Փոխարժեքներ
15 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.64 |
EUR | ⚊ | € 407.41 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.9 |
GBP | ⚊ | £ 489.94 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.78 |
Մինչ համայն հայութիւնը ցնծութեամբ կը վայելէր Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման եւ Հայաստան տեղափոխման ուրախալի լուրը, միւս կողմէ ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը ցնծալի այս իրողութեան առընթեր նոր էջ մը կը բանար իր պատմութեան մէջ։ Պանծալի էջ մը, որ թէեւ յուզումնախառն ապրումներով դիմաւորուեցաւ, սակայն հպարտանքով լեցուց բոլոր մասնակիցներու սրտերը։
Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021։ Յարգանքի տուրքի մատուցում բոլոր այն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի նահատակ անդամներուն, որոնք իրենց սիրելի հայրենիքի սահմանները անաղարտ պահելու համար, հազարաւոր հերոսներուն առընթեր իրենց կեանքը զոհեցին, քաջաբար գիտնալով, որ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»։
Ժամը 11ին, Պռոշեանի Զօրաց պանդէոնը համախմբուած էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան լրիւ կազմը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութիւնը, մեծ թիւով արի-արենոյշներ, Արցախէն, Թիֆլիսէն, Մոսկուայէն, Փարիզէն, Ալմելոյէն ներկայացուցիչներ, ուր ՀՄԸՄի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետները առաջին հերթին ծաղկեպսակ մը զետեղեին Պանդէոնի մէջ ննջող Արցախի ազատագրման մարտերուն նահատակուած բոլոր ազատամարտիկներու յիշատակին։ Ապա, ներկաները համխմբուելով հաւատաւոր ՀՄԸՄական, Օփերայի ծանօթ երգիչ եւ նահատակ ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի շիրիմին մօտ, մասնակցեցան հերոսի հոգիի խաղաղութեան համար մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ կատարեց
Յովսէփ Քհնյ. Ալեքսանեան եւ այնուհետեւ ծաղիկներ դնելով ու խոնարհելով անոր շիրիմին առաջ, մեկնեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի մշուշապատ բանակավայրը, այս անգամ մասնակից դառնալու ՀՄԸՄական նահատակներու պուրակին մէջ զետեղուած յուշարձանի բացման արարողութեան։ Բանակավայր ժամանած էին նաեւ ՀՄԸՄական նահատակ եղբարներու ծնողներն ու հարազատները, որոնք հրաւիրուեցան իրենց նահատակ որդիներու յիշատակին ցանուած մշադալար եղեւնիներուն մօտ, որոնց իւրաքանչիւր քով, իբրեւ պատուոյ պահակ կանգնած էին տարազաւոր արի-արենոյշներ։
Յուշարձանի բացման հանդիսութեան դրօշակի տպաւորիչ արարողութենէն ետք հնչեցին Հայատանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները։ Հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի խմբապետուհիներէն Անուշիկ Փանոսեանը, որ առաջին հերթին հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը լռութեամբ յարգելու յիշատակը Արցախի ազատագրման եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄական հերոսներուն։ Այս պահուն մշուշապատ բանակավայրը մաքրուեցաւ եւ կարծէք մաքուր օդը ճամբայ բացաւ դէպի երկինք, հրաւիրելով մեր նահատակներու հոգիները հետեւելու իրենց յիշատակի յաւերժացման համար կազմակերպուած պատմական արարողութեան։ Աստուածային հրաշք մը, որուն անդրադարձան բոլոր ներկաները։
Եռագոյնով ծածկուած յուշարձանի բացումը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան։ Ահա ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» կարգախօսը խորհրդանշող շուշանածաղիկը փայլեցաւ, որուն տակ դրօշմուած էր «Յաւերժ Փառք,
Կամաւոր Բանակ, Անմահ Խիզախներին»։ Գեղեցիկ այս յուշարձանի կառուցման հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահնգներէն խումբ մը ՀՄԸՄականներ։
Յուշարձանի օրհնութիւնը կատարեց Անբերդի շրջանի հոգեւոր Հովիւ Վրդանէս Քհնյ. Բաղալեան, որ նաեւ իր շնորհաւորանքներն ու Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնները փոխանցեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մեծ ընտանիքին։
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. Վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, որ վեր առնելով նահատակ եղբայրներու անձնազոհութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, վստահեուց, որ անոնք անմոռաց պիտի մնան։ Ապա իր խոնարհումը յայտնելով ընդգծեց. «Այս ծառուղի եղեւնիների կողքով ամէն անգամ դէպի յուշարձան քայլելով նրանք աւելի ու աւելի են զգաստանալու, գիտակցելով հայրենիքի գինը եւ կորցրածը վերադարձնելու յանձնարարութեամբ վստահ նայելու են Արարատին, ցաւօք այսօր մշուշոտ է մեզ մօտ եղանակը, բայց այս յուշարձանի յետնամասում պարզ եղանակի դէպքում, երեւակայէ Արարարը, որ ունի նաեւ մեծ խորհուրդ։ Յաւերժ փառք ձեզ տղաներ իմ անփոխարինելի եղբայրներ»։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց Կեդր. Վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, որ առաջին հերթին անդրադառնալով ՀՄԸՄի նպատակներուն եւ ազգային դաստիարակութան, կարեւորեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի հոգածութեան յանձնուած սերունդներու մէջ սերմանուող հայրենիքի սէրը, որ ցաւօք այս օրերուն իր պատմութեան մէջ հերթական անգամ ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ։ Այսուհանդերձ, եղբայրը բարձրաձայնեց, որ «Այս միջոցառումը չվերածուի մենակ սգոյ, անշուշտ մեր խոնարհումն է բերելու մեր հերոսներու առջեւ, բայց չպիտի խորհրդանշի մեր սարսափելի կորուստներն ու մեր սոսկալի ցաւը, հակառակը ան պիտի խորհրդանշի մեր պարտքը մեր ընկած եղբայրների առջեւ, ազատ Հայաստան, Արցախ, պաշտպանուած ու ամուր հայրենիք ունենալու երազանքը կատարած ըլլալու մեր ձգտումը։ Այս յուշարձանի խոհուն հայեացքի ներքոյ ազգային հայրենասիրական ոգով պիտի դաստիարակուեն նորանոր սերունդներ, որոնք էլ պիտի իրականութիւն դարձնեն այդ երազանքը, պիտի ազատագրեն մեր կորցրած հայրենիքը եւ կառուցեն իրաւի ազատ, արդար եւ միացեալ Հայատան»։
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ յիշեցնելով մեր գոյութեան, պատիւի ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայ ժողովուրդի հարիւրյիսուն տարիներու շարունակական պայքարը, վստահեցուց, որ այդ շրջանի ֆետայական ոգին արթնցած է հայութան մէջ, որու լաւագոյն ապացոյցները այն հերոսներն են, որոնց յիշատակը կը տօնենք այսօր։ Ապա իբրեւ անցեալի ՀՄԸՄական կարեւորելով ՀՄԸՄի աւանդը հայ ժողովուրդի դաստիարակութեան մէջ շեշտեց. «Ահա այդ դաստիարակութեան արդիւնք է այն առաւելագոյն զոհողութիւնը, որ հայ երիտասարդէ մը կ՚ակնկալուի, առաւելագոյն զոհողութիւնը, որ խօսք չէ մնացած, իսկ այս հերոսներուն որոնց անունները յիշուած են այստեղ, իրենց պարագային այդ զոհողութիւնը, այդ խօսքը դարձած է գործի։ Ես միայն ու միայն կը հպարտանամ որ իրենց ճամբով մենք անգամ մը եւս հասկցանք, թէ ինչ ըսել է գերագոյն զոհողութիւն, մենք անգամ մը եւս հասկցանք, որ ինչպէս ամէն դաշնակցական իր երդումին մէջ կ՚ըսէ որ մենք պատրաստ ենք ամէն գնով ծառայելու Հայաստանի եւ հայութեան ազատութեան դատին ի հարկին, եթէ պէտք ըլլայ նաեւ կեանքի գնով»։
Տէր Խաչատուրեան հաւատքով ընդգծեց, որ հերոս այս տղաքը ներշնչման աղբիւր պիտի հանդիսանան մեր երիտասարդութեան, որպէսզի անոնք ամէն գնով ծառայեն մեր հայրենիքին, որպէսզի անոնք կերտեն մեծագոյն յաղթանակներ եւ ինչու չէ նաեւ պարտութիւններ։ «Այո կարող ենք ունենալ նաեւ պարտութիւններ, ինչպէս այս վերջին պատերազմը, բայց այդ պարտութիւնները լոկ ժամանակաւոր են։ Այդ պարտութիւնները լոկ ճակատամարտի մը պարտութիւններն են, որովհետեւ պատերազմը կը շարունակուի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ունի իր ներքին ուժականութիւնը, հայ ժողովուրդը այս երիտասարդներու ճամբով փաստած է անգամ մը եւս, որ ինքը պատրաստ է ոտքի կանգնելու, պատրաստ է յարատեւօրէն պայքարելու մինչեւ որ իրականացնենք մեր մեծագոյն երազը, մինչեւ որ կերտենք մեր երազած ամբողջական հայրենիքը, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը ազատօրէն ապրի, շնչէ, ստեղծագործէ իր հայրենի հողին վրայ»։
Իսկ անդրադառնալով նահատակ հերոսներու ծնողներուն եւ հարազատներուն վիշտին, ան խրախուսեց զանոնք եզրակացնելով, «քաջ համոզուած եղէք, որ սա կորուստ չէ, քաջ համոզուած եղէք, որ իրենց կեանքի վատնում չէ, որովհետեւ իրենց ճամբով հայրենիքը կ՚ապրի, իրենց ճամբով մենք շարունակաբար կը գօտեպնդուինք եւ իրենց ճամբով միշտ կը վերանորոգենք մեր ուխտը, ամէն գմով պայքարելու մեր մեծագոյն երազներու եւ ազատ անկախ միացեալ տեսլականի իրականացման»։
Գօտեպնդիչ այս պատգամներէն ետք, ներկաները առ ի յարգանք մեր նահատակներուն, ծաղիկներ դրին յուշարձանին առաջ ու մեկնեցան բանակավայրի ճաշասրահ, ուր հիւրասիրուեցան եւ պատրաստուեցան մասնկցելու գեղեցիկ այդ բանակավայրի անուանակոչութեան արարողութեան։
Փառք մեր բոլոր հերոսներուն, որոնք ի սէր հայրենիքի իրենց կեանքը զոհեցին, հայրենիքի ազատութեան հաւատքով։
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