կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-06-29 11:07
Հասարակություն

26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտի ազատագրումը եւ Արցախեան հերոսամարտի վերջնական յաղթանակի փուլը

26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտի ազատագրումը եւ Արցախեան հերոսամարտի վերջնական յաղթանակի փուլը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Յու­նիս 28ի այս օ­րը, 24 տա­րի ա­ռաջ, Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տը թե­ւա­կո­խեց վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի իր փու­լը, երբ ­Յու­նիս 26ին Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին ձեռ­նար­կած՝ ­Մար­տա­կեր­տի ուղ­ղու­թեամբ վճռա­կան գրո­հը յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ եւ գլխա­կո­րոյս փա­խուս­տի մատ­նեց ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը։

Ե­թէ 8-9 ­Մա­յիս 1992ին ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով Ար­ցա­խեան պայ­քա­րը սկիզ­բը դրաւ Հա­յաս­տա­նի հետ ­Լա­չի­նի անց­քով ի­րո­ղա­կան վե­րա­միաց­ման իր յաղ­թար­շա­ւին, ա­պա՝ 1993ի ­Յու­նիս 26-28ին, ­Մար­տա­կեր­տի ա­զա­տագ­րու­թեամբ, հա­մազ­գա­յին մեր ա­զա­տա­մար­տը թե­ւա­կո­խեց ամ­բողջ Ար­ցա­խը ատրպէյ­ճա­նա­կան բռնագ­րա­ւու­մէն ա­զա­տագ­րե­լու ռազ­մա­կան ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի փու­լը։
2 ­Յու­նիս 1993էն սկսեալ, Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան բա­նակն ու ա­զա­տա­մար­տիկ ջո­կատ­նե­րը բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ ձեռ­նար­կե­ցին յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց, որ­պէս­զի ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու ա­մէ­նօ­րեայ սպառ­նա­լի­քէն եւ հա­կա­հայ ո­ճիր­նե­րէն ձեր­բա­զա­տեն հայ­րե­նի մեր հողն ու ժո­ղո­վուր­դը։

Յու­նիս 27ին հայ­կա­կան ու­ժե­րը վեր­ջա­պէս ջախ­ջա­խե­ցին ­Մար­տա­կեր­տի բար­ձունք­նե­րուն ամ­րա­կա­յո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի դիր­քե­րը, մարդ­կա­յին եւ նիւ­թա­կան ծանր կո­րուստ­նե­րու են­թար­կե­լով եւ ան­փա­ռու­նակ փա­խուս­տի մատ­նե­լով թշնա­մին։

Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կան­քով՝ ­Մար­տա­կեր­տը քա­ղաք է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան մա­սին մէջ։ ­Մար­տա­կեր­տի Շրջա­նի վար­չա­կան կեդ­րոնն է՝ Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն 75 քի­լո­մեթր դէ­պի հիւ­սիս, ­Թար­թառ գե­տի մի­ջին հո­սան­քին աջ կող­մը, 450 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ։ ­Մար­տա­կեր­տի կազ­մին մէջ նե­րա­ռո­ւած են ­Հայ­կա­ջուր, Ջ­րա­բերդ, ­Մա­րա­լեան ­Սա­րով եւ ­Լե­ւո­նարխ գիւ­ղե­րը։ Վար­չա­կան տա­րած­քը` 4600 հեկ­տար է։ Իսկ ա­նո­ւա­նու­մը ­Մա­տու­ռա­կեր­տի հնչիւ­նա­փո­խու­թե­նէն ա­ռա­ջա­ցած է։

