրայէլի քաղաքական գործիչներէն շատեր բարձրաձայնած են այս խնդիրը, բայց Թուրքիոյ ճնշման ներքոյ Իսրայէլի իրերայաջորդ կառավարտութիւնները յամառօրէն կը հրաժարին ընդունիլ մարդկային այս մեծ աղէտը, որուն զոհն է նաեւ ինք:

Եոսի Պէյլին նշեց, որ այսպիսի սարսափելի պատմական իրադարձութեան նկատմամբ Իսրայէլի վերաբերմունքը պէտք չէ թելադրուած ըլլայ Թուրքիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմամբ, թէեւ Իսրայէլ-Թուրքիա ունին բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններ, իսկ Հայաստանի հետ այսօրուան քաղաքական յարաբերութիւնները չեն ներկայացներ փայլուն վիճակ մը: 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն են, կարելի չէ այլ կերպ որակել: Մէկուկէս միլիոն մարդու սպանդը անփութութեան հետեւանք չէր, այլ ցեղասպանութիւն, որուն ժխտումը միջազգային հանրութեան կողմէ պատճառ դարձաւ յետագայ նախճիրներու՝ զորօրինակ հրէական ողջակիզումին: Ուստի, կարելի չէ ընդունիլ քաղաքական պահանջներ՝ անտեսելով պատմական իրադարձութիւններ ու բարոյական-ցեղային հարցեր: Իսրայէլի համար, որուն ժողովուրդը ունի ընդհանուր ողբերգական պատմական ճակատագիր, դատապարտելի հեգնանք է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հանդէպ լռութիւնը, կը հաստատէ Իսրայէլի նախկին նախարարը։

Նշենք, որ 1994-ին, երբ Պէյլին Իսրայէլի Արտաքին Գործոց փոխնախարար էր, Քնէսէթի (խորհրդարան) ամպիոնէն յայտարարեց, որ 1915 թուականի իրադարձութիւնները հայոց ջարդերուն վերաբերող, պարզապէս պատերազմական իրավիճակ չէին պարզեր, այլ՝ շատ աւելին էին ու կարելի է այդ դէպքերը ցեղասպանութիւն որակել: Օրին, այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց Քնէսէթին մէջ: Աւելի ուշ, 2000 թուականի Ապրիլ 24-ին, Արդարադատութեան նախարար Պէյլին, Կրթութեան նախարար Եոսի Սարիտի հետ անգամ մը եւս բարձրացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը իսրայէլի կառավարութեան մօտ: Ան առաջին անգամ լսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երբ պատանի հասակին ընթերցած է Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպը: