Փոխարժեքներ
27 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.48 |
EUR | ⚊ | € 413.13 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.76 |
GBP | ⚊ | £ 496.79 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.11 |
Սկաուտական կեանքի ամենահաճելին մասը բանակումներն են, ուր բնութեան հրաշալիքներու մէջ արի-արենոյշները ոչ միայն ակումբի մէջ սորված իրենց տեսական գիտելիքները կը գործնականացնեն, այլ նաեւ առաւել կը մտերմանան, բնութեան մանրամասնութիւններուն կը ծանօթանան եւ գէթ մէկ շաբաթ կեանքի հեւքէն հեռու, անտառային գեղեցիկ կեանքը կը վայելեն։
Այս հեռանկարով ալ տոքորուած, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր այս տարի եւս Համա-հայաստանեան վեցօրեայ բանակում մը կազմակերպել Բիւրականի իր բանակավայրին մէջ։ Հակառակ տեղական մասնաճիւղերու նախապէս կազմակերպած առանձին բանակումներուն, հայրենի զանազան մասնաճիւղերէն եւ մանաւանդ Արցախէն, աւելի քան երեքհարիւր արի-արենոյշներ մեծ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան համա-հայաստանեան իւրայատուկ այս բանակումին։ Իսկապէս ողջունելի Էր ՀՄԸՄի Արցախի նորակազմ շրջանէն 19ը եւ Վրաստանի շրջանէն 30 արի-արենոյշներու մասնակցութիւնը, որոնք նորանոր գիտելիքներ ամբարելուն առընթեր առաւել գօտեպնդուեցան ՀՄԸՄի ոգիով ու յատկապէս գաղափարախօսութեամբ։
Բանակումը ղեկավարեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Սկաուտական Ընդհանուր Խմբապետ Գէորգ Օհանեանն ու բանակումի փոխ-խմբապետ Սեւակ Նազարեան։
Բանակողները բանակավայր հասան Երեքշաբթի, 10 Օգոստոս 2021ի առաւօտեան եւ մեծ կարգապահութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ մնացին մինչեւ Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021ի յետմիջօրէին։
Բանակողները խմբակներու բաժնուելէ ետք ոգեւորութեամբ աշխատանքի լծուեցան նախ իրենց տրամադրուած վայրերուն մէջ իրենց վրանները լարեցին եւ ապա բծախնդրութեամբ զարդարեցին զանոնք գեղեցիկ ձեռային աշխատնքերով։ Մի քանի ժամուան մէջ բնութեան ամայի այդ անկիւնը կեանք առաւ եւ մարդկային շունչով վերակենդանացաւ։
Ամէնօրեայ սովորական աշխատանքներ՝ առաւօտեան զարթնումէն, մարզանքէն, վրաններու մաքրում/ստուգումէն, հանգիստի ժամերէն ու նորաստեղծ երգ/կանչերէն անկախ բանակողները առիթ ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ մտերմանալու իրարու հետ։ Այս բոլորէն անկախ բանակումը յատկանշական եղաւ դէպի Անբերդ արշաւով, խմբային խաղ-մրցումներով եւ յատկապէս Հայկական արժէքներու եւ Արցախի հիմնահարցի մասին դաստիարակչական դասախօսութիւններով։ Այս գծով Կարէն Մնացականեան դասախօսեց «Հայկական արժէհամարկարգի պահպանման կարեւորութան մասին», իսկ Արթիւր Մկրտչեան լայնօրէն անդրադարձաւ «Արցախի հիմնախնդիրը Աշխարհին տեղեկացնելու առաքելութեան կարեւորութիւնը» խիստ էական նիւթին մասին։
Բանակումի ամենայիշատակելի ժամերը ամէն երեկոյ կացմակերպուած խարոյկահանդէսներն էին, որոնց ընթացքին հաճելի պահերու ապրումնրէն անկախ, անոնք նաեւ գեղեցիկ առիթ հանդիսացան բանակողներու թաքուն հանճարները բացայտելու, որոնք անկասկած խոստմնալից ապագայ կը խոստանան արուեստի մարզէն ներս։
Եւ վերջապէս վեցօրեայ անզուգական այս բանակոմի եզրափակիչ դրօշակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,14 Օգոստոս 2021ի երեոյեան, որուն ներկայ գտնուելու համար բանակավայր փութացած էին բազմաթիւ ծնողներ, ՀՄԸՄականներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին էր յատկապէս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառի ներկայացուցիչ Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։ Բանակումի Տպաւորիչ դրօշակի արարողութեան ընթացքին սրտի իր խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Սանտրա Վարդանեանը, որ շնորհաւորելով բանակումի յաջող աւարտը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն ու յոյս յայտնեց, որ անոնք այս բանակումին մասնակցելով նորանոր փորձառութիւններ ձեռք բերին եւ պիտի փոխանցեն զանոնք իրենց հոգածութեան յանձնուած խումբերուն։ Ապա, Վարդանեան հարթակը յանձնեց Նաթան Արք. Յովհաննիսեանին, որ առաջին հերթին հրաւիրեց ներկաները միասնաբար կատարելու Տէրունական Աղօթքը եւ այնուհետեւ փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնները, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն ու կանաչ ճանապարհ մաղթեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿին։
Օգտաշատ այս պատգամներէն ետք խօսք առաւ Ընդհ. Խմբապետ Գէորգ Օհանեան, որ իր հերթին եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բանակողներուն, իրենց կարգապահ ընթացքին համար եւ գնահատելով կարգ մը քոյր-եղբայրներու փորձառական յաջող ընթացքը յանձնեց անոնց սկսուտական աստիճաններ։ Ապա տեղի ունեցաւ բանակումի եզրափակիչ դրօշակի արարողութիւնը։ ՀՄԸՄի քայլերգին խմբերգումով դանդաղօրէն վար առնուեցան սկաուտական կապերով գեղեցկօրէն պատրաստուած կայմին վրայ ծածանող Հայաստանի եռագոյն, ՀՄԸՄի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի դրօշները։ Այնուհետեւ բանակողները յիշատակի խմբանկար մը առնելէ ետք, երբ կը պատրաստուէին բանակումի աւարտական խառոյկահանդէսին կատարուեցաւ անսպասելին։ Տեղատարափ անձրեւները հեղեղի վերածուելով անդամալուծեցին բանակավայրը։ Այսուհանդերձ բանակողները չյուսահատեցան եւ իրենց հրաժեշտի երեկոն մեծ խանդավառութեամբ կատարեցին բանակավայրի փակ սրահէն ներս, գեղեցիկ յուշեր արձանագրելով իրենց յիշողութեան մէջ։
Տխուր էր յաջորդ օրը Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021ի յետմիջօրէն, որ կ՚աւետէր հրաժեշտի պահը։ Մի քաի ժամուան մէջ, հայկական մեղուափեթակի վերածուած բնութեան գեղեցիկ այդ անկիւնը մաքրուեցաւ եւ լռութեան մատնուեցաւ։ Բանակողները հրաժեշտ տուին իրենց սիրելի բանակավայրին, խոստանալով «Ձտեսութիւն մըն է եղբայր,ք միայն ձտեսութիւն»։
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