Մին­չեւ 1992 (բռնա­գաղ­թը), ­Մար­տա­կեր­տը մե­ծու­թեամբ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի եր­րորդ քա­ղաքն էր (Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն եւ ­Շու­շիէն յե­տոյ), ու­նէր շուրջ 13 հա­զար բնա­կիչ (2002ին՝ 4469)։ 1988ին ­Մար­տա­կերտն ու­նէր միջ­նա­կարգ (2), գի­շե­րօ­թիկ (1), ե­րաժշ­տա­կան եօթ­նա­մեայ (1) եւ մար­զա­կան (1) դպրոց­ներ, մար­զահ­րա­պա­րակ, ման­կա­պար­տէզ (5), հի­ւան­դա­նոց, մշա­կոյ­թի տուն, շար­ժան­կա­րի սրահ, կա­պի բա­ժան­մունք, շի­նա­նիւ­թե­րու գոր­ծա­րան, իւ­ղի-պա­նի­րի, խա­ղո­ղի նախ­նա­կան վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րան­ներ եւ այլն։
1987ին ­Մար­տա­կեր­տի տնտե­սու­թիւ­նը տա­րե­կան կ­’ար­տադ­րէր շուրջ 20-25 հա­զար թոն խա­ղող, 1800 թոն կաթ, 2000 թոն հա­ցա­հա­տիկ։
Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման սկզբնա­ւո­րու­թեան, 1988ին, ­Մար­տա­կեր­տի հիմ­նարկ-ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տող­նե­րը ի­րենց կար­գին կազ­մա­կեր­պե­ցին բո­ղո­քի ցոյ­ցեր, Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միա­նա­լու պա­հան­ջով ստո­րագ­րա­հա­ւաք եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու այլ քայ­լեր։

Բա­խե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան-խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց բիրտ հա­լա­ծան­քին եւ ճնշում­նե­րուն, ­Մար­տա­կեր­տի Շր­ջա­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար, ստեղ­ծո­ւե­ցան աշ­խար­հա­զօ­րա­յին­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւն եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ե­րեք զի­նեալ ջո­կատ­ներ։
1988էն 1992, ­Մար­տա­կեր­տի եւ ­Հա­յաս­տա­նէն ե­կած ֆե­տա­յա­կան ջո­կատ­նե­րը, ո­րոնք Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մով միա­ւո­րո­ւե­ցան, ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ու­ժեղ մար­տեր մղե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան թշնա­միի գե­րակ­շիռ ու­ժե­րուն դէմ։ 1992ի ­Յու­լիս 4ին, Խ.Մ.Հ.Մ. 4րդ ­բա­նա­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ, թշնա­մին ձեռ­նար­կեց լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թեանց եւ կրցաւ գրա­ւել նաեւ ­Մար­տա­կեր­տը։
Շուրջ տա­րի մը ­Մար­տա­կեր­տը մնաց թշնա­միի ձեռ­քը, մին­չեւ որ 1993ի ­Յու­նիս 12ին, Լ.Ղ.Հ. ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Բա­նա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ի գործ դրո­ւե­ցաւ ­Մար­տա­կեր­տի եւ ամ­բողջ շրջա­նի բնա­կա­վայ­րե­րու ա­զա­տագր­ման մե­ծա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նը, որ յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ ­Յու­նի­սի 26ին, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը պար­տու­թիւն կրեց եւ սկսաւ նա­հան­ջել. ­Յու­նիս 27ին հայ­կա­կան ու­ժե­րը մտան Մար­տա­կերտ եւ ­Յու­նիս 28ին ամ­բող­ջա­պէս ա­զա­տագ­րե­ցին ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն դիրք ու­նե­ցող քա­ղա­քը։
Այս­պէս, ­Քար­վա­ճա­ռի ա­զա­տագր­ման ռազ­մա­կան յա­ջող գոր­ծո­ղու­թե­նէն ետք, երբ ջախ­ջա­խո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժի ­Լա­չին-քել­բա­ջա­րեան խմբա­ւո­րու­մը, Ար­ցա­խեան ­Բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ ­Մար­տա­կեր­տի ա­զա­տագր­ման ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մշա­կու­մին եւ նա­խա­պատ­րաս­տու­մին։ Կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ու­ժե­րու եւ մի­ջոց­նե­րու վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը։

