կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-29 17:54
Հասարակություն

Արցախի դերը վերջին երեսնամեակին. Մկրտիչ Մկրտիչյան

Արցախի դերը վերջին երեսնամեակին. Մկրտիչ Մկրտիչյան

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության ԿՎ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչյանը Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային միության, ՀՀ ԳԱԱ պատմության ինստիտուտի և Արցախի պետական համալսարանի նախաձեռնությամբ ՀՀ ԳԱԱ պատմության ինստիտուտում մեկնարկած «Կրթամշակութային կյանքն Արցախում» խորագրով գիտաժողովում բացման խոսքով է հանդես եկել, որը ներկայացնում ենք ստորև։

«Այս գիտաժողովը, ինչպէս ներկաները գիտեն, կազմակերպուած էր Արցախի մէջ տեղի ունենալու համար: Վերջին օրերու անակնկալ դէպքերը պարտադրեցին վայրի ակամայ փոփոխութիւնը: Համազգայինի Արցախի մէջ գիտաժողովի մը համակազմակերպիչը ըլլալու փափաքը պայմանաւորուած է անշուշտ գիտաժողովի նիւթով, բայց նաեւ վերջին պատերազմին ստեղծած իրավիճակով՝ Արցախին այս ձեւով գոնէ մեր բարոյական քաջալերանքն ու համակրանքը արտայայտելու ներքին մղումով:Ի հարկ է Համազգայինը այլապէս ներկայութիւն է Արցախի մէջ, բայց այս գիտաժողովով մուտք կը գործուի Արցախի մտաւորական ոլորտին մէջ, որ ինքնաճանաչողութեան փնտռտուքին հիմնական բանալին է:

Այս գիտաժողովը իրականացնելու առաջին փորձը ձախողեցաւ համավարակի պատճառով: Ամէն ինչ որոշուած ու գործադրուելու պատրաստ էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով Արցախը առողջապահական պատճառներով իր դուռերը փակեց:

          Գիտաժողովի կազմակերպական կոմիտէի ընտրած նիւթը («Կրթամշակութային կեանքը Արցախում»),առաւելաբար պատմական նիւթ ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ կը վերաբերի ներկային ու մանաւանդ՝ ապագային: Ասիկա մարդկութեան հասարակական կեանքի կանխադրոյթներէն մէկն է.այն է, թէ հաւաքականութեան մը ինքնութիւնն ու ներքին յարակցութիւնը ժամանակի ընթացքին կը պահպանուին եւ կ'ուժեղանան, երբ անոր մշակոյթը կը զարգանայ անցեալէն ներկային հասնող գիծը ուղիղ շարունակելու պայմանով՝ տեւապէս նորոգելով հինը՝ զայն յարմարցնելով շրջապատի յարափոփոխ իրականութեան. այս պարագային է, որ կեանքի բացասական անխուսափելի վերիվայրումներու քանդիչ ազդեցութիւններու հետեւանքները իրենց կարելի նուազագոյն չափերուն մէջ կը սահմանափակուին:

          Որոշ հասարակութիւններու մօտ այն կարծիքը կը տիրապետէ, որ մշակոյթ եւ կրթութիւն հեռու պէտք է մնան քաղաքականութենէն. այդպէս կ'աւանդէ առհասարակ իշխող  վերնախաւը հաւանական մրցակիցներ հեռու պահել փորձելով քաղաքականութեան ասպարէզէն: Պարագան ըմբռնելի է, բայց ատիկա ճշմարտութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի. առողջ տեսակէտ իսկ չէ: Բայց նոյնպէս տեսանելի իրականութիւն է, որ առհասարակ գիտնականին եւ ընդհանրապէս մտաւորականին համար քաղաքականութեան գործնական դաշտը այնքան ալ գրաւիչ ասպարէզ մը չէ: 

          Միւս կողմէ սակայն հասարակութեան կեանքի որեւէ ոլորտի ամէն ինչը որոշողը, իր սահմանումո՛վ իսկ, քաղաքականութիւնն է. իսկ գործօն քաղաքական մարդու հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը իշխանութեան հասնիլն ու հասնելէն ետք՝ այդտեղ մնալն է: Հետեւաբար քաղաքական ծրագիրը, այսինքն՝ քաղաքականութեան որոշումը սահմանող քաղաքականութիւնը կարելի չէ վստահիլ զայն գործադրողին: Ատիկա պէտք է վստահիլ միտքի արհեստավարժներուն՝ մշակոյթի մարդոց եւ առհասարակ մտաւորականութեան: Այսինքն՝ քաղաքականութեան սերտողութեան, որոնման ու քաղաքական լաւագոյն լուծումներու եզրակացութեան աշխատանքին մէջ մտաւորականութեան հիմնական դերակատատարութիւն վիճակուած է:

