Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Yerkir.am-ը ներկայացնում է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միության կենտրոնական վարչության ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչյանի խոսքը, ներակայացված՝ Հակոբ Կարապենցին նվիրված միջազգային գիտաժողովի զեկույցների գրքի շնորհանդեսին: Հիշեցնենք՝ միջոցառումը տեղի է ունեցել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միության եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրական ֆակուլտետի նախաձեռնությամբ՝ ԵՊՀ- բանասիրության ֆակուլտետի դահլիճում:
Համազգայինի համագործակցութիւնը ԵՊՀ-ին հետ ունի աւելի քան երեք տասնամեակներու պատմութիւն: Անոր ընթացքին, ի շարս այլ աշխատանքներու, տեղի ունեցած են շուրջ տասնեակ մը գիտաժողովներ ընդհանուր հայագիտութիւնը շօշափող նիւթերով: Համազգայինի տեսանկիւնէն՝ այս գիտաժողովներու նախնական նպատակը եղած է սփիւռքեան պայմաններու մէջ ստեղծագործած եւ իրենց քաղաքական արեւելումներուն համար խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ անտեսուած ու հայրենի գրասէր հասարակութենէն առաւել կամ նուազ չափով թաքնուած գրողներու աշխատանքը, անգամ մը եւս ուսումնասիրութիւններու առարկայ դարձնելու ճամբով, ծանօթացնել համալսարանական նոր սերունդին եւ անոնց միջոցով՝ հանրութեան: Այսպէս ժամանակի ընթացքին վերստին բեմ նետուած են Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Յակոբ Օշականը, Համաստեղը, Մուշեղ Իշխանը եւ Յակոբ Կարապենցը: Շօշափուած են նաեւ հայագիտութեան յարակից բնագաւառներ՝ ինչպէս հայոց լեզուի հիմնահարցերը, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ընթացքին կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացումը եւ այլն:
Այս գործակցութիւնը Համազգայինը դրած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերուրութիւններու ընդհանուր ծիրէն ներս ամուր օղակի մը պատուաբեր դերակատարութեան մէջ:
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հայեցակարգային իմաստով նախակարապետներէն եղաւ Յակոբ Կարապենց: Այսօր, մեր գործերուն մէջ հետեւողական ըլլալով, կը ներկայացնենք նախորդ սեպտեմբերին իր գործի քննարկման նուիրուած գիտաժողովի ամբողջական զեկուցումներու հատորը: Ատենին ողջոյնի խօսքիս մէջ իր հրապարակագրական գրութիւններէն ըրած եմ մէջբերումներու ծաղկաքաղ մը, զոր կը վերարտադրեմ այստեղ.
«Հայաստանը եղել ու մնում է հայութեան միակ խարիսխը: ...... Առանց Հայաստանի նիւթական ու հոգեկան գոյութեան, ուծացման է դատապարտուած սփիւռքահայութիւնը: ...... Մի ամբողջ նախարարութիւն է հարկաւոր մէկ առ մէկ քննելու սփիւռքահայ գաղութների կացութիւնը համապատասխան ծրագրեր մշակելու եւ տեղական մարմինների հետ համագործակցաբար փրկելու մնացորդացը՝առաջին անվթար պահելու Հայոց Լեզուն:»
Ասիկա Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամբողջական ծրագրի մը վերնագիրը կրնար ըլլալ գրուած՝ Հայաստանի վերանկախացումէն բաւական առաջ: Իսկ իր առաջադրած Սփիւռքի նախարարութիւնը, հակառակ ատենին կրկնուող յիշեցումներուն, իրականութիւն դարձաւ անկախութեան հռչակումէն 17 տարիներ ետք՝ 2008-ին. իսկ անոր գործունէութիւնը տեւեց տասնամեակ մը փաստօրէն իրագործելով Յակոբ Կարապենցի ծրագիրը՝ «մէկ առ մէկ քննելու սփիւռքահայ գաղութների կացութիւնը համապատասխան ծրագրեր մշակելու եւ տեղական մարմինների հետ համագործակցաբար փրկելու մնացորդացը ...»:
Մէջբերուած պարբերութիւնը Յակոբ Կարապենցի մտածումներու մէկ մասն է միայն: Սակայն ատիկա բաւարար է ցոյց տալու, որ Կարապենցի համար Հայաստան եւ Սփիւռք նոյն մետալին երկու երեսներն են: Պարզ նախադասութեամբ մը՝ Սփիւռքը Հայաստանին պէտք ունի, Հայաստանն ալ՝ Սփիւռքին: Յարաբերութիւններու ծիրէն ներս երկուքն ալ իրարու տալիք ունին, երկուքն ալ իրարմէ՝ առնելիք:
Ահա այս փոխկապուածութեան պատճառով է, որ հայութեան հակառակորդները կը փորձեն այս երկու, օրկանապէս իրարմէ բոլորովին անկախ ամբողջութիւնները իրարմէ անջատ տեսնել, քանի անոնց միացեալ ամբողջութեան ներկայացուցած ուժը աւելի է, քան՝ անոնց թուաբանական գումարումը: Երբ հայութեան բազմաթիւ մասնիկներու միջեւ յարաբերութիւնները դրական են, Հայաստանի Հանրապետութեան ազդեցութեան գօտին աներեւակայելի աշխարհագրական տարածութիւններու վրայ, այս կամ այն ձեւով, արդիւնաւէտ ձեւով կ'ընդլայնի:
Յակոբ Կարապենցի ու իր նմաններուն համար Սփիւռքը, աւելի ճիշդ՝ սփիւռքները արտերկրի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակութիւնն են. անոնք կը ծառայեն նոյն հաւաքականութեան՝ հայ ազգին: Այստեղ, անշուշտ, կայ լուրջ հարց: Հայաստան-Սփիւռք մեծ թիւով ոլորտներու մէջ իրար ամբողջացնող, ամբողջութիւնը ներգրաւող յարաբերութիւնները դրական ընթացք կ'ունենան, դրական արդիւնքներու կը յանգին, եթէ գոյութիւն ունենայ միեւնոյն հաւաքականութեան պատկանելիութեան գիտակցութիւնը. կարճ՝ եթէ գոյութիւն ունի ազգային գիտակցութիւնը, եթէ կան ազգի հանդէպ հաւատքն ու հաւատարմութիւնը, եթէ կայ համընդհանուր ծրագիր, որուն իրագործման համար աշխատողներ կան, իսկ անոնց աշխատանքները արգելքի չեն հանդիպիր իւրայիններու, այսինքն՝ ազգակիցներու կողմէ:
Արդ, այս ուղղութեամբ եղած են ու դեռ կան դժուարութիւններ, որոնց առկայութիւնը ազգային ծրագրի մը իրականացումը, յաճախ՝ անոր գոյառումը կը խոչընդոտեն: Այդ իսկ պատճառով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները անցած են վերիվայրումներէ, որոնք ունեցած են տարաբնոյթ հետեւանքներ, յաճախ՝ գոյութենական իմաստով վտանգաոր:
Վերջին հարիւրամեակի եղելութիւնները նկատի առնելով պատկերը յստակ կ'ուրուագծուի:
Առաջին հանրապետութեան ստեղծման օրերուն նորաստեղծ սփիւռքէն կամաւորներու հոսքը դէպի մարտնչող հայրենիք զգալի էր: Հայութիւնը աւելի քան երկու տարի անկախ պետութիւն ունեցաւ. վերջաւորութեան երկիրը խորհրդայնացաւ: Խորհրդային շրջանին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները արգելակուած էին: Հայաստանի իշխանութիւնները սահմանափակուեցան Սփիւռքի հետ մշակութային յարաբերութիւններու մարզով. մէկ խօսքով հայութիւնը բաժնուած էր երկու անջատ հատուածի, իսկ Սփիւռքի բաղկացուցիչ հոսանքները լրջօրէն պառակտուած էին: Պաղ պատերազմի ձիւնհալով յարաբերութիւնները սկսան աշխուժանալ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումով Հայաստանը վերանկախացաւ. Արցախի ազատագրական պայքարը խանդավառեց համայն հայութիւնը. ստեղծուեցաւ համահայկական միաւորման մթնոլորտ, որ ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական կամքով ուղղուեցաւ դէպի ժամանակաւոր պառակտում: Այս շրջանին է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ազգի գաղափարը յայտարարեց «կեղծ կատեգորիա», երբ անդին դրացի պետութեան նախկին մէկ վարչապետը կ'ողջունէր 21որդ դարու գալուստը «իբրեւ թրքութեան դարաշրջան»: Առաջինը հաւաքականութիւնը անհատներու վերածելով զէնքերը վար կը դնէր, երկրորդը ակռաները կը սրէր: Մեր օրերուն նոյն վիճակն է:
Հայաստան-Սփիւռք հետեւողական ու զարգացող յարաբերութիւններու վկան դարձանք 1998-էն մինչեւ 2018 ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին, սակայն, անարգել ցանուեցան նոր պառակտումի մը սերմերը:
Ատկէ ետք բացայայտ կերպով հրաւիրուեցաւ պառակտումը: Մեր օրերուն ո՛չ միայն Սփիւռքը օտարացած է հայրենիքէն, այլ հայրենի ժողովուրդըը ծրագրուած կերպով կ'անպրի սուր պառակտումի ժամանակաշրջան մը, որ կը սպառնայ իր գոյութեան իսկ: Համապատասխան գործընթացները տեղի կ'ունենան բոլորի աչքին առջեւ. իսկ դերակատարներն ու պատասխանատուները հանրայայտ են:
Փրկութեան լաստը, ըստ մեզի, կրկին Արցախի մէջ կը գտնուի: Ան անգամ մը եւս կ'արձակէ համահայկական՝ ազգային միաւորման անյետաձգելիութեան ճիչը:
Վստահ եմ, որ այս ձեւով պիտի մտածէր նաեւ Յակոբ Կարապենց: Միաձոյլ համահայկական հասարակութեան կերտումը հայութեան ազգային գաղափարախօսութեան «ուտոպիա»ն է, որուն պէտք է տեւապէս ձգտիլ հայկական ցիրուցան ուժերէն կեդրոնացեալ հարուածային համակարգ մը ստեղծել կարենալու համար:
Մկրտիչ Մկրտիչեան
Երեւան, 31 մարտ 2022