Թշ­նա­միին ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղե­լու նպա­տա­կով ծրագ­րո­ւե­ցաւ մի քա­նի ուղ­ղութւն­նե­րով յար­ձա­կո­ղա­կան զոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կել միա­ժա­մա­նակ։ ­Մար­տա­կերտ քա­ղա­քի մօտ կեդ­րո­նա­ցո­ւե­ցան ­Մար­տա­կեր­տի, Աս­կե­րա­նի, ­Մար­տու­նիի, ­Շու­շիի ջո­կատ­նե­րէն ընտ­րո­ւած հա­րո­ւա­ծա­յին քա­նի մը ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ։ ­Մար­տա­կեր­տի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տին վրայ գոր­ծող Ար­ցա­խեան ու­ժե­րը, թշնա­միին զգա­լի կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռե­լով, Խ­րա­մորթ եւ ­Փափ­րա­ւենդ գիւ­ղե­րու մի­ջո­ցաւ գրո­հե­ցին Աղ­դամ-­Մար­տա­կերտ ճամ­բու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Հայ­կա­կան ճնշու­մը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար, Ատր­պէյ­ճան ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւի գոր­ծա­ծու­թեան դի­մեց, բայց հայ­կա­կան ու­ժե­րը կրցան մէկ օ­դա­նաւ վար առ­նել եւ բուռն կռիւ­նե­րէ ետք ա­զա­տագ­րել ­Մար­տա­կեր­տի հե­ռա­տե­սի­լի աշ­տա­րա­կին եւ «­Պուշ­կե­նեալ» բար­ձունք­նե­րը։
Դիր­քա­յին ա­ռա­ւե­լու­թեան տի­րա­նա­լով՝ Ար­ցա­խեան ու­ժե­րը կրցան թշնա­միին դուրս շպրտել ­Մար­տա­կերտ քա­ղա­քէն եւ յա­ռա­ջա­նալ Խ­րա­մորթ-­Բո­յահ­մեդ­լի–­Փափ­րա­ւենդ-­Մար­տա­կերտ-­Մա­դա­ղիս լայն ռազ­մա­ճա­կա­տով։

Թէեւ ա­ւե­լի քան 120 զոհ տո­ւաւ հայ­կա­կան կող­մը, բայց ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղե­ցաւ ջախ­ջա­խել թշնա­միին գե­րակ­շիռ ուժն ու ռազ­մա­կան դիր­քե­րը եւ ճամ­բան բա­նալ դէ­պի ամ­բողջ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը ատ­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն։

24 տա­րի­ներ ան­ցած են ­Մար­տա­կեր­տի ա­զա­տագ­րու­մէն աս­դին։ ­Թէեւ պա­տե­րազ­մին ձգած վէր­քե­րը դեռ լրիւ սպիա­ցած չեն ար­ցախ­ցի­նե­րուն հա­մար, բայց կեան­քը շա­տոնց մտած է ա­զատ ու ան­կախ զար­գաց­ման հու­նին մէջ։

Մինչ ատր­պէյ­ճա­նեան թշնա­մին կը շա­րու­նա­կէ, ա­մէ­նօ­րեայ ռազ­մա­գոռ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ զի­նեալ գրգռու­թիւն­նե­րով, Ար­ցա­խը ընկ­ճե­լու իր ան­հե­ռանկար փոր­ձե­րը, ինչ­պէս բո­լոր ար­ցախ­ցի­նե­րը, այն­պէս եւ մար­տա­կերտ­ցի­նե­րը տուն կը կա­ռու­ցեն, ըն­տա­նիք կը բազ­մաց­նեն, նո­րա­հաս սե­րուն­դը ու­սու­մով կ­’ա­պա­հո­վեն եւ եր­կիր կը շէ­նաց­նեն։

Այդ­պէ՛ս մեր պարտ­քը կը կա­տա­րենք ­Մար­տա­կեր­տի եւ ամ­բողջ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մը ի­րենց ա­րեամբ նո­ւա­ճած հա­յոց ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն՝ իր հո­ղին ու լեռ­նե­րուն ան­տե­ղի­տա­լիօ­րէն փա­րած մեր ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։

Ն.