          Հետեւաբար մշակոյթ ու քաղաքականութիւն պիտի զարգանան նոյն վայրերուն ու ժամանակներուն մէջ, որպէսզի իրարու հետ հաշտ ու համահունչ ըլլան:Արդ, հայութեան նման համաշխարհային տարածում վայելող հաւաքականութեան պարագային, ասիկա դժուար կառավարելի կացութիւն է. բոլորովին տարբեր կազմաւորում ունեցող, երբեմն նոյնիսկ՝ մշակութային ու կենցաղային մարզերէն ներս հակադիր տրամադրութիւններու տէր խմբաւորումները ի մի բերելը անիրապաշտ ու անիրագործելի նպատակ կրնայ նկատուիլ: Յամենայնդէպս վերջին երեսուն տարիներու հայկական փորձառութիւնը դրական պէտք է համարել. տուեալ ժամանակաշրջանին Հայաստանի եւ սփիւռքներու միջեւ մերձեցումը նկատելի դարձած էր շնորհիւ իրարու հետ անկաշկանդ հաղորդակցութեան կարելիութեան: Համահայկական հասարակութեան ներկայի պառակտումը ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու կողմէ թափուած յատուկ ճիգով ստեղծուած իրավիճակ է, որ քաղաքական փոփոխութիւններով սրբագրելի է:

          Ուրոյն մշակոյթով համահայկական հասարակութեան մը կազմաւորումը ցնորք չէ: Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ այդ կազմաւորումը սկսաւ, ո՞վ չի գիտեր, Արցախի՛ մէջ,համահայկական քաջալերանքով ու մասնակցութեամբ:Արցախի ազատագրական պայքարով կայացած համահայկական համախոհութիւնը ո՛չ միայն ազատագրեց Արցախը, այլ իբրեւ ատկէ բխող հիմնական ձեռքբերում պէտք է նկատել նաեւ այդ յաջողութեամբ նուիրագործուած համահայկական միաբանութեան ամրապնդումը, որ աւելի ուշ պսակուեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով բիւրեղացած համահայկական Հռչակագրով, որ արտայայտեց համազգային տեսլականն ու կամքը եւ ուրուագծեց համայն հայութեան մտապատկերը իր ապագային մասին:

          Ժամանակակից աշխարհի մէջ հայկական մասնիկներու միջեւ յարաբերութիւնը դիւրացած է: Իսկ յարաբերութիւնը միաւորման նպաստող կարելիութիւններ կը ստեղծէ: Համահայկական հասարակութեան կազմաւորումը ներկայի պայմաններուն մէջ ինքնաբերաբար տեղի կ'ունենայ, բայց նպատակասլաց ծրագիրներով կարելի է եւ հարկաւո՛ր է գործընթացները արագացնել:

          Ի դէպ՝ հայկական մարդկային զանգուածներու միջեւ կապը մէկէ աւելի անգամներ արգելակուած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայաստանի արդի Հանրապետութեան իշխանութիւններու որոշումով: Տասնամեակներ շարունակ հայրենիքի եւ հայկական սփիւռքի միջեւ կապը չափազանց ցանցառ էր. վիճակը զգալիօրէն բարելաւուեցաւ Պաղ Պատերազմի ձիւնհալով: Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբնական շրջանին քաղաքական պատճառներով փորձուեցաւ նոյնանման վիճակ ստեղծել, բայց ձախողեցաւ: Ներկայ հանգրուանին ալ յարաբերութիւնները այնքան ալ ջերմ չեն:

          Արցախը վերջին երեսնամեակին հանդիսացած է համահայկական միաւորման հիմնական օղակներէն մէկը. հայրենի եւ սփիւռքեան երիտասարդութիւնը այստեղ՝ իրենց արցախցի տարեկիցներուն հետ միասին ստացան հայոց նորագոյն Զարթօնքի արեան մկրտութիւնը. անոնք յաղթեցին: Այս խորհուրդը աւելի եւս կը շեշտէ Արցախիկարեւորութիւնը՝ բարդուելով անոր հանրայայտ ռազմավարական անփոխարինելիութեան հանգամանքին վրայ.հայութեան այդ կարեւոր մասի  անփոխարինելիութեան չգիտակցողը ամբողջի անէացման ճամբան կը բանայ:

          Գալով մշակոյթին՝ ան ինքնապաշտպանութեան հիմնական զէնքն է, երբ լռած կ'ըլլան աղմկարար զէնքերը: Պարապ տեղը չէ, որ մեր օրերուն կը փորձուի աղաւաղել հայկական մշակոյթը՝ զայն պարպելով իր ինքնութեան հոմանիշը դարձած տարրերէն: Նոյնը կը փորձուի հանրային կրթութեան ոլորտէն ներս, որ նոր սերունդներուն մշակոյթի փոխանցման մայր խողովակներէն մէկն է: Վստահաբար հայութեան հակառակորդները չեն յաջողիր. հազարամեակներու անցեալ ունեցող մշակոյթ մը հիմնովին քանդելը չափազանց դժուար գործ է, սակայն անոնք անո՛ր ձգտած են միշտ՝ այդ ուղղութեան մէջ յաճախ վերածուելով հայկական զանգուածներու դահիճի»։