Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մենք կ՚ըսենք, թէ մենք ե՛նք ինչ որ էինք, բայց մենք չենք ինչ որ էինք։
Կը ներկայացնենք մենք մեզ ինչ որ էինք, բայց մենք շուքն իսկ չենք ինչ որ էինք։
Կը փորձենք հաւատալ ու հաւատացնել, թէ մենք ե՛նք ինչ որ էինք, բայց կը խաբուինք ու կը խաբենք, որովհետեւ հիմա մենք չենք եւ մեր ներկայ կաղապարով չենք կրնար ըլլալ ինչ որ էինք։
Ճուզեփփէ Թոմասի Տի Լամփետուսայի (Giuseppe Tomasi di Lampedusa) «Ընձառիւծը» (Il Gattopardo) վէպի հերոսին՝ Սալինայի իշխան Տոն Ֆապրիցիօ նման, «Մենք ընձառիւծներն էինք։ Մեզի փոխարինողները պիտի ըլլան շնագայլեր, բորենիներ։ Եւ բոլորս միասին՝ ընձառիւծները, շնագայլերը եւ ոչխարները պիտի շարունակենք կարծել, թէ մենք աշխարհին աղն ենք։»
Երեք տարի առաջ ... – այո՛, երեք տարի առաջ՝
Մենք խզուեցանք մեր պատմութենէն, խորթացանք մեր արժէքներէն, խաթարեցինք մեր ինքնութիւնը։
Մեր ծարաւը յագեցնելու համար գացինք անապատ եւ սկսանք աւազը խմել որպէս ջուր։
Տեսնելու համար կուրացանք եւ խաւարը տեսանք որպէս պայծառ օր։
Պաշտելու համար մեզի պահպանող մեր մեհեանները քանդեցինք, մեր աստուածները, սպանեցինք, մեր կուռքերը տապալեցինք։
Գլխատուելու համար երկարեցինք մեր պարանոցը եւ գլխատումին մէջ տեսանք կեանքը։
Սէրը գտանք թշնամիին մէջ ու ըսինք այդ սիրով պիտի ապրինք, պաշտպանուինք, եւ պահպանուինք։
Հաւատացինք կեղծ մարգարէներուն ու համոզուեցանք որ պարտութիւնը վեհութիւն է, պարտութիւնը փրկութիւն է։
Հաւատալով այդ վեհութեան ու փրկութեան, յայտարարեցինք՝ պարտութիւնը յաղթանակ է եւ յաղթանակը պարտութիւն։
Այդ տրամաբանութեամբ, հաւատացինք մահն է կեանքը եւ ոչ հակառակը։ Հաւատացինք պիտի ապրինք մեռնելով։
Իսկ հողը, հայրե՛նի հողը, անարժէք է, աւազ է լոկ, ուրիշ ոչինչ։
Եւ այսպէս, հազարամեակներու իրականութիւնը շրջեցինք գլխիվար։
Ու հիմա կը շարունակենք ըսել՝ մենք աշխարհի աղն ենք։ Բայց մենք չենք։
Նաեւ մենք չենք ինչ որ էինք։
Սակայն պիտի ըլլա՛նք ինչ որ էինք։
Կրնա՛նք ըլլալ։ Պայմանաւ որ, կրկին վերածուինք ընձառիւծի՝ նորէն սպաներու արդէն մեռած այս կեղծ մարգարէները։
ՍԵԴՕ Պոյաճեան
Սեպտեմբեր 24, 2